Սիւնիք-Արցախեան Կանացի Տարազներ

Սիւնիք-Արցախեան Կանացի Տարազներ, Սիւնիք-Արցախի տարածաշրջանին մէջ հայ կիներու պատմական տարազը։ Այս տարածաշրջանին մէջ գոյութիւն ունէին կանացի տարազի երկու ամբողջութիւններ, որոնք տեղական բարբառով կը կոչուէին հալավարի եւ քաղքավարի։ Առաջինը Արցախին յատուկ աւանդական տարազն էր, իսկ երկրորդը՝ Երեւանի եւ Թիֆլիսի հայ կիներու տարազի տարբերակը։

Տարազի բաղկացուցիչ մասերն էին վրայի շապիկը՝ հալաւ, զոր կը կարէին կարմիր կերպասէ, փոխանը՝ նոյնպէս կարմիր կերպասէ կարուած, եւ վերնազգեստը՝ պարեգօտ, որ կը կարուէր կանաչ դիպակէ։ Գործածական էին նաեւ կարպոյտ եւ մանուշակագոյն կերպասները։ Տարածուած էին արծաթեայ զարդերը։

Ձմեռնային տարազի բաղկացուցիչ մասն էր տաք վերարկուն՝ քուլքը։ Սիւնիք-Արցախի կանացի տարազը երկար ժամանակ պահպանեց իր գոյութիւնը շնորհիւ շրջանի մեկուսացած լեռնային դիրքին։

Գլխայարդարանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս գաւառին մէջ կանացի գլխայարդարանքը շատ բարդ էր։ Մազերը կը սանտրէին ճակատէն դէպի գագաթ՝ քունքերուն մօտ քանի մը ճար ձգելով։ Գլխուն կը կապէին ճերմակ գլխաշորը, որուն վրայ կը դնէին կոպին։ Վերջինս թաւշապատ կամ պարզ կտորով պատրաստուած շրջանակ էր՝ կոշտ միջուկով։ Ճարերու ծայրերը քանի մը անգամ կը փաթթէին կոպիի թելին։ Կոպին գլխուն վրայ հաստատ պահելու նպատակով. երկրորդ գլխաշորով մը կը գոցէին գլուխը՝ միայն ճակատամասը տեսանելի պահելով։ Կոպիի վարի եզրերուն կը կապուէր ճակատազարդ-դրամաշարը։ Բոժոժներով քունքազարդը կ՛ամրացուէր յատուկ ականջակալներուն։ Այս բոլորէն ետք, գլուխը կը ծածկէին եռանկիւնաձեւ մեծ գլխաշորով, որուն վրայ կը կախէին կեռազարդերը։

Կիներու գլխու յարդարանքին կարեւոր նշանակութիւն կը տրուէր։ Մարդիկ կը հաւատային, որ կիներու գլխու ճոխ յարդարանքը կ՛ապահովէր տան բարեկեցութիւնը։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Պատկերագիրք Հայկական Տարազներու», Համազգայինի Վահէ Սէթեան Հրատարակչութիւն, էջ 24։