Jump to content

Սթոքհոլմի Քաղաքային Թանգարան

Սթոքհոլմի Քաղաքային Թանգարան
Տեսակ քաղաքային թանգարան? եւ տեղական թանգարան?
Երկիր  Շուէտ
Տեղագրութիւն Սթոքհոլմ
Հիմնադրուած է 1937
59°19′11″N 18°04′14″E / 59.3197°N 18.0706°E / 59.3197; 18.0706
Կայքէջ stadsmuseum.stockholm.se
Քարտէս
Քարտէս

Սթոքհոլմի քաղաքային թանգարան (շուէտ.՝ Stockholms stadsmuseum), թանգարան, որ կը փաստագրէ, կը պահպանէ եւ կը ցուցադրէ Սթոքհոլմի պատմութիւնը: Կը գտնուի «Ռուսական իջեւանատան» (շուէտ.՝ Ryssgården) հրապարակին մէջ, Սլուսենի եւ Սիոտերմալմստորիի (շուէտ.՝ Södermalmstorg) հարեւանութեամբ: Կը համարուի Միջնադարու թանգարանի ժամանակագրական շարունակութիւնը: Շէնքի կառուցումը աւարտած է 1685-ին: 1930-ականներուն թանգարանը տեղափոխուած եւ բացուած է հանրութեան համար 1942-ին[1]: Թանգարանը Շուէտի ամենամեծ քաղաքային թանգարանն է: Հաւաքածոն կը ներառէ 300000 պատմական հետաքրքրութիւն ներկայացնող իրեր, 20000 արուեստի գործեր եւ 3 միլիոն լուսանկար[2]: 12 Յունուար 2015-ին Քաղաքային թանգարանը փակուած է վերանորոգման համար եւ վերաբացուած է 27 Ապրիլ 2019-ին[3]:

Թանգարանը կը կառավրուի Սթոքհոլմ քաղաքի Մշակոյթի հարցերու եւ սպորտի բաժնի կողմէ: Քաղաքային թանգարանը, Միջնադարեան Սթոքհոլմի եւ Սթոքհոլմի Ֆիւրլագ (կը հրատարակէ գիրքեր Սթոքհոլմի եւ Սթոքհոլմի պատմութեան վերաբերեալ) թանգարանները կը գործեն մէկ բաժնի ենթակայութեան ներքոյ:

Թանգարանի ստորաբաժանումներէն մէկը` Մշակութային ժառանգութեան բաժինը` «Kulturmiljöenheten», կը հանդիսանայ Սթոքհոլմի քաղաքային, մշակութային պատմական կառավարող մարմինը` կապուած քաղաքաշինական առաջարկութիւններու, շէնքերու փոխակերպման, քանդման եւ քաղաքի արտաքին տեսքի այլ փոփոխութիւններու հետ:

Շէնքի մուտքին մօտ՝ պատուանդանի վրայ, տեղադրուած է 25 սմ տրամագիծով գունդ` Փայլածուն, որ կը համարուի Շուէտի արեգակնային համակարգի մէկ մասը:

Թանգարանին մէջ մշտապէս կը գործեն Սթոքհոլմին նուիրուած շարք մը ցուցահանդէսներ, անոնցմէ միջնադարեան բնակիչներուն եւ անոնց կենցաղին նուիրուած ցուցահանդէսը, տիկնիկներու ցուցահանդէսը, 1880-1975-ականներու ճարտարապետութեան նուիրուած ցուցահանդէսը, քաղաքի ջրային աղբիւրներու մասին եւ այլ ցուցահանդէսներ: Ցուցադրութիւնները յաճախ կը փոփուին: Տեղի կ՚ունենան նաեւ թեմատիկ զբօսապտոյտներ, անոնցմէ Սթիկ Լարսսոնի «Միլլենիում» եռերգութեան հետքերով: Երեխաներու համար կը գործէ «Հրապարակ» (շուէտ.՝ Torget) խաղահրապարակը: Թանգարանին մէջ կարելի է նաեւ տոմսեր ձեռք բերել Սքուկսչիւրքոկորդէնի մէջ տեղի ունեցող խմբակային զբօսապտոյտներուն համար:

Քաղաքային զբօսանքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • ABBA զբօսանք Ապպայի հողին մէջ եւ 1970-ականներու Սթոքհոլմի մէջ: Կը սկսի քաղաքապետարանէն, ուր Պենին առաջին անգամ ելոյթ ունեցաւ, շրջագայութիւնը կը շարունակուի դէպի Sheraton Hotel՝ ABBA-ի տեսահոլովակներու ձայնագրման բազմաթիւ վայրերէն մէկը, եւ քաղաքի 70-ականներու ամենանշանակալի վայրերէն մէկը:
  • Ստինկ Լարսսոն հազարամեակի զբօսանք: Հետեւելով Մայքլ Պլոմկուիստի եւ Լիսպէտ Սալանտերի հետքերուն՝ լրացուցիչ տեղեկութիւններ կը ստանանք կերպարներու եւ հեղինակի մասին: Զբօսանքը կը սկսի Պելկանկատան 1-էն, ուր կը բնակի Մայքլ Պլոմքուիստը, այնուհետեւ կ՚անցնի «Հազարամեակի» խմբագրութիւնը, Լիսպէտ Սալանտերի շքեղ բնակարանը եւ գիրքերու ու ֆիլմերու մէջ նշուած բազմաթիւ այլ վայրեր: Ճանապարհին կարելի է աւելին իմանալ պատմական եւ ժամանակակից Սթոքհոլմի եւ անոր բնակիչներու մասին:

Թանգարանի բակին մէջ գտնուող Փայլածու մոլորակի ձեւը Շուէտի արեգակնային համակարգի մասը կը կազմէ: Այն աշխարհի արեգակնային համակարգի ամենամեծ ձեւն է: Սթոքհոլմի մէջ գնդաձեւ սպորտիական տարածք հսկայական տարածք համարուող Էրիքսոն Գլոբը կը ներկայացնէ արեւը: Սանդղակը 1:20,000,000 է եւ, համապատասխանաբար, Փայլածուն 25 սմ տրամագիծով երկրագունդէն 2.9 քմ հեռաւորութեան վրայ է: Ձեւը Շուէտի տարածքով կը շարունակուի դէպի հիւսիս: Փայլածուին ձեւը կը ջեռուցուի եւ միշտ տաք կը պահուի, ի վերջոյ, Փայլածուն Արեգակին ամենամօտ մոլորակն է:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Historiskt hus med många ansikten / Text: Claes Ellehag
  2. «Archived copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-06-28-ին։ արտագրուած է՝ 2009-10-17 
  3. «Nu har vi öppnat» (Swedish)։ Stockholm City Museum։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-06-01-ին։ արտագրուած է՝ 2019-06-01 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]