Սթոքհոլմեան Համախտանիշ
Սթոքհոլմեան Համախտանիշը գերութեան եւ չարաշահումներու հոգեբանական արձագանգի հասկացողութիւնն է:
Սթոքհոլմեան համախտանիշէ տառապող անձը դրական կապեր կը ստեղծէ զինք պատանդողներուն կամ բռնարարներուն հետ:
Փորձագէտները լիովին չեն հասկնար հակազդեցութեան այս ձեւաւորումը, բայց կը կարծեն, որ ան կրնայ ծառայել իբրեւ համակերպման մեքենականութիւն՝ այն մարդոց համար, որոնք հոգեխոցի մը (trauma) դէմ յանդիման են:
Համախտանիշը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Անձի մը մօտ Սթոքհոլմեան համախտանիշ կրնայ զարգանալ, երբ իր ֆիզիքական կամ հոգեկան առողջութեան զգալի սպառնալիքներ կ'ունենայ:
- Առեւանգուած անձը կրնայ դրական կապեր հաստատել պատանդողներու հետ, եթէ անոնց հետ յաճախ երես-երեսի գայ:
- Եթէ անձը ենթարկուած է ֆիզիքական բռնութեան զինք գերեվարողին կողմէ, ան կրնայ երախտագիտութիւն զգալ, երբ բռնութիւնը իրեն նկատմամբ կը գործադրուի մարդկայնօրէն կամ ֆիզիքապէս վնաս չի հասցներ իրեն:
- Անձը կրնայ նաեւ փորձել հանգստացնել բռնարարը` իր անվտանգութիւնն ապահովելու համար: Այս ռազմավարութիւնը կրնայ դրականօրէն ամրապնդել այն գաղափարը, որ անոնց համար աւելի լաւ կ'ըլլայ, եթէ աշխատի այդ չարաշահողին կամ գերեվարողին հետ: Ասիկա կրնայ ըլլալ Սթոքհոլմեան համախտանիշի զարգացման ետեւ քողարկուած մէկ այլ գործօն:
- Գերիներու եւ բռնութենէ փրկուածներու ճնշող մեծամասնութեան մօտ չի զարգանար Սթոքհոլմեան համախտանիշը:
- Հոգեկան առողջութեան փորձագէտները Սթոքհոլմեան համախտանիշը չեն ճանչնար իբրեւ պաշտօնական հոգեկան խանգարում: Այնուհետեւ, ան չէ նշուած Հոգեկան խանգարումներու ախտորոշիչ եւ վիճակագրական ձեռնարկի հինգերորդ հրատարակութեան մէջ (DSM-5) (Diagnostic and Statistical Manual of Mental Disorders):
Ծագում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1973-ին, ոճրաբան եւ հոգեբուժ Նիլս Պեժերոթ սկիզբը կ'որդեգրէ Սթոքհոլմեան համախտանիշ հասկացողութիւնը` բացատրելու համար Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի դրամատան կողոպուտին հետեւանքները :
23 Օգոստոս 1973-ին Եան-Էրիք Օլսոն կը փորձէ կողոպտել Նորմալմսթրոնկ դրամատունը: Կողոպուտի ընթացքին, Օլսոն պատանդ կ'առնէ դրամատան չորս աշխատակիցները` Պրիկիթա Լունտպլատ, Էլիզապէթ Օլտկրեն, Քրիսթին Էնմարք եւ Սվեն Սաֆսթրոմ[1]:
Աւելի ուշ կողոպուտին կը միանայ Օլսոնի նախկին խցակից (cellmate) Քլարք Օլոֆսոն: Երկուքը կը մնան դրամատունէն ներս` չորս պատանդներու հետ միասին: Իրավիճակը կը վերածուի ոստիկանութեան հետ վեցօրեայ դիմակայութեան:
Պատանդներու ազատ արձակումէն ետք իշխանութիւնները կը պարզեն, որ անոնք ուժեղ յոյզեր ունէին զիրենք պատանդողներու նկատմամբ:
Պատանդները կը յայտնեն, որ Օլսոն ու Օլոֆսոն իրենց հետ բարեացակամ վերաբերմունք ցուցաբերած են եւ ֆիզիքական վնաս չեն հասցուցած իրենց: Անոնք կը պաշտպանեն զիրենք պատանդողները եւ կը հրաժարին քննիչներուն վկայութիւններ տալէ: Օլսոն նոյնպէս դրական զգացումներ կը ցուցաբերէ պատանդներուն նկատմամբ[2]:
Պատճառները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շատ հետազօտողներ, հոգեբաններ եւ ոճրաբաններ լիովին չեն հասկնար Սթոքհոլմեան համախտանիշը, եւ ոմանք կը շարունակեն վիճիլ, թէ արդեօ՞ք ան իսկապէս գոյութիւն ունի:
Այնուամենայնիւ, փորձագէտները կը կարծեն, որ Սթոքհոլմեան համախտանիշը կրնայ զարգանալ, երբ.
- Գերեվարողը մարդասիրաբար կը վերաբերի իր զոհերուն հետ:
- Գերիներն ու գերեվարուածները կ'ունենան զգալի երես-երեսի փոխազդեցութիւն: Բան մը, որ կարելիութիւն կը ստեղծէ իրարու հետ կապ հաստատելու:
- Գերիները զգան, որ իրաւապահ մարմինները իրենց աշխատանքը բաւարար ձեւով չեն կատարեր:
- Գերին կը կարծէ, որ ոստիկանութիւնը եւ այլ իշխանութիւններն իրենց հոգիին խորքին մէջ չեն հետաքրքրուած իրենցմով:
Ախտանիշներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սթոքհոլմեան համախտանիշը կրնայ դրսեւորուիլ քանի մը ձեւերով.
- Երբ զոհերը կ'ընկալեն բարութիւն կամ կարեկցանք զիրենք գերեվարողին կամ բռնարարին կողմէ:
- Երբ զոհերուն մօտ դրական զգացումներ կը զարգանան զիրենք գերեվարողին կամ չարաշահող անհատներուն կամ խումբերուն նկատմամբ:
- Երբ զոհերը կ'որդեգրեն գերեվարողներուն եւ չարաշահողներուն նոյն նպատակները, աշխարհայեացքն ու գաղափարախօսութիւնը:
- Փափկանկատ կ'ըլլան զիրենք գերեվարողներուն կամ չարաշահողներուն հանդէպ:
- Կը մերժեն լքել գերեվարողները, նոյնիսկ երբ իրենց համար փախչելու կարելիութիւն կը ստեղծուի:
- Բացասական զգացումներ ունին ոստիկանութեան, ընտանիքի, ընկերներու եւ այլոց նկատմամբ, որոնք կրնան օգնել իրենց փախչելու:
- Հրաժարիլ ոստիկանական եւ պետական մարմիններուն աջակցելէ` չարաշահումներու կամ առեւանգումներու հեղինակներուն քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու գործին մէջ:
- Սթոքհոլմեան համախտանիշէ տառապող անձը ազատ արձակուելէ ետք կրնայ շարունակել դրական զգացումներ ունենալ գերեվարողին նկատմամբ: Այնուամենայնիւ, անոնք կրնան նաեւ յետադարձ հայեացքներ (Flashbacks), ընկճուածութիւն, անհանգստութիւն եւ PTSD ունենալ:
- Հակառակ անոր որ Սթոքհոլմեան համախտանիշի յստակ սահմանում չկայ, փորձագէտները զայն կը կապեն չարաշահման հետ կապուած այլ հոգեբանական երեւոյթներու հետ, ինչպիսիք են՝
- Հոգեխոցը (Trauma),
- Ծեծուած անձի համախտանիշը (Battered person syndrome):
2018-ին, վստահելի աղբիւրի մը ուսումնասիրութեան ընթացքին, գիտնականները փորձած են կապ հաստատել Սթոքհոլմեան համախտանիշի եւ սեռական չարաշահումի միջեւ: Գիտնականները վերանայած են Հնդկաստանի մէջ բնակող իգական սեռի աշխատողներու անձնական հաշիւներուն: Ուսումնասիրութեան մէջ ներառուած պատմուածքները կը նկարագրեն քանի մը պայմաններ, որոնք առնչութիւն ունին Սթոքհոլմեան համախտանիշին հետ:
Անոնցմէ են.
- Ֆիզիքական եւ հոգեբանական գոյատեւման սպառնալիքներ,
- Չարաշահողին կողմէ յաճախակի ընկալուած բարութիւն,
- Մեկուսացում արտաքին աշխարհէն,
- Փախչելու ապիկարութիւն:
Ըստ ուսումնասիրութեան հեղինակներուն, կիներէն ոմանք յայտնած են, որ ժամանակին յոյս ունէին ընտանիք կազմելու զիրենք չարաշահողներուն հետ[3]:
2020-ին, ուսումնասիրութեան մը ընթացքին գիտնականներ կը գտնեն ապացոյցներ, որոնք կ'ենթադրեն, թէ ընտանեկան բռնութեան զոհերը կրնան նաեւ ունենալ Սթոքհոլմեան համախտանիշ:
Օրինակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մինչ Սթոքհոլմեան համախտանիշը իր անունը ստացած է 1973-ին, Շուէտի դրամատան տխրահռչակ կողոպուտէն, նման իրադարձութիւններ եղած են մինչ այդ եւ ատկէ ետք:
Մարի Մաքելրոյ (1933)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Նորմալմսթրոնկ» դրամատան կողոպուտէն չորս տասնամեակ առաջ, չորս տղամարդ առեւանգած են Մարի Մաքելրոյը: Առեւանգողները զայն ազատ արձակած են իրենց պահանջած 30 հազար տոլարի փրկագինը ստանալէն ետք:
Հակառակ որ Մարի Մաքելրոյը համաձայնած էր, որ զինք գերերվարողները պէտք է պատժուին, սակայն ան համակրանք ունէր անոնց հանդէպ եւ նոյնիսկ բանտին մէջ կ'այցելէր անոնց:
Փաթի Հըրսթ (1974)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սթոքհոլմի դէպքէն կարճ ժամանակ անց ձախակողմեան զինեալ խմբաւորման անդամներ, որոնք Սիմպիոնեան ազատագրական բանակի միաւորուած դաշնային ուժեր (SLA) (the United Federated Forces of the Symbionese Liberation Army) կը կոչուէին, առեւանգած էին 19-ամեայ Փաթի Հըրսթը` Քալիֆորնիոյ Պերքլի քաղաքի իր բնակարանէն:
Առեւանգումէն 12 օր անց Հըրսթ SLA-ի անդամներու հետ միասին ներգրաւուած էր դրամատան կողոպուտին մէջ: Ըստ Հըրսթի, SLA-ն իր ուղեղը լուացած էր եւ ստիպած էր միանալ անոնց:
Հետախուզութիւններու դաշնային պիւրոն կը ձերբակալէ Հըրսթը 18 Սեպտեմբեր 1975-ին, անոր առեւանգումէն 18 ամիս անց: Հըրսթ կը ստանայ 7 տարուան ազատազրկում: 1979-ին նախագահ Ճիմի Քարթըր կը մեղմացնէ անոր պատիժը, եւ ան ի վերջոյ ներում կը ստանայ:
Նաթաշա Քամփուշ (1998)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1998-ին Ուոլֆկանկ Փրիքլոպիլը կ'առեւանգէ 10-ամեայ Նաթաշա Քամփուշը եւ կը մեկուսացնէ զայն նկուղի մը մէջ աւելի քան 8 տարի: Փրիքլոպիլը կը ծեծէ զայն եւ կը սպառնայ անոր կեանքին, միաժամանակ նուէրներ կը գնէ անոր համար, կը կերակրէ ու կը լոգցնէ զայն:
Քամփուշ կու լայ, երբ կը լսէ, որ Փրիքլոպիլ անձնասպան եղած է:
Քամփուշ կը փորձէ բացատրել Փրիքլոպիլի հետ իր յարաբերութիւնները զրուցակիցներուն, սակայն անոնք կը պնդեն, որ ան Սթոքհոլմեան համախտանիշ ունի: «Տը Կարտիըն» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Քամփուշ կ'ըսէ. «Ես շատ բնական կը նկատեմ, որ համակերպիք ձեզ առեւանգողին հետ նոյնանալուն… յատկապէս եթէ այդ մարդուն հետ շատ ժամանակ կ'անցընէք»:
Դարմանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սթոքհոլմեան համախտանիշը չճանչցուած հոգեբանական խանգարում է եւ չունի օրինաչափական սահմանում: Արդ, անոր բուժման պաշտօնական յանձնարարութիւններ չկան:
Այնուամենայնիւ, հոգեկան բուժումը եւ դեղորայքը կրնան օգնել թեթեւցնելու հոգեխոցերու վերականգնման հետ կապուած խնդիրները, ինչպիսիք են՝ ընկճուածութիւնը (depression), անձկութիւնը (anxiety) եւ PTSD-ն:
Մարդիկ կրնան տեսակցիլ վկայեալ հոգեբաններու եւ հոգեբոյժներու հետ: Հոգեբոյժը կրնայ տալ դեղեր, որոնք կրնան օգնել մեղմելու տրամադրութեան խանգարման ախտանիշերը:
Հոգեբաններն ու հոգեկան առողջութեան վկայեալ խորհրդատուները կրնան օգնել մարդոց՝ մշակելու ռազմավարութիւններ եւ գործելաձեւեր, որոնք կ'օգտագործուին, երբ անոնք կը փորձեն հասկնալ եւ բարելաւել իրենց ընթացքը[4]:
Ամփոփում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սթոքհոլմեան համախտանիշը հազուադէպ հոգեբանական հակազդեցութիւն է գերութեան եւ, որոշ պարագաներու, չարաշահման նկատմամբ: Շատերու համար աւելի իրապաշտական կրնայ թուիլ վախի, սարսափի եւ բարկութեան զգացումը գերեվարողին կամ բռնարարին նկատմամբ:
Այնուամենայնիւ, ծայրայեղ իրավիճակներու մէջ (օրինակ` առեւանգման) անձի մը մօտ կրնայ դրական զգացումներ զարգանալ գերեվարողին նկատմամբ` իբրեւ յաղթահարման մեքենականութիւն, երբ կը զգայ, որ իր ֆիզիքական եւ մտային բարեկեցութիւնը վտանգուած է:
Թէեւ փորձագէտները պաշտօնապէս չեն ճանչնար Սթոքհոլմեան համախտանիշը` իբրեւ հոգեկան խանգարում, սակայն այն մարդիկ, որոնք ենթարկուած են բռնութեան կամ առեւանգման, կրնան զգալ այդ մէկը:
Ճշգրիտ բուժումը կրնայ օգնել մարդուն` վերականգնելու եւ զայն յառաջ մղելու: