Jump to content

Սթամաթա Ռեվիթի

Սթամաթա Ռեվիթի
Σταμάτα Ρεβίθη
Ծնած է 1896
Ծննդավայր Սիրոս, Յունաստան
Մահացած է հաւանաբար 1896
Քաղաքացիութիւն  Յունաստան
Ազգութիւն յոյն
Մասնագիտութիւն մարաթոնիոս վազող
դասական մարզանքի մարզուհի
1896, Աթէնքի Ողիմպիական խաղեր - Սբիրոս Լուիս Քալիմարմարօ կը հասնի մարաթոնիոսի վազքը բոլորած (17 մասնակցողներէն միայն 9 յաջողեցան եւ մարաթոնիոսին վազքը վերջացուցին), մէկ օր առաջ Ռեվիթիին մարաթոնիոսէն։

Սթամաթա Ռեվիթի, (յուն․՝ Σταμάτα Ρεβίθη)․1866, Սիրոս - 1896-էն ետք․ ազգութեամբ յոյն կին, որ 1896-ի Ողիմպիական Խաղերուն ընթացքին 40 քլ․ մարաթոնի վազքը վազեց։ Մարզախաղերէն կիները բացառուած էին (առաջին անգամ կիներ մասնակցեցան 1900Ողիմպիական խաղերուն, Փարիզ), սակայն ան կը մասնակցի շնորհիւ իր հաստատամտութեան։

Ան մարաթոնիոս կը վազէ պաշտօնական մրցումէն մէկ օր ետք․ կ՛ամբողջացնէ վազքը 5 ժամ եւ 30՛-էն եւ վկաներ կ՛ապահովէ որոնք արձանագրած են անոր վազքին տեւողութեան ժամը, ինչպէս նաեւ անոր մուտքը Քալիմարմարօ (կամ Բանաթինայիքօ Սթադիօ)։ Ան մտադիր էր այդ արձանագրութիւնները յանձնել Յունաստանի Ողիմպիական Կոմիտէին յոյսով թէ իր իրագործումը պիտի ճանչցուի, սակայն աղբիւրները չեն լուսաբաներ եթէ այդպէս ըրած է։ Մարաթոնիոսէն ետք, իր կեանքին մասին տուեալներ չկան։

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, 1896-ի մարաթոնին երկրորդ կին մըն ալ Մելբոմենի անունով վազած է։ Սակայն պատմաբաններ տարակարծիք են այդ հաւանականութեան թէ Ռեվիթի եւ Մելբոմենի նոյն անձը ըլլան։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սթամաթա Ռեվիթի ծնած է Սիրոս 1866-ին։ 1896-ի աղբիւրներ կը նշեն թէ ին ծնունդէն 30 տարի ետք ան ԲԻրէա կ՛ապրէր, աղքատութեան մէջ։ Երկու զաւակ ունեցած է․ մանչ մը որ 1895-ին, 7 տարեկան հասակին կը մահանայ եւ երկրորդ երեխան որ 17 ամսու եղած էր Ողիմպիական Խաղերուն ընթացքին։ Ամուսինի մասին որեւէ արձանագրութիւն չկայ։ Ըստ Աթանասիոս Թարասուլէասի, Ողիմպիական Խաղերու պատմաբանին, Սթամաթա Ռեվիթի եղած է խարտիշահեր, նիհարակազմ, խոշոր աչքերով եւ իր տարիքէն աւելի մեծ կ՛երեւէր։

Ռեվիթի կը հաւատար թէ Աթէնք կրնար աշխատանք գտնել։ Այս հաւատքով, Ողիմպիականի մարաթոնիոսէն (40 քլ․ յատուկ ուղեգիծ) առաջ, տունէն մինչեւ մայրաքաղաք կը քալէ. 9 քլ․ հեռաւորութիւն մը։ Ճամբան կտրելու ընթացքին մարաթոնիոս վազողի մը կը հանդիպի։ Ան իրեն կու տայ գումար մը եւ կը խրատէ մարաթոնիոսին մաս առնէ, որպէսզի համբաւ ստանայ ու ատոր որպէս հետեւանք դրամ շահի եւ աւելի դիւրին աշխատանք գտնէ։ Ռեվիթի կը հաւանի, քանի արդէն փոքր տարիքէն վարժ էր մեծ հեռաւորութիւններ կտրելու եւ նաեւ կը հաւատար թէ տղամարդ վազողներուն կրնայ յաղթել։

1896-ի մարաթոնիոս

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռեվիթի մեկնակէտին վայրը կը հասնի Հինգշաբթի 9 Ապրիլին (հին տօմարով 28 Մարտ)։ Մարաթոնաս փոքր գիւղին քաղաքապետը զայն ջերմօրէն կ՛ընդունի եւ իր տունը կը հիւրասիրէ։ Մարզուհին լրագրողներուն հետաքրքրութիւնը կը գրաւէ ու անոնց հարցումներուն կը պատասխանէ։ Սակայն մարզիկ մը հեգնանքով խօսքը անոր կ՛ուղղէ ըսելով թէ երբ Քալիմարմարօ պիտի հասնի, մարզադաշտը ժողովուրդէ ամյացած պիտի ըլլայ։ Ռեվիթի կը պատասխանէ թէ պէտք չէ այդպէս խօսի, երբ արդէն մարզիկները պարտուած են ամերիկացի մարզիկներէն։

Մրցումը չսկսած, հոգեւոր հայրը՝ Իոանիս Վելիոթիս, Այիոս Իոանիս եկեղեցուոյ մէջ մարզիկներուն օրհնութիւնը յանձն առած էր, սակայն ան կը մերժէ Ռեվիթիին օրհնել, քանի ան պաշտօնապէս ճանչցուած մարզուհի չէր։ Վերջապէս կազմակերպիչ կոմիտէն ալ իր մասնակցութիւնը կը մերժէ, պատրուակով թէ դիմունմերուն ժամկէտը վերջացած էր։ Սակայն, ըստ David Martin եւ Roger Gynn պատմաբաններուն, մարաթոնիոսին մասնակցելու մերժումին իսկական պատճառը անոր իգական սեռին պատկանիլն էր։

Ռեվիթի մինակը կը սկսի մարաթոնիոսի վազքը, Շաբաթ 10 Ապրիլին առտուան ժամը 8։00-ին։ Վազքը չսկսած, Մարաթոնասի դպրոցի ուսուցիչէն, գիւղապետէն եւ ատենակալէն կ՛ապահովագրէ հաստատագիր մը, ուր արձանագրուած էր Մարաթոնասէն մեկնումին ժամը։ Մարաթոնասի վազքը կը կատարէ եւ կը հասնի Բարաբիղմաթա (այսօրուան Էվակելիսմոս հիւանդանոցին վայրը, Հիլթոն պանդոկին կից) կէսօրուան ժամը 13։30-ին (5½ ժամէն)։ Կարգ մը պատասխանատուներ անոր Քալիմարմարօ մուտքը կ՛արգիլեն։ Ռեվիթի սկայն կը յաջողի ու անոնցմէ տեղեկայղում մը կ՛ապահովէ որով կը հաստատուի անոր Աթէնք հասնելուն ժամը։ Յայտնի չէ սակայն եթէ ան այդ փաստաթուղթերը Յունաստանի Ողիմպիական Կոմիտէին երբեք յանձնած ըլլայ։

Ողիմպիականի մարաթոնիոսէն ետք, Ռեվիթիին կեանքին մասին որեւէ տեղեկութիւն չկայ։ Միայն կարգ մը օրաթերթեր անոր կեանքին մասին յօդուածներ հրատարակեցին, սական Ողիմպիական խաղերէն ետք անոր կեանքին մասին որեւէ նշում չեն ըրած։ Իչպէս Թարասուլէաս կը նշէ․-«Սթամաթա Ռեվիթի կորսուեցաւ պատմութեան փոշիին մէջ»։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]