Սաֆրան

Սաֆրանը, որ կը կոչուի նաեւ`«Կարմիր ոսկի», որովհետեւ ամէնէն սուղ համեմն է: Կը ստացուի քրքումի ծաղիկի առէջներէն (Crocus sativus):

Մէկ կրամ սաֆրան ստանալու համար պէտք է հաւաքել 150 ծաղիկ, եւ այդ մէկ կրամ համեմը կ'արժէ մօտաւորապէս 12 տոլար (2014-ին իրանական Սաֆրանի մէկ քիլոկրամը միջազգային շուկային մէջ կ'արժէր երկու հազար ամերիկեան տոլար)։ Պատճառը համեմունքի արդիւնահանման ժամանակ աշխատանքի դժուարութիւնն է։

Անիկա առաջին անգամ մշակուած է Միջին Արեւելքի մէջ, 35 դար առաջ: Այս համեմը կը գործածուի համ կամ դեղին գոյն տալու ուտելիքներուն[1]:

Սաֆրանի ամէնէն մեծ արդիւնահանողը կը համարուի Իրանը: Հոն կ'արտադրուի սաֆրանի 90 տոկոսը։ Իրանի մէջ կ'աճի լաւագոյն քրքումը։ Այս բոյսը շատ քիչ ջուրի կարիք ունի։ Այսօր քրքում կ'աճի գլխաւորաբար Իրանի արեւելեան եւ հիւսիս արեւելեան շրջաններուն մէջ։ Իսկ երկիրին հարաւային Խորասան նահանգը կը համարուի քրքումի աճեցման բնօրրանը։

Տարածուած կարծիք կայ, որ սաֆրանի բոյսը յայտնաբերած ու սկսած են աճեցնել իրանցիները։ Ք.Ա. 549-728 թուականներուն, Մարերու ժամանակաշրջանին, սաֆրանը աճած է Իրանի Համատան նահանգի Ալվանտ լերան ստորոտին եւ Քերմանշահի մէջ։ Սակայն հետագային անիկա սկսած են աճեցնել նաեւ Իրանի այլ քաղաքներու մէջ։ Իսկ աւելի ուշ սաֆրանը սկսած է արտահանուիլ այլ երկիրներու մէջ եւ մեծ համբաւ ձեռք բերած։ Պատմաբաններու կարծիքով, Իրանի դէմ Ալեքսանդր Մակեդոնացիի յարձակման ատեն սաֆրանին ծանօթացած են յոյներն ու հռոմէացիները։ Արդէն աւելի ուշ, հին յոյներն ու հին հռոմէացիները կը պատրաստէին սաֆրանի ջուր, որմով կը սրսկէին սենեակները, սրահները եւ իրենց հագուստները։ Սաֆրանի առէջները կը ցանէին անկողինին վրայ, եւ կ'աւելցնէին լոգանքի ջուրի մէջ։ Նման լոգանքներ կը սիրէր ընդունիլ Քլէոփաթրան։

Սաֆրանը Չինաստան կը հասնի Մետաքսի ճամբով։ Հնագոյն չինական բուսական գիրքերէն մէկուն մէջ կ'ըսուի. «Սաֆրանի աճեցման ամէնէն նշանաւոր վայրը Քաշմիրն է, ուր զայն կ'աճեցնեն իբրեւ նուիրաբերութիւն Պուտտային»։

Կիրարկութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Սաֆրանը ունի հակաքաղցկեղային ազդեցութիւն։
  • Կը կանխէ Ալզհայմըրի եւ Փարքինսընի հիւանդութիւնները։
  • Կ'օգտագործուի ստամոքսի խանգարման եւ դեղնախտի բուժման ատեն:
  • Ունի հանգստացնող ու քնաբեր յատկութիւն:
  • Հարուստ է B1, B2, B6 եւ C կենսանիւթերով:
  • Ամիսը 5 կրամէն աւելի սաֆրանի օգտագործումը կրնայ վնասակար ազդեցութիւն ունենալ:
  • Իրանի մէջ սաֆրանը կ'օգտագործեն բոլոր ճաշատեսակներու մէջ։ Իրանի մէջ կարելի է հանդիպիլ սաֆրանով պաղպաղակի, սաֆրանով անուշեղէններու եւ այլն։
  • Սաֆրանին բնական ներկանիւթ ըլլալու յատկութիւնը օգտագործուած է գեղագրութեան, գորգագործութեան, գիրքերու դասաւորման, ինչպէս նաեւ Քուրանի ու տարբեր աղօթագիրքերու նկարազարդման մէջ։
  • Միջին Արեւելքի, ԱՄՆ-ի եւ հարաւային Եւրոպայի մէջ սաֆրանը լայնօրէն կ'օգտագործուի բրինձէ պատրաստուած ճաշատեսակներու մէջ։
  • Սաֆրանը իբրեւ համեմունք կ'աւելնայ ապուրներու մէջ:
  • Սաֆրանով կը համեմեն միսը, ձուկը եւ ծաղկակաղամբը:
  • Սաֆրանի երկու հատիկը կրնայ նարնջագոյն ներկել 3 լիթր ջուրը։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]