Ալզայմըրի Հիւանդութիւն
Ալզայմըրի Հիւանդութիւն | |
---|---|
| |
ՀՄԴ-9 | 331.0, 290.1 |
ՀՄԴ-10 | G30, F00 |
OMIM | 104300 |
MedlinePlus | 000760 |
eMedicine | 13 |
MeSHID | D000544 |
Disease Ontology | 490 |
Ալզայմըր հիւանդութիւնը տարեցներու մօտ պատահած մոռացկոտութիւնն է։ Ան ծերութեան մէջ պատահած ընդհանուր մոռացկոտութեան մէկ տարբերակն է։ Ալզայմըր հիւանդութիւնը կը յատկանշուի ուղեղի հիւսուածքներուն մէջ beta ameloid բնասպիտ պարունակող ուղեղային կոյտերու յառաջացումով եւ այլ տեսակ բնասպիտներէ կազմուած թելերու հանգոյցներով։ Այս բնասպիտներու կուտակումը ուղեղին մէջ բնական երեւոյթ է տարեցութեան պատճառով, սակայն անոնց բնականէն աւելի կուտակումը կը յառաջացնէ Ալզայմըր հիւանդութիւնը։ Այս կոյտերու եւ հանգոյցներու անբնական գոյութիւնը արգելք կը հանդիսանայ ներուղեղային հաղորդակցութեան, ուստի բջիջներուն միջեւ կապերը կը խախտին, եւ այդ պատճառով, ենթական կ'ունենայ մոռացկոտութիւն, որուն հետեւանքով ալ՝ գործելու անկարողութիւն։
Յաւելեալ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ալզայմըր հիւանդութիւնը տղամարդոց մօտ աւելի տեսնուած հիւանդութիւն մըն է, քան կիներու մօտ, որովհետեւ կիները աւելի երկարակեաց են եւ դաշտանադադարով անոնք կը կորսնցնեն որոշ քանակութեամբ «էսթրօժէն» ներազդակը, որ կը կարծուի, թէ կը պաշտպանէ կիները Ալզայմըր հիւանդութենէն։ Տեսնուած է, որ կարգ մը տարեցներ որոշ պատճառներով աւելի հակամէտ են ունենալու Ալզայմըր հիւանդութիւնը. այս պատճառներէն կարելի է յիշել գանկային եւ ուղեղային հարուած-վնասումը, արեան գերճնշումը, ուղեղային կաթուածը, տկար եւ յոռի սննդականոնը, ինչպէս նաեւ արեան քոլեսթէրոլի բարձրացումը։
Ախտանշան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ալզայմըր հիւանդութեան հիմնական ախտանշանն է՝ չափազանց մոռացկոտութիւնը՝ մանաւանդ մօտաւոր անցեալի հարցերուն։ Անոր կ'ուղեկցին նաեւ այլ ախտանշաններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ շարունակական եւ կրկնովի հարցումներու տեղատարափ, անխախտելի համոզումներ եւ գաղափարներ, սխալ եւ անտեղի զգացողութիւններ, ինչպէս՝ անհաճոյ եւ անբնական հոտարութիւն, ինչպէս նաեւ կենցաղային որոշ փոփոխութիւններ։
Ալզայմըր հիւանդութեան ախտաճանաչումը դիւրին է, որովհետեւ ան բացայայտ երեւոյթ մըն է։ Ներկայացող հիւանդը պիտի ըլլայ տարեց անձ մը, որ մոռացկոտութենէ կը գանգատի. յաճախ հիւանդը չէ, որ կը գանգատի, այլ իր շրջապատը գտնուողներն են, որոնք կը գանգատին իր չափազանց մոռացկոտութենէն եւ անոր ուղեկցող այլ ախտանշաններէն։ Ալզայմըր հիւանդութեան մասնագիտական հաստատութիւններու մէջ, բժշկական արդիական յատուկ միջոցառումներով, օրինակ՝ Advanced positron emission tomography scan-ով, կարելի է յայտնաբերել ուղեղային beta ameloid կոյտերը։
Ալզայմըր հիւանդութիւնը ներկայիս վերջնական ու հիմնական դարման չունի. սակայն որոշ դեղեր, մասամբ մը կ'օգնեն եւ կը բարելաւեն հիւանդին մոռացկոտութիւնը։ Բժշկական մեծ կեդրոններու մէջ հսկայական աշխատանք կը տարուի այս հիւանդութեան դարմանամիջոցներ գտնելու ծիրէն ներս։ Այս աշխատանքներէն կարելի է յիշել հետեւեալները.
- Գիտնականներ կը փորձեն գտնել պատուաստ մը beta ameloid բնասպիտ կոյտերուն դէմ։
- Կարգ մը բժշկական կեդրոններու մէջ «էսթրօժէն» ներազդակը կը կիրարկուի իբրեւ փորձառական միջոցառում.
- Ցողունային բջիջներու (stem cell) օգտագործումը՝ իբրեւ դարմանամիջոց.
- Ameloid-ի դէմ պայքարող նոր դեղերու պրպտում.
Փաստուած է որ իմացականօրէն աշխոյժ տարեցներ աւելի նուազ հաւանականութիւն ունին զարգացնելու այս հիւանդութիւնը. հետեւաբար, որպէսզի ուղեղը աշխոյժ, արթուն եւ արտադրող մնայ, տարեցները ուշադրութիւն պէտք է դարձնեն հետեւեալ թելադրութիւններուն.
- Ունենալ տարիքի համապատասխան առողջ սիրտ եւ գործունէութիւն, որ կ'իրականանայ հետեւեալ միջոցառումներով՝
- Ծխախոտ չգործածելով.
- Չգիրնալով, իսկ գէրերու պարագային՝ նիհարնալով.
- Ունենալով բնական արեան ճնշում, քոլեսթէրոլ, դրիկլիսէրայտ.
- Հետեւելով առողջ սննդականոնի. ուտելով առատ պտուղ, կանաչեղէն եւ առողջապահական սննդանիւթեր՝ հարուստ բնաթելերով եւ «օմէկա 3»ով.
- Քիչ ճարպային կերակուրներ սպառելով.
- Հետեւելով ամէնօրեայ մարզանքի.
- Զբօսնելով մաքուր միջավայրի մէջ.
- Լաւ եւ բաւարար քնանալ.
- Ունենալ ընկերային կեանք եւ ժամանց.
- Կատարել միտքի մարզանք՝ կարդալ, գրել, եւ նոր լեզու սորվիլ.
- Ներկայ գտնուիլ զանազան տեսակի մշակութային ձեռնարկներու.
- Այցելել թանգարաններ եւ հանրային պարտէզներ.
Տե'ս Նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ականջ
- Փայծաղ
- Ականջային Արիւնահոսութիւն
- Գլխապտոյտ
- Մանկական Անդամալուծութիւն
- Ողնայարի Կողմնածռութիւն
- Ջղային Անախորժակութիւն
- Տանկի Տենդ
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 18 Սեպտեմբեր 2009:
- Բժիշկին Բ․ Խօսքը, բժիշկ Կարպիս Հարոյեան, էջ 164-165։
|