Սարգիս Ճեվահիրճեան
Սարգիս Ճեվահիրճեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 11 Դեկտեմբեր 1898 |
Ծննդավայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 27 Մարտ 1981 (82 տարեկանին) |
Սարգիս Ճեվահիրճեան ծնած է Կ. Պոլիս,11 Դեկտեմբեր 1898-ին:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախակրթութիւնը կը ստանայ Գում Գաբուի Մայր եկեղեցւոյ Ազգային վարժարանին մէջ: Երկրորդական ուսման համար՝ 1911-1916 թուականներուն կը հետեւի Յովհաննէս Հինդլեանի եւ Գալուստ Մալաթեանի Նոր Դպրոցի դասընթացքներուն, ուրկէ շրջանաւարտ՝ մուտք կը գործէ Օսմանեան Հանրօգուտ Շինութեանց Նախարարութեան երկրաչափային վարժարանը, ուր տարի մը ուսանելէ յետոյ կը մեկնի Պէյրութ եւ 1918-1919 կրթական տարեշրջանին կը հետեւի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի դասընթացքներուն: Ապա կ'անցնի Լոզան եւ 1920 թուականէն սկսեալ, համալսարանական իր ուսումը կը շարունակէ Դաշնակցային Փոլիթեքնիք դպրոցին մէջ, ուրկէ ճարտարապետութեան իր վկայականը կը ստանայ 1924-ին:1924-1930, Աթէնքի մէջ, Ս. Ճեվահիրճեան կը պաշտօնավարէ Յունաստանի Հանրօգուտ Շինութեանց նախարարութեան մ էջ: Ապա՝ կ'անցնի Լօզան, ուր շրջան մը տարբեր ընկերութեանց մէջ պատասխանատու պաշտօններ վարելէ ետք, 1943-ին կը հիմնէ «Ս. Ճեվահիր» ճարտարապետական իր սեփական ընկերութիւնը, որուն տնօրէնութիւնը կը վարէ մինչեւ իր մահը:
Ս.Ճեվահիրճեանի ճարտարապետական վաստակին կը պատկանին քսանէ աւելի իրագործումներ եւ կառոյցներ, ինչպէս՝ Արեւելեան Մակեդոնիայի Սթրումա գետին ընթացքին կանոնաւորումը, Հարաւային Պելոպոնէսոսի Թրինաս դաշտագետինի ճահիճներուն չորացումը, Քիոսի Վրոնտատ գիւղաքաղաքին ջրաբաշխութիւնը, Վալէ Քանթոնի մէջ (Զուիցերիա) Սէն Պարթելեմէի հեղեղատին վրայ մեծ թումբին շինութիւնը, Լօզանի քաղաքապետութեան Լա Սալայի դպրոցական համալիրին կառոյցը, Ժընեւի հրշէջներու զօրանոցը, կրկին Լօզանի մէջ՝ «Ռեժինա» հիւրանոցին եւ Պել Էր թատրոնի կառոյցները, Սէն Լեժիէի (ժիւրա Պերնուա) հիւանդանոցի եւ մարզաւանին թրիպիւնի շինութիւնները, եւ այլն:
Ճարտարապետական-շինարարական իր բազմազբաղ առօրեային մէջ, Ս. Ճեվահիրճեան քառասուն տարի (1940-1980) հետեւողականօրէն կ'ուսումնասիրէ հայ ճարտարապետութեան պատմութիւնն ու հայկական ճարտարապետութեան առանձնայատկութիւնները: Երեսունէ աւելի իր ուսումնասիրութիւններն ու սերտողութիւնները լոյս կը տեսնեն «Բազմավէպ»ի (Վենետիկ), «Գեղունի»ի (Վենետիկ), «Անի»ի (Պէյրութ), «Շիրակ»ի (Պէյրութ), «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի, Revue Pro Arte»ի (Ժընեւ) էջերուն մէջ, դեռ չհաշուած այն բազմաթիւ յօդուածները, որոնք կը հրատարակուին Բալուեանի «Զուարթնոց»ին, «Յառաջ-Միտք եւ Արուեստ» (Փարիզ) եւ այլ թերթերու մէջ:
Ս. Ճեվահիրճեանի գրիչին պատկանող ուսումնասիրութիւններէն առանձնապէս ուշագրաւ են «Հայկական կամարը գոթական ոճին մէջ» («Բազմավէպ», 1940, թիւ 1-12, 1941, թիւ 1-12), «Սիւնազարդ ծածկոցի դրութիւնը եւ կամարակապ զարդասիւները հայկ. ճարտարապետութեան մէջ» («Բազմավէպ», 1942, թիւ 1-12, 1943, թիւ 1-6), «Հայկական ճարտարապետութեան մէջ ներդաշնակութեան կանոններու պրպտումի փորձեր» («Բազմավէպ», 1947, թիւ 5-10, 1948, թիւ 1-2, 7-10), «Հայկական ռազմաճարտարապետութիւնը» («Բազմավէպ», 1949, թիւ 1-4, 1950, թիւ 3-4, 7-8), «Հայկական ճարտարապետներ Օսմանեան կայսրութեան մէջ» («Շիրակ», 1968, թիւ 6-7), «Հովիւի եկեղեցին» («Բազմավէպ»,1978, թիւ 3-4), եւ այլն:
Ս. Ճեվահիրճեան կը մահանայ 27 Մարտ 1981-ին:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս,Պէյրութ 1981,Էջ 354-355։