Սառոյցէ Եւ Ձիւնէ Արձաններ

Ձիւնէ կամ սառոյցէ արձանները «վաղանցուկ» արուեստի գործեր են, սակայն այս արուեստը ուրիշ արուեստներէ կը տարբերի, որովհետեւ ամէն մարդ կրնայ այս քանդակագործութեան աշխատանքին լծուիլ[1]:

Ընթացք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամանակի ընթացքին եւ տաքութեան ազդեցութեան տակ այս արուեստի գործերը կը հալին եւ կ'անհետանան. քանի մը ժամէն կամ քանի մը շաբաթէն: Այս ձեւով է, որ անոնք կը տարբերին փայտէ կամ այլ նիւթերէ քանդակուած արձաններէն:

Որքան արձան մը մեծ ըլլայ, անիկա շատ աւելի մեծ թիւով մարդոց կը կարօտի զայն քանդակելու համար. շատ արագ, ձիւնը հալելէն առաջ:

Սառոյցի մեծ կոյտերու վրայ քանդակելու համար արուեստագէտները պէտք ունին մեծ կոյտ մը ձեան, երեւակայութեան, լաւ գործիքներու՝ փայտէ կտրելիք մեքենայի, սառոյցը քանդակելու յատուկ մկրատի եւ այլն:

Ձիւնէ կամ սառոյցէ արձաններու փառատօն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճափոնի մէջ, ամէն տարի, տեղի կ'ունենայ ամբողջովին ձիւնէ կամ սառոյցէ արձաններու յատկացուած մեծ փառատօն մը: Փետրուար ամսուն Սափփորօ քաղաքը կը ծածկուի սառոյցէ եւ ձիւնէ քանդակներով, Սափփորօ Եուքի Մաթցուրիի «ձիւնի փառատօնին» ընթացքին: Այս մեծ տօնը ծնած է 1950-ին, երբ երկու ուսանող, քաղաքին հանրային պարտէզներէն մէկուն մէջ քանի մը ձիւնէ արձաններ շինած են:

Սառոյցներով եւ լոյսի խաղերով զարդարուած նման փառատօներ տեղի կ'ունենան նաեւ աշխարհի բազմաթիւ վայրերու մէջ: Անոնցմէ ամէնէն հռչակաւորներէն է նաեւ Չինաստանի Հարալին քաղաքի ձիւնէ եւ սառոյցէ քանդակներու փառատօնը:

Պարց եղբայրներուն աւանդութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միացեալ Նահանգներու Մինըութայի շրջանէն երեք եղբայրներ` Օսթըն, Քոննըր, եւ Թրեւըր Պարց, սովորութիւն դարձուցած են ամէն տարի հսկայ ձիւնէ արձան մը շինելու իրենց ծնողքին տան առջեւ[2]:

Դէպի Ֆլորիտա ճամբորդութենէ մը ետք, ուր անոնք ծանօթացած են տարբեր տեսակի ձուկերուն, կ'որոշեն ձուկի ձիւնէ արձան մը շինել: Այս ձեւով է, որ 2010-ին կը ծնի հաճելի սովորութիւն մը: Երեք եղբայրները կ'որոշեն միշտ ներշնչուիլ ծովային անասուններու աշխարհէն:

Յունուար 2014-ին 95 ժամ աշխատանքէ ետք, անոնց տան առջեւ կը ծնի աւելի քան 3 մեթր մեծութեամբ ճերմակ շնաձուկ մը: 2016-ին, 21 տարեկան Օսթըն, 20 տարեկան Թրեւըր եւ 17 տարեկան Քոննըր, մօտաւորապէս 400 ժամ աշխատանքէ ետք, կ'աւարտեն իրենց քանդակը` աւելի քան 5 մեթր մեծութեամբ ընգղայ մը:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]