Jump to content

Սայիտ Աքըլ

Սայիտ Աքըլ

سعيد عقل

արաբերէն՝ سعيد عقل
Ծնած է 4 Յուլիս 1912
Ծննդավայր Զահլէ (Լիբանան)
Մահացած է 28 Նոյեմբեր 2014
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն Լիբանան Լիբանան
Մասնագիտութիւն Բանաստեղծ, փիլիսոփայ
Կուսակցութիւն Guardians of the Cedars?

Սայիտ Աքըլ (4 Յուլիս 1912, Զահլէ (Լիբանան) - 28 Նոյեմբեր 2014, Պէյրութ[1]), բանաստեղծ, փիլիսոփայ[2]:

Աքըլը ծնունդով զահլեցի, բայց իր կեանքը գրեթէ ապրած` Պէյրութ մայրաքաղաքին մէջ, եղած է գրող, լրագրող, մամուլի հանրածանօթ գրիչ: Փոքր տարիքէն բանաստողծութիւններ գրել սկսած ըլլալուն պատճառով զինք կոչած են «փոքրիկ բանաստեղծ»: Ան յատկանշական էր իր բանաստեղծական նորարար ոճով:

1960-70 թուականներուն Սայիտ Աքըլի անունով հիմնադրուած է մրցանակ մը, կարեւոր գումար մը, որ կը յատկացուէր արժանաւոր արուեստագէտներու:

Հայրենասէր ըլլալով հանդերձ, եղած է հայասէր, դրուատած հայ ժողովուրդը ամէն առիթներով: Մասնաւորաբար շեշտած՝ հայ ժողովուրդին աշխատասիրութիւնը, ոչ ոքի ձեռք երկարելու անոր հպարտութիւնը[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]