Սամի Քոհէն

Սամի Քոհէն
Ծնած է 20 Ապրիլ 1928(1928-04-20)
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա
Մահացած է 18 Հոկտեմբեր 2021(2021-10-18) (93 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Մասնագիտութիւն լրագրող

Սամի Քոհէն (անգլերէն՝ Sami Kohen, 20 Ապրիլ 1928(1928-04-20), Պոլիս, Թուրքիա - 18 Հոկտեմբեր 2021(2021-10-18), Պոլիս, Թուրքիա), լրագրող, սիւնակագիր։ «Միլլիյէթ» օրաթերթի 67 տարուան աշխատակից։

Քոհէնի հայրը՝ Ալպէր Քոհէն, եղած է լրագրող։ Հրեայ համայնքէն այս յայտնի լրագրողը 1939-1949 թուականներուն հօրմէն ժառանգած թերթը՝ «Թուրքիոյ Ձայնը» հրատարակած է։ Այդ մէկը լատիներէնով եւ ֆրանսերէնով լոյս տեսած է։ Սամի Քոհէն այդ թերթի հրատարակութիւնը շարունակած էր թրքերէնով եւ աւելի վերջ աշխատակցած էր թրքական մամուլի զանազան թերթերուն։

1954 թուականին «Միլլիյէթ»ի անձնակազմին մաս կազմելէ վերջ իր գործունէութիւնը անընդհատ տեւականացուցած է այդ թերթին մէջ[1]։

Արժանացած է Արտաքին գործոց նախարարութեան ծառայութեան մրցանակին[2][3]։

Մահացած է երիկամներու անբաւարարութեան հետեւանքով[4]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «ՈՉ ԵՒՍ Է ՍԱՄԻ ՔՈՀԷՆ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-04 
  2. «Gazeteci Sami Kohene Dışişleri Bakanlığindan üstün hizmet ödülü»։ Anadolu Agency (թրքերէն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 19 October 2021-ին։ արտագրուած է՝ 7 November 2020 
  3. «Sami Kohen'e üstün hizmet ödülü | Video»։ CNN Türk (թրքերէն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 3 November 2020-ին։ արտագրուած է՝ 7 November 2020 
  4. «Gazeteci Sami Kohen yoğun bakıma kaldırıldı»։ www.cumhuriyet.com.tr (թրքերէն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 18 October 2021-ին։ արտագրուած է՝ 30 October 2021