Jump to content

Սահակ Չոլաքեան

Սահակ Չոլաքեան (Մազմանեան)
Ծննդավայր Ակն, Ակն գաւառակ, Սեբաստիոյ նահանգ
Մահացած է 1915
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Սահակ Չոլաքեան (նաեւ՝ Մազմանեան, անյայտ, Ակն, Ակն գաւառակ, Սեբաստիոյ նահանգ- 1915, Կիւմիւշ-Մատեն), հայ բժիշկ։

Ծնած է Սեբաստիոյ նահանգի, Սեբաստիոյ գաւառի, Ակն գաւառակի կեդրոն՝ Ակն քաղաքին մէջ։ Ինքնակրթութեամբ ձեռք բերած է բժշկական հմտութիւններ եւ բժիշկ աշխատած։

1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմին ժամանակ, Օսմանեան կառավարութիւնը՝ Ակնի Ժամկոչեաններու ապարանքը եւ այլ կարեւոր շէնքեր, հայերէ խլելով վերածած է խեղճուկ հիւանդանոցներու, որոնց բժշկապետ նշանակուած է Ակնի՝ վկայուած քաղաքային բժիշկ, իր տգիտութեան հետեւանքով շատ զոհեր տուած, Մահմուտ պէյը։ Լուրջ եւ վտանգաւոր հիւանդ ըլլաու պարագային, Մահմուտ պէյը, դիմած է իրմէ աւելի կարող ու ձեռնահաս ինքնուս բժիշկ Սահակին։ 1915 թուականի ձմրան՝ քաղցած, ցրտահարուած, հիւանդ ու վիրաւոր 25 ակնցի հայ զինուորներ, անոնց կարգին՝ Սահակը, գիշերով ձգած են զինուորական ծառայութիւնը, վերադարձած՝ Ակն ու պատսպարուած են մօտակայ լերան քարայրներուն մէջ։ Դասալիք ընկերներու հետ միասին ձերբակալուած է նաեւ Սահակը, որ սպանուած է 1915 թուականին Կիւմիւշ-Մատենի մէջ՝ միւս ձերբակալուած ընկերներուն հետ միասին։

  • Պարսամեան Մկրտիչ, Ակն եւ ակնցիք, Փարիզ, 1952։
  • Խաչատրեան Լուսինէ եւ Բաբլումեան Արփինէ (կազմողներ), Ցուցակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի (1915-1923), հ. 2, Խարբերդի նահանգ, Երեւան, 2004։

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։