Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ

Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ (արաբերէն՝ سلمان ابن عبد العزيز آل سعود) ծնած է 31 Դեկտեմբեր 1935-ին՝ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ։ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորը դարձած է իր մեծ եղբօր՝ Ապտալլահ Պըն Ապտուլ-Ազիզ-Ալ-Սաուտի մահէն ետք։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ ծնած է 31 Դեկտեմբեր 1935-ին Սէուտական Արաբիոյ Մայրաքաղաք Ռիատի մէջ։ Ան արքայ՝ Ապտել Ազիզ Պըն Սէուտի 25-րդ տղան է։ Սալմանը սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Ռիատի Արքայազներու դպրոցին մէջ, ուր կրնային ուսանիլ միայն Արքայ Ապտել Ազիզ Պըն Սէուտի երեխաները։

Աշխատանքային Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երբ Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ 19 տարեկան էր Ապտել Ազիզ Պըն Սէուտ թագաւորը զինք նշանակեց Սէուտական Արաբիոյ Մայրաքաղաք Ռիատի Էմիրի (քաղաքապետ) ներկայացուցիչ։ Ետքը 1955 թուականին արքայ Ապտել Ազիզ Պըն Սէուտը՝ Սալմանին նշանակեց Ռիատի քաղաքապետ։
Ռիատի Նահանգապետ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1963 թուականի Փետրուարին Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ նշանակուեցաւ Ռիատի Նահանգապետ։ Ան այդ պաշտօնը վարեց մինչեւ 2011 թուական (շուրջ 48 տարի)։ Անոր կառավարման օրօք Ռիատը միջին քաղաքէն դարձաւ հսկայական քաղաք։ Ան կը զբաղէր զբօսաշրջիկներու գրաւչութեամբ եւ երկրին ներդրումներով։ Ան կ'աջակցէր աշխարհա-քաղաքական եւ տնտեսական կապերու ամրապնդմամբ՝ արեւմուտքի հետ։ 2011 թուականի Յունուարին ան յանձնարարեց միջոցներ ձեռնարկել մուրացկաններու դէմ, որոնք կը փորձէին օգտուիլ արաբներու առատաձեռնութենէն։

Պաշտպանութեան Նախարար
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2011 թուաականի Նոյեմբերին Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ նշանակուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան նախարար։ Ան այդ պաշտօնը ստանձնեց իր աւագ եղբօր Սուլթանի մահէն ետք։ Սալման այդ ժամանակ դարձաւ Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ։ 2012 թուականի Ապրիլին Սալման այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ հանդիպելու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: Ապա այցելեց Մեծ Բրիտանիա հանդիպելով Վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի հետ կնքելով շարք մը ռազմական պայմանագիրեր։ Սալման Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն հեռացաւ 2012 թուականի Յունիսին, իր աւագ եղբայր Նայէֆ Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտի մահէն ետք եւ դարձաւ Սէուտական Արաբիոյ գահի ժառանգորդ՝ ստանձնեց վարչապետի պաշտօնը։
Գահակալութիւն[1]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]23 Յունուար 2015-ին, 79 տարեկանին, Սալման ժառանգեց գահը այն բանէն ետք, երբ իր հօրեղբօրորդին՝ Ապտուլլահը, 90 տարեկանին մահացաւ թոքատապէ։ Նոր թագաւորը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ուր կ՚ըսուէր. «Նորին Մեծութիւն Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սաուտը եւ ընտանիքի ու ազգի բոլոր անդամները կը սգան Երկու Սուրբ Մսկիթներու Պահապան Թագաւոր Ապտուլլահ պըն Ապտել Ազիզի մահը, որ տեղի ունեցաւ այս առաւօտեան ճիշդ ժամը 1-ին»։ Ան իր կրտսեր հօրեղբօրորդին՝ Մուքրին պըն Ապտել Ազիզը, նշանակեց գահաժառանգ իշխան։
Իշխանութեան գալէն ետք, 30 Յունուար 2015-ին, Սալման վերակազմեց նախարարաց խորհուրդը։ Խալիտ պըն Ալի պըն Ապտուլլահ ալ-Հումայտանը նշանակուեցաւ հետախուզութեան պետ։ Իշխան Պանտար պըն Սուլթանը հեռացուեցաւ անվտանգութեան խորհուրդի իր պաշտօնէն, ինչպէս նաեւ հեռացուեցաւ միապետի խորհրդականը։ Նախկին միապետի որդիները նոյնպէս պաշտօնանկ եղան՝ Թուրքին՝ որպէս Ռիատի նահանգապետ, իսկ Միշաալը՝ որպէս Մեքքայի նահանգապետ։ Ալի ալ-Նայիմին մնաց քարիւղի եւ հանքային պաշարներու նախարար, նոյնպէս Սաուտ ալ-Ֆայսալը մնաց Արտաքին գործոց նախարարութեան գլուխը, իսկ Իպրահիմ Ալ-Ասաֆը՝ որպէս ելեւմուտքի նախարար։ Սալման նաեւ «երկու ամսուան յաւելաւորձակ տուաւ Սաուտիական պետական բոլոր պաշտօնեաներուն եւ զինուորական անձնակազմին», ներառեալ թոշակառուներուն եւ ուսանողներուն, միաժամանակ խնդրելով քաղաքացիներէն՝ «չմոռնալ զիս ձեր աղօթքներուն մէջ»։
Փետրուար 2015-ին, Իշխան Սալմանը ընդունեց Ուէյլսի իշխան Չարլզը՝ Մերձաւոր Արեւելքի անոր վեցօրեայ այցելութեան ընթացքին։ Անոնք «սրտագին զրոյցներ ունեցան եւ վերատեսութեան ենթարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները» երկու երկիրներուն միջեւ։
Ապրիլ 2021-ին, Իշխան Միշաալ պըն Մաժիտ Ալ Սաուտը, որ 1997-էն ի վեր Ճետտայի նահանգապետն էր, նշանակուեցաւ Սալման թագաւորի խորհրդական՝ նախարարի աստիճանով։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Archived 2015-01-27 at the Wayback Machine.
- Սալման Պըն Ապտել Ազիզ
- Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Archived 2012-09-23 at the Wayback Machine.
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ (անգլերեն) Salman of Saudi Arabia, 2026-03-16, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Salman_of_Saudi_Arabia&oldid=1343726297, վերցված է 2026-04-01