Jump to content

Ռոպերտ Ճեպեճեան Ակնաբուժարան

Ռոպերտ Ճեպեճեան Ակնաբուժարան, մասնագիտացման կեդրոն մը, հիմնուած 1952-ին, Հալէպ։

Ճեպեճեան ակնաբուժարանը անհատական ձեռնարկ է, հիմնադիրն է Բժ. Ռոպերտ Ճեպեճեան։

Կենսագրական ակնար, Ռոպերտ Ճեպեճեան կու գայ Կիլիկեցի ընտանիքէ մը, բժիշկներու շառաւիղ Հայրը՝ Բժ. Աւետիս Ճեպեճեան (այնթապցի), եւ քեռին՝ Բժ. Ֆիլիպ Յովնանեան(Հասան- Պէյլիէն), որոնք տեղափոխուելով, Հալէպի մէջ միասնաբար հիմնած էին Ճեպեճեան-Յովնանեան Հիւանդանոցը,1919-էն մինչեւ 1952։

Ռոպերտ ծնած է Այնթապ՝ 2 Օգոստոս 1909։ Նախնական ուսումը ստացած է Հայկազեան վարժարանի մէջ ու ապա շարունակած աւետարանական ծխական նախակրթարան։ 1926-27 բոլորած է Լիբանան՝ Պրումանա, անգլիացի Քոկեյքըրներու դպրոցի մէջ, բարձրագոյն կրթութիւնը՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան։ Բժշկական Ֆակուլտետի վերջին կուրսը թոյլատրուած է անցկացնել Ֆրանսա՝ Լիոնի Համալսարան՝ սաներու փոխանակման կարգով։

Հետեւած է աչքի կլինիկային, ուր ծանօթացած է նշանաւոր ակնավիրաբուժ՝ Լուի- ՓոՖիկ-ին։ Հետեւած է սիմպաթիկ սիստեմի հետազօտութեանց հիմնադիր՝ այսպէս կոչուած ՝ ցաւի վիրահատութիւն՝ միջազգային ճանաչուած հեղինակ՝ Ռընէ Լըռիշի կլինիկային։ Բժշկական վկայականը ստացած է Պէյրութէն (Պէյրութի Ամերիկան Համալսարանէն

Հաստատուած է Հալէպ։

1938-39-ին, ինչպէս նաեւ 1946-47, վերապատրաստման տարեշրջաներ անցուցած է Ֆրանսայի ակնաբուժական առաջատար կեդրոններու մէջ, հետեւելով աշխարհահռչակ հեղիկնակներ՝ Փոլ Պայյարի Անտրէ Մաժիթոյի (Փարիզ), Գապրիէլ Փիեռ Սուրտիյի (Նանթ) կարճ շրջան մըն ալ հայազգի անուանի օտոլարինգոլոգ՝ ՊրոՖ. Զարէհ Շերիճեանի Կլինիկան ( Քիթ- կոկորդ, Ժընեվ)։

Բժ. Ճեպեճեան անդամ է Ֆրանսական Ակնաբուժական Ընկերութեան՝ 1948-էն ի վեր։ 1956-ին, ՄԱԿ-ի Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութիւնը կազմակերպութիւնը Բժ. Ճեպեճեանի անունը արձանագրած է Տրախոմայի Մասնգէտներու իր ցուցատախտակին վրայ։

1967-ին, Ճեպեճեան նշանակուած է Սուրիան ներկայացնող թղթակից՝ Ռըվիու Էնտերնասիոնալ Տրախոմ՝ եռամեայ գիտական հանդէսի խմբագրուեան կողմէ։

1970-ին, Ճեպեճեան թեզիս պաշտապանելով Երեւան, գիտական կոչում կը ստանայ ( Բժշ. Գիտ. Թեկնածու)։ Զինք կը ներկայացնէր Սուրիոյ Առողջապահութեան Մինիստրութիւնը։ Դէպքը նախընթաց չունենալ հարկ եղաւ որ Մոսկուայի Գիտական տիտղոսներու գործերով զբաղուող ՎԱԿ մարմինը իրաւասութիւն շնորհէ Երեւանի համալսարանին , արտասահմանէն ներկայացող թեկածուներ ընտրելու. Պայմանաւ որ Հայաստանի պետական լեզուով հայերէն շարադրութիւն ունենային անոնց թէզիստները։

1979-ին, Հայաստանի Ակնաբուժներու Միութեան վարչութիւնը մեծարեց զինք ՝՝ Պատուոյ Անդամ՝՝ կոչումով։

Բժշկա- ընկերային ներդրումներ, Սուրիական Հայրենիքին։

1948-ին, բացաւ անհատական իր ակնաբուժարանը, Ճեմլիէ թաղամաս, 33 Զուհեր փողոց, 3-րդ յարկի վրայ, 20 անկողին։ 1952 Յունուար 14-ին, ան ճանաչում կը գտնէր Առողջապահութեան Մինիստրութեան կողմէ։

Հիւանդանոցին նախագիծը պատրաստեց ՊրոՖ. Զարեհ Գաբլան։

Ակնաբուժարանը 20 անկողին, իր դռները բացաւ 17 Նոյեմբեր 1952-ին, Սէպիլ բնակելի թաղամասին մէջ, որը կը գործէ մինչեւ այսօր։

  • Ռոպերտ Ճեպեճեան Ինքնակենսագրութիւն Յուշեր եւ Գործունէութիւն, Հալէպ, 1999.