Ռոպերթ Պ. Թոմաս
Ռոպերթ Պ. Թոմաս | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1766 |
Ծննդավայր | Grafton, Վուստեր շրջան, Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Մահացած է | 19 Մայիս 1846[1] |
Մահուան վայր | Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Մասնագիտութիւն | հրատարակիչ |
Ռոպերթ Պ. Թոմաս (անգլերէն՝ Robert Bailey Thomas,1766, Grafton, Վուստեր շրջան, Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 19 Մայիս 1846[1], Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ան ամերիկացի մըն էր, որ 1792 թուականէն ի վեր մասնաւորապէս հողագործներու համար կը պատրաստէր եւ կը հրատարակէր «Old Farmer's Almanac» անունով օրացոյց մը[2], որ կը պարունակէր ցանք-բերքահաւաքի ժամանակը, բաղադրատոմսեր, ասացուածքներ եւ այլն։ Օրացոյցը ունէր նաեւ գուշակութիւններու բաժին մը, որով կ՚առանձնանար իր մրցակիցներէն։
Թոմաս, որ տարիներ շարունակ ուսումնասիրած էր Արեգակնային դրութիւնը, աստղագիտութիւնը եւ եղանակային փոփոխութիւնները՝ ըստ տարիներու, 80 տոկոս ճշգրտութեամբ եղանակային գուշակումներ կատարած էր եւ զանոնք ներառած՝ օրացոյցին մէջ։
Շնորհիւ «Old Farmer's Almanac»ի, որ մեծ համբաւ ձեռք բերած էր, մարդիկ գիտէին անձրեւոտ կամ արեւոտ եղանակի մասին եւ համապատասխանաբար կը ձեւաւորէին բերքահաւաքի ժամանակը։ Նոյնիսկ ձկնորսները կ՚ապաւինէին օրացոյցին՝ ճշդելու համար իրենց ձկնորսութեան ժամանակը[3]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 Find A Grave — 1996.
- ↑ «The Life and Times of Robert B. Thomas»։ Almanac.com (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-02-03
- ↑ «ժամանակ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-03