Jump to content

Ռանկոլի

Ռանկոլի, հնդկական արուեստի ձեւ։ Տունին մուտքին գետինն զարդարելու աւանդական սովորութիւն: Մարդիկ կը հաւատան, թէ ան տան եւ ընտանիքին կը բերէ բախտ եւ բարգաւաճութիւն եւ գեղեցիկ միջոց մըն է հիւրերը ընդունելու:

Հարուստ գոյներով Ռանկոլի

Հնդկաստանի մէջ ընդհանրապէս մայրերը այս զարդարանքները կը պատրաստեն ամէն առտու, կամ յատուկ տօներու ընթացքին, ինչպէս` Տիուալի կամ Թիհար փառատօները[1]:

Այս աւանդական սովորութիւնը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, եւ մայրերը զայն կը սորվեցնեն իրենց դուստրերուն:

Հնդկական իւրաքանչիւր նահանգ ունի իրեն յատուկ Ռանկոլի գծելու ձեւը եւ անունը․

Հարաւային Հնդկաստան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հարաւային Հնդկաստանի մէջ Ռանկոլին ճանչցուած է քոլամ անունով:

Ռաժասդանի մէջ, մանտանաները կը գծուին պատերուն վրայ:

Քոլքադայի մէջ, Ալփանաները կը գծուին բակին մէջ[2]։

Գծագրութեան ձեւերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռանկոլիի գծագրութիւնները կրնան ունենալ պարզ երկրաչափական ձեւեր, ծաղիկի ձեւեր, կամ աւելի խրթին ձեւաւորումներ: Ռանկոլիի զարդարանքներուն մէջ կը հանդիպինք սիրամարգերու, լոթուս ծաղիկներու, ձուկերու պատկերներու:

Ռանկոլիի ամէնէն կարեւոր յատկութիւնը գոյնզգոյն ըլլալն է: Այս զարդարանքներուն համար կը գործածուի բնական ներկով խառնուած ալիւր կամ բրինձի փոշի[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Indian Folk Art "Rangoli" Uses Colorful Flour and Rice in Stunning Designs»։ My Modern Met (Անգլերէն)։ 2014-06-19։ արտագրուած է՝ 2021-02-05 
  2. «rediff.com: Intricate, delicate, beautiful... RANGOLIS»։ www.rediff.com։ արտագրուած է՝ 2021-02-05 
  3. «Եղանակներէ Կազմուած Անուններ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2021-01-30։ արտագրուած է՝ 2021-02-05