Պօղոս Ճէլալեան
| Պօղոս Ճէլալեան | |
|---|---|
![]() | |
| Ծնած է | 1927[1] |
| Ծննդավայր | Ալեքսանտրէթ, Ալեքսանտրէթի Սանճաք, Սիրիայի պետություն, Ֆրանսական գաղթօճախներ, Ֆրանսա[2][1] |
| Մահացած է | 2011[1] |
| Մահուան վայր | Պէյրութ, Լիբանան[1] |
| Մասնագիտութիւն | երգահան և դաշնակահար |
Պօղոս Ճէլալեան (1927[1], Ալեքսանտրէթ, Ալեքսանտրէթի Սանճաք, Սիրիայի պետություն, Ֆրանսական գաղթօճախներ, Ֆրանսա[2][1] - 2011[1], Պէյրութ, Լիբանան[1]), հետեւեալ տեղեկագրութիւնները կ'առնենք «Զարթօնք»էն, որ իր կարգին քաղած է Պէյրութ հրատարակուող «Տէյլի Սթար» անգլերէն օրաթերթէն։
«Բազմաշնորհ լիբանանցի երաժիշտ Պօղոս Ճէլալեանը յօրինումներ կը կատարէ հաւասարապէս եկեղեցական, համանուագային (սինֆոնիք), ինչպէս նաեւ դասական երաժշտութեան մարզերէն ներս: Ան մէկն է Լիբանանցի այն երաժիշտներէն, որոնք իրենց արուեստին միջոցաւ այս երկիրը կը ծանօթացնեն արտասահմանին:
Արդարեւ իր երաժշտական ստեղծագործութիւններուն շնորհիւ, ըլլան անոնք օրքեսթրաներու կամ մենակատարումներու համար յօրինուած, օտարներ կը գիտակցին թէ Լիբանան եւս ունի արժէքաւոր երաժշտագէտներ»:
Շարունակելով ներկայացնել Ճէլալեանը եւ թուել որպէս Լիբանանցի յօրինող անոր դիմագրուած դժուարութիւնները, թերթը կ'ըսէ.
«Ճէլալեանի երաժշտութեան առանձնայատկութիւններէն մէկն է արեւելեան եւ տոհմիկ երաժշտութեան որդեգրումը եւ զայն արեւմտեան համանուագային ձեւով արտայայտելու գիծը։
Ճէլալեան արեւմտեան երաժշտութիւն ուսած է, սակայն իր ստեղծագործութիւններուն մէջ կարելի է գտնել արեւելեան ճաշակ, թէեւ քօղարկուած եւ ոչ բացայայտ ձեւով։
Ան ստեղծագործելու սկսած է դեռեւս 11 տարեկանին, սակայն ինչպէս ինք կը հաստատէ, այդ շրջանէն ոչինչ մնացած է։ Ճէլալեանի ամէնահին գործը կու գայ 1910 թուականէն։ Իրմէ ունինք երաժշտական 30 յօրինումներ։
Տակաւին փոքր տարիքին Ճէլալեան նուիրուած է երաժշտական զանազան գործիքներու՝ Ալեքսանտրէթի մէջ։ Այսպէս, ինը տարեկանին ան սկսած է դաշնակի դասեր առնել տեղւոյն իտալական դպրոցէն։ Առաջին անգամ սկսած է դաշնակ նուագել հոս ժամանած անգլիական բանակին համար»:
Իսկ Պօղոս Ճէլալեանի «Սայիտ Ագըլ» մրցանակին արժանանալուն առթիւ «Ազդակ» կը գրէ։
«Լիբանանահայ տաղանդաւոր երգահան Պօղոս Ճէլալեան վերջերս արժանացաւ «Սայիտ Ագըլ» մրցանակին: Եթէ մինչեւ հիմա Ճէլալեան շատ քիչ խօսիլ կու տար իր մասին ու միայն կը գործէր, ասիկա արդիւնք է ոչ միայն իր ծայրայեղ համեստութեան, այլ նաեւ աղմուկէ հեռու մնալու բնական հակումի մը:
Խորքին մէջ սակայն, Սայիտ Ագըլ իր մրցանակով կու գայ գնահատելու երգահան մը, որ իր երաժշտական վաստակով Ժորժ Պագ. Ճէքաքեանի մասին խօսելով, իրաւամբ կը հաստատէ «ինչ որ նկատելի է Ճէլալեանի մօտ, ասիկա արուեստին իրականութեան զօրաւոր զգացումն է»:
Ճիշդ այդ պատճառով ալ Ճէլալեան արուեստին լուսանցքին վրայ չապրիր, չի հետաքրքրուիր կողմնակի ճամբաներով, այլ հաստատաքայլ կը քալէ իր իրագործումներուն ճամբով։
Ճէլալեան 1964 թուականին արժանացաւ «Ժէնօնէս Միւզիքալ»ի կազմակերպած մրցումին, առաջին եւ երկրորդ մրցանակներուն: 1966 թուականին նոյն հաստատութեան երկրորդ մրցանակին։ Երկու մրցանակներու պարագաներուն ալ, դատական կազմը կը բաղկանար միջազգային ատեանէ մը: 1965 թուականին Ֆոպուրկ Ակումբը մրցանակ տուաւ Ճէլալեանի անոր բոլոր գործերուն համար, որոնք հրատարակուեցան երաժիշտ Ալեքս Մնտկեանի կողմէ:
Ճէլալեան ծնած է 1927 թուականին Ալեքսանտրէթ: Պատանի հասակին սիրած է երաժշտութիւնը: Առաջին գործերը գրած է 10-12 տարեկանին: Հայրը եղած է սրնգահար օսմանեան բանակին մէջ։ Պօղոս հօրմէն ժառանգած է երաժշտութեան հանդէպ սէրը եւ նուագած է հարմոնիքա, մանտոլին եւ ջութակ, յետագային նուագելով սրինգ, քըլարինէթ եւ թրոմբէթ: Մինչեւ պատերազմ, ուսումը շարունակած է Թրիփոլի: Ապա անցած է Պէյրութ, ուր հետեւած է Արուեստից Ակադեմիայի դասընթացքներուն:
Քսան տարիէ ի վեր Պօղոս Ճէլալեան կը հանդիսանայ լիբանանեան երաժշտութեան կեդրոնական դէմքը, միաժամանակ մօտէն մասնակցութուն բերելով հայկական բոլոր ձեռնարկներուն:
Իր գործերը կը նուագուին ու կ'երգուին լիբանանցի հայ թէ արաբ բազմաթիւ երաժիշտներու կողմէ. ջերմ գնահատանքի արժանանալով:
Ճէլալալեան իր դաշնակին վրայ հպարտութեամբ զետեղած է նկարը Արամ Խաչատուրեանի, որ Պէյրութ այցելութեան առիթով, ճանչցած է «Պօղոսը եւ անոր գործերը»:
«Շաբաթ, 23 Ապրիլ 1968 թուականին, Սուրսոք Թանգարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի երրորդ մրցման մրցանակներու բաշխումը:
Դատակազմը, որ բաղկացած էր միջազգային աշխարհին պատկանող երաժիշտներէ, յօրինումի երկրորդ մրցանակը (1000 Լ.Ո.) շնորհեց Պօղոս Ճէլալեանի, ինչպէս նաեւ Փարիզի մէջ կատարելութեան դասընթացքներու հետեւելու համար կրթաթոշակ մը:
Այս առթիւ ներկաներուն ցոյց տրուեցաւ 1964-ի եւ 1965-ի մրցումներուն մրցանակ ստացող երաժիշտներու գործերու տպագրութիւնը, որոնց մէջ առաջին տեղը կը գրաւեն Ճէլալեանի յօրինումները: Նշանակալի դէպք մը Լիբանանի նուագի պատմութեան մէջ, քանի որ առաջին անգամն է որ լիբանանցիներու գործերը կը տպուին միջազգային գետնի վրայ եւ կը տարածուին ամբողջ աշխարհի մէջ»[3]։
Մահացած է 11 Դեկտեմբեր 2011-ին, Լիբանանի մէջ:[4]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1 2 3 4 5 6 7 8 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- 1 2 Riemann Musiklexikon / Hrsg.: W. Gurlitt, H. H. Eggebrecht, C. Dahlhaus — Mz: B. Schott's Söhne, 1959. — հատոր 12.
- ↑ Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Գ, Պէյրութ, էջ 175-178։
- ↑ «Պօղոս Ճէլալեան discography - RYM/Sonemic»։ Rate Your Music (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2025-07-10
