Պուսրայի հռոմէական թատրոն

Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան
Պուսրայի հռոմէական թատրոն
المسرح الروماني ببصرى
Պուսրայի հռոմէական թատրոն
Երկիր Սուրիա
Շրջան Միջին Արեւելք

Պուսրայի հռոմէական թատրոն (արաբ․՝ المسرح الروماني ببصرى), հռոմէական ընդարձակ թատրոն, Պուսրա, Սուրիա։ Կը գտնուի Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքը, Տարաա գաւառին մէջ եւ Միջին Արեւելքին մէջ հռոմէական ամենէն ընդարձակ եւ լաւ պահպանուած թատրոնն է։ 2013-ին Պուսրայի հռոմէական թատրոնը արձանագրուած է որպէս Եունեսքոյի Համաշխարհային Ժառանագութեան Վտանգուած Յուշարձան։

Պատմական ակնարկ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պուսրայի հռոմէական թատրոնը կերտուած է Բ․ դարու կէսերուն եւ կառուցուած է սեւ պազալտ քարէ։ 481-էն մինչեւ 1251 Պուսրա քաղաքին ամրացումները կ՛ընդարձակուին։

Թատրոնին Այուպեան ժամանակաշրջանէն մնացած ամրացումները

Սկզբնական շրջանին թատրոնը կը գտնուէր քաղաքին պարիսպներէն դուրս, սակայն աւելի ուշ՝ Այուպեան ժամանակաշրջանին (ԺԲ․ դար) լրիւ ընդգրկուած է Այուպեան միջնաբերդին մէջ։ Թատրոնը երբ կ՛ընդգրկուի ամրոցին մէջ, միջնաբերդի դերը կը կատարէ եւ կը պահպանէ Դամասկոս տանող ճամբան։

1947-ին եւ 1970-ին թատրոնը վերանորոգուած է։

Սուրիոյ ազգամիջեան պատերազմին ընթացքին (2011-2022), թատրոնը լուրջ վնասներ կրած է։

Նկարագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թատրոնին լայնքը 102 մեթր է եւ 17 000 հանդիսատեսներու կարողութիւնը ունի։ Միջին Արեւելքին մէջ հռոմէական ամենէն ընդարձակ եւ լաւ պահպանուած թատրոնն է եւ ժամանակին ծառայած է քաղաքին 80 000 բնակիչներուն։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[1] [2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]