Jump to content

Պետրոս Տէր Պօղոսեան

Պետրոս Տէր Պօղոսեան
Մահացած է 1937
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն

Պետրոս Տէր Պօղոսեան, Խոտորջուրի Մոխրակուտ գիւղէն էր, հասակակից՝ Արտաշէս Գէորգեանին: Ան ալ 13 տարեկանին կը մեկնի հարաւային Ռուսաստան եւ Խարքով քաղաքին մէջ կ’աշխատի իբրեւ հացագործ:

1916-ին, երբ ռուսական բանակը կը գրաւէ Խոտորջուրը, Պետրոս խումբ մը ընկերներով անմիջապէս կը վերադառնայ հայրենի գիւղ: Ռուս բանակի հեռանալէն ետք, ան կը մասնակցի Խոտորջուրի հերոսամարտին, իբրեւ տասնապետ:

Նահանջի ճամբուն վրայ կը վարակուի թիֆուսով եւ գերի կ’իյնայ թուրքերուն ձեռքը: Կը ստանայ մահավճիռ (կախաղանով) ,որ աւելի ուշ կը փոխուի 101 տարուան բանտարկութեան:

Զինադադարէն ետք, բանտէն ազատելով, կը մեկնի Հայաստան եւ մինչեւ խորհրդայնացումը իբրեւ պարտաճանաչ եւ յանդուգն զինուոր կը մնայ Ստեփան Ծաղիկեանի ձիաւոր խումբին մէջ:

Խորհրդայնացումէն ետք, ան կ’անցնի Թիֆլիս, ուրկէ կը փախչի Ռուսաստան, երբ ճեմալ Փաշա ոչ եւս էր:

Ստալինեան հալածանքներու շրջանին կը ձերբակալուի Ստեփան Ծաղիկեանի հետ, 1937-ին ու միասնաբար կը գնդակահարուին:

Պետրոս Տէր Պօղոսեան միջահասակ, նուրբ կազմուածքով, արագաշարժ մէկն էր, խառնուածքով Արտաշէս Գէորգեանի ճիշդ հակապատկերը:

Պետրոս ուրախ, կատակասէր եւ չարաճճի երիտասարդ էր եւ շատ կը սիրէր ընկերներուն գլխուն խաղեր խաղալ: Սիրուած էր բոլորին կողմէ: Շատ բարի սիրտ ունէր եւ ծայր աստիճան ընկերային էր:

  • Դաշնակցական Պատանիին Գիրքը էջ (196-197)