Jump to content

Պետրոս Նախիջեւանցի

Պետրոս Նախիջեւանցի
Ծնած է 1720[1]
Ծննդավայր Նախիջեւան (քաղաք)[2]
Մահացած է 1784[2]
Մահուան վայր Վաղարշապատ, Q55703049?, Երևանի խանություն, Աֆշարեան կայսրութիւն[2]
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, աստուածաբան, փիլիսոփայ

Պետրոս արք․ Նախիջեւանցի (Բերդումեան, Աղմալեանց, 1720[1], Նախիջեւան (քաղաք)[2] - 1784[2], Վաղարշապատ, Q55703049?, Երևանի խանություն, Աֆշարեան կայսրութիւն[2]), բանաստեղծ, աստուածաբան-փիլիսոփայ։

Ծնած է Նոր Նախիջեւան։ Միաբան էջմիածնի։

Հինգ տարուայ մէջ Կ. Պոլսոյ Մայր դպրատան լրիւ դասընթացքը աւարտելէն յետոյ, 1740-ական թթ. վերջը, Կ. Պոլսոյ Յակոբ Նալեան հայոց պատրիարքի (1741–64) օրօք ընդունած է հոգեւոր կոչում՝ ձեռնադրուելով աբեղայ։ Այնուհետեւ ուղարկուած է Ղրիմ՝ Ս. Օգսենտի վանքը, որպէս վանահայր եւ առաջնորդ։ Ղրիմէն տեղափոխուած է Էջմիածին, իսկ 1759 թուականին Յակոբ Ե. Շամախեցի Հայոց կաթողիկոսի ձեռամբ ձեռնադրուած է եպիսկոպոս։ 1759–1762 թուականներուն կաթողիկոսի նուիրակն էր Կարինի մէջ, ուր լրացուցած է իր ուսումը՝ ստանալով ասորական եւ լատինական կրթութիւն։ Սիմէոն Ա. Երեւանցի կաթողիկոսի օրօք Էջմիածինի մէջ ծաւալած է բեղմնաւոր մանկավարժական գործունէութիւն։ Պետրոս Նախիջեւանցին գրած է շարք մը աստուածաբանական եւ մեկնողական գործեր «ի յօգուտ մանկանց եկեղեցւոյ»։ 1764 թուականին պատրաստ էր անոր աւետարանական առակներու մեկնութեան նուիրուած աշխատութիւնը, որ յայտնի է «Աղբիւր բացեալ» անուամբ։ 1769–1973 թուականներուն Էջմիածնի մէջ Պետրոս Նախիջեւանցին գրած է իր աստուածաբանական, մեկնողական, փիլիսոփայական երկերու, քարոզներու, աղօթքներու մեծ մասը, որոնք գլխաւորաբար նախատեսուած էին Էջմիածինի ժառանգաւորաց դպրոցի աշակերտութեան համար։ Սակայն Սիմէոն Ա. Երեւանցիի անբարեացակամ վերաբերմունքը (նոյնիսկ Պետրոս Նախիջեւանցիի երկերը այրելու հրաման արձակած է) զգալի ստուեր ձցած է անոր գործունէութեան վրայ։ Կաթողիկոսը Պետրոս Նախիջեւանցին հեռացուցած է Էջմիածինէն եւ 1772 թուականին նշանակած կաթողիկոսութեան նուիրակ Եվդոկիա (Թոքատ) քաղաքին։ Այստեղ ան աւարտած է իր «Մեկնութիւն Յոբայ» երկը (1776)։ 1777 թուականին վերադարձած է Էջմիածին, սակայն Եվդոկիայի մէջ նուիրակութեան ժամանակ թոյլ տուած վարչական սխալներուն պատճառով չկարողանալով Մայր աթոռին վճարել պահանջուող գումարը՝ վերջնականապէս գժտուած է կաթողիկոսին հետ, հեռացուած՝ միաբանութենէն եւ բանտարկուած։ Եղբօր մահէն յետոյ կտակի հետ կապուած հարցերը լուծելու համար ազատ արձակուած է եւ 1778 թուականի Ապրիլին մեկնած է Կ. Պոլիս՝ պայմանով, որ պիտի վերադառնայ եւ որեւէ տեղ առաջնորդ պիտի չի նշանակուի։ Սակայն հակառակ Սիմէոն Ա. Երեւանցիի կամքին, Կ. Պոլսոյ Զաքարիա Կաղզուանցի պատրիարքը ջերմ ընդունելութիւն ցոյց տուած է Պետրոս Նախիջեւանցիին եւ նշանակած՝ Եվդոկիայի հոգեւոր առաջնորդ, բայց, հաւանաբար, Պետրոս Նախիջեւանցին չէ հասած պաշտօնը ստանձնել։ 1780 թուականին վախճանած է Սիմէոն Ա. Երեւանցին, իսկ նոր կաթողիկոսը՝ Ղուկաս Ա. Կարնեցին, Պետրոս Նախիջեւանցին հրաւիրած է Էջմիածին։

1782 թուականի Նոյեմբերին Պետրոս Նախիջեւանցին վերադարձած է Մայր աթոռ եւ վերստին մաս կազմած Էջմիածինի միաբանութեան։ 1783 թուականի Ապրիլին նշանակուած է Կարինի առաջնորդ։ Կեանքի վերջին տարիներուն մասին գրեթէ ոչինչ յայտնի է։ Պետրոս Նախիջեւանցին ձգած է գրական մեծ ժառանգութիւն։ Երեւանի Մատենադարանին մէջ աւելի քան 160 ձեռագրեր կը պարունակեն իր մօտ 20 անուն գործերը։ Գրած է բազմաժանր եւ բազմաբնոյթ երկեր, որոնք կը բաժնուին 4 հիմնական խումբի.

ա. Մեկնողական երկեր. «Մեկնութիւն Ծննդոց», գրած է 1777 թուականին։

բ. Աստուծաբանական - փիլիսոփայական երկեր. «Աստուածանմանութիւն» (հրտ. 1827, Կալկաթա)։

գ. Քարոզներ եւ աղօթքներ. Քարոզները բաղկացած են երկու հատորէ՝ «Քարոզք տարեկան» (1771): Պետրոս Նախիջեւանցին յօրինած է նաեւ յատուկ արձակ աղօթքներ՝ մանաւանդ ճանապարհորդներու եւ վաճառականներու համար, որոնք յաճախ ձեռագրերուն մէջ կը տեղադրուին «Ապաշխարան» կոչուող տաղերու ժողովածուին մէջ՝ որպէս 2-րդ հատոր։ Պետրոս Նախիջեւանցիի աղօթքները հրատարակած է Էջմիածինի միաբան Յովհաննէս եպս. Շահխաթունեանցը 1845 թուականին՝ «Երգարան աղօթից ի պէտս վաճառականաց եւ ճանապարհորդաց» վերնագիրով։

դ. Չափածոյ երկեր. Պետրոս Նախիջեւանցին իր ժամանակի նշանաւոր բանաստեղծներէն եւ տաղասացներէն էր։ Իր տաղերուն մէկ մասը հեղինակը 1760-ական թթ. հաւաքած է մէկ ժողովածուի մէջ, որ կոչուած է «Ապաշխարան»։ Այստեղ հաւաքուած են հեղինակի լավագոյն կրօնական բանաստեղծութիւնները՝ նուիրուած Սուրբ Երրորդութեան երեք Դէմքերուն, Աստուածամօր, աւետարանական տարբեր թեմաներու։ Գրած է նաեւ «Յիսուս փեսայ» անունով մեծածաւալ պոէմ մը, 100-է աւելի տաղեր՝ գլխաւորաբարԱստվածաշնչեան թեմաներով։

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Աղբիւր բացեալ»-ը (Մեկնութիւն աւետարանական առակներու) Պետրոս Նախիջեւանցիի ամենայայտնի եւ ամենատարածուած երկն է։ Միայն Մատենադարանին մէջ կան այս գործը պարունակող 60-էն աւելի ձեռագիրներ։ Երկու անգամ հրատարակուած է Էջմիածինի մէջ՝ 1845 եւ 1857,
  • «Մեկնութիւն Յայտնութեան Ս. Յովհաննու», 1846, Կալկաթա,
  • «Մեկնութիւն թղթոյն Պօղոսի առ Եփեսացիս», 1850, Երուսաղէմ,
  • «Մեկնութիւն Գործք առաքելոցի» (չէ պահպանուած)։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 AV Production — 2010.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 2,6 2,7 2,8 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 9 — հատոր 9. — է. 260.
  3. (հայերեն) Պետրոս Նախիջևանցի, 2024-07-03, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%8A%D5%A5%D5%BF%D6%80%D5%B8%D5%BD_%D5%86%D5%A1%D5%AD%D5%AB%D5%BB%D6%87%D5%A1%D5%B6%D6%81%D5%AB, վերցված է 2025-03-04