Պեկկէն
Բնակավայր | |
---|---|
Պեկկէն | |
Երկիր |
![]() |
Տարածութիւն | 1,7091 քմ² |
ԲԾՄ | 233 մեթր |
Բնակչութիւն | 3653 մարդ (31 Դեկտեմբեր 2017) |

Պեկկէն (լիւքս.՝ Beggen), Լիւքսեմպուրկի մեծ դքսութեան համանուն մայրաքաղաքի 24 վարչական շրջաններէն մէկը, որ կը գտնուի քաղաքին Հիւսիսային հատուածին մէջ[1]։ Ըստ 2017-ի մարդահամարի տուեալներուն՝ թաղամասի բնակչութիւնը կը կազմէ 3653 հոգի[2]։
Բնիկ լիւքսեմպուրկցիները կը կազմեն Պեկկէնի բնակչութեան ընդամէնը 30 %-ը։ Աւելի մեծ տոկոս կը կազմեն Եւրոպական Միութեան (յատկապէս՝ Ֆրանսայի, Փորթուկալի, Իտալիոյ, Պելճիքայի, Գերմանիոյ, Յունաստանի, Սպանիոյ) եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան քաղաքացիները։
Թաղամասին մէջ կը գտնուի XIX դարուն կառուցուած ռուսական դեսպանատունը, որ կառուցուած է 18-րդ դարու թուղթ ապտադրող գործարանն աւերակներուն վրայ։ 20-րդ դարուն դեսպանատան շէնքը բարեբախտաբար կանգուն կը մնայ՝ ծառայելով որպէս Լիւքսեմպուրկին մէջ պողպատ արդիւնահանող ընկերութեան մը տնօրէնին առանձնատունը։ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին շէնքը եւ հարակից տարածքները գրաւուած են գերմանական զօրքերու կողմէ։ Ամերիկեան բանակի կողմէ Լիւքսեմպուրկի ազատագրումէն ետք շէնքը սկսած է օգտագործուիլ իբրեւ հիւրանոց եւ ապա վարձով տրուած է Խորհրդային Միութեան դեսպանութեան։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք այն դարձածէ Լիւքսեմպուրի մէջ Ռուսական Դաշնութեան դեսպանատան շէնքը[3]։