Պարան քաշելու խաղ
Պարան քաշելու խաղ, խաղ մը, որուն ընթացքին երկու խումբեր դէմ դիմաց կը շարուին մէկ գիծի վրայ, պարանի մը երկու կողմերը:
Ըստ խաղի օրէնքին, պէտք է փորձել դիմացի խումբին անդամները անցընել տալ մէջտեղի գիծէն դէպի հակառակորդին կողմը, կամ` զանոնք գետին տապալել, պարանը զօրաւոր քաշելով:
Այս մրցումը ունի իր անձնական անունը` «Թակ օֆ Ուոր», քաշքշելու պատերազմ: Գոյութիւն ունին տարբեր դասակարգեր` աղջկանց, տղոց, խառն, տարիքով, խումբով եւ այլն[1]:
Խաղին օրէնքները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իւրաքանչիւր խումբի 8 մարզիկները պէտք է համադաս ըլլան եւ նոյն ժամանակ բանին: Քաշելու առաջին երկվայրկեանը շատ կարեւոր է: Այդ պահուն է, որ երկու խումբերը կը սկսին պարանը քաշել: Պարանը կը պրկուի, եւ հաւասարակշռութիւնը կը հաստատուի: Ապա պէտք է որ ութ մարզիկները նոյն ատեն շատ ուժգին ձեւով քաշեն: Խումբին մարզիչը կու տայ տարբեր հրահանգներ` տեսնելու համար, թէ հակառակորդ խումբը ինչպէս կը հակազդէ, կամ` անոր հաւասարակշռութիւնը խախտելու համար:
Գոյութիւն ունին խաղի յատուկ հմտութիւններ: Օրինակի համար, խաղացողը որքան յետոյքը դէպի գետին իջեցնէ, այնքան աւելի ծանրութիւն կ'ունենայ եւ խաղը աւելի հետաքրքրական կը դառնայ: Սակայն այս գործողութիւնը որքան կրկնուի, այնքան գետին իյնալու վտանգի մէջ կը գտնուին խաղացողները: Իւրաքանչիւր անդամ, ինչպէս նաեւ ամբողջ խումբը պէտք է հաւասարակշռութիւնը պահեն:
Շատ կարեւոր է նաեւ «խարիսխին» դերը: Ան պարանին ետեւի ծայրը գտնուող անձն է: Ան շատ կարեւոր է ամբողջ խումբին համար: Անոր պարտականութիւնն է միշտ ամէնէն բարձր կանգուն մնացողը ըլլալ, միւս անդամները ոտքի պահելու համար:
Այս խաղը խաղալու համար կարեւոր է խմբային ոգի ունենալը` թէ՛ խմբակին մէջ, թէ՛ խաղը վարելու կերպին մէջ:
1900-1920 թուականներու միջեւ պարան քաշելը կը գտնուէր Ողիմպիական խաղերու մարզաձեւերու ցանկին մէջ: Վերջին անգամ այդ մրցումը տեղի ունեցած է 101 տարի առաջ, Պելճիքայի Ողիմպիական խաղերու ընթացքին:
Ոսկի մետալին արժանացած է Անգլիոյ խումբը, Հոլանտան արծաթ մետալին, իսկ Պելճիքան` պրոնզ մետալին: