Jump to content

Պատուաստ

(Վերայղուած է Պատուաստանիւթ-էն)

Պատուաստը (կամ պատուաստանիւթ, լատիներէն՝ vaccinus, vaccinum՝ կովի, vacca՝ Կով, անգլերէն՝ Vaccine), հակածինային (antigenic) նիւթ մըն է, իսկ պատուաստումը այս հակածինային նիւթին ներարկումն է անհատի մը:

Պատուաստը կը գրգռէ անհատին վարակամերժութեան (immunity) համակարգը, կը զարգացնէ յատուկ վարակամերժութիւն եւ կը յայտնաբերէ հակամարմիններ անհատին մէջ:

Ծաղկախտի դէմ պատուաստանիւթ

Վարակամերժութիւնը եւ հակամարմինները կը յառաջանան մեր մարմնին մէջ  բնականօրէն եւ արհեստականօրէն:

Պատուաստումը արհեստականօրէն վարակամերժութիւն ստեղծելու եւ հակամարմիններ արտադրելու միջոց մըն է:

Պատուաստի մը գործօն բաղադրիչը որոշ ախտածինի մը ոչ յարուցիչ-ոչ բորբոքումային եւ անգործօն մասնիկն է, կամ զտուած եւ մաքրուած ախտածին մարմիններու  մասնիկներ են:

Թունաւոր հիւանդութիւններու պարագային որպէս պատուաստ կը գործածուի թուլացուած թոյնը (toxoid), որ կը պատրաստուի  թունաւոր հիւանդութիւններու յարուցիչ թոյնին դէմ[1]:

Պատուաստը արգելք կը հանդիսանայ որոշ բորբոքումային հիւանդութիւններու եւ կամ կը մեղմացնէ զանոնք: Ան ամէնէն ազդու միջոցն է արգելք հանդիսանալու շատ մը բորբոքումային հիւանդութիւններու: Անոր միջոցով Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւնը (ՀԱԿ) կրցած է վերջնականապէս անյայտացնել (eradication) ծաղկախտը (small pox) եւ հսկողութեան տակ առած է կարգ մը հիւանդութիւններ շատ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս` մանկական անդամալուծութիւնը (polio), հարսանիթը (measles) եւ պրկախտը (tetanus): ՀԱԿ-ի համաձայն, գոյութիւն ունին 25 հիւանդութիւններու դէմ յատուկ պատուաստներ:

Առաջին պատուաստը 1796-ին պատրաստուած է ծաղկախտի դէմ, անգլիացի բժիշկ Էտվըրտ Ճենըրի կողմէ: Այս առաջին պատուաստը կոչուած է vaccin, որովհետեւ այս բառին արմատը  կու գայ լատիներէն vacca բառէն, որ կով կը նշանակէ: Այս պատուաստը գործածուած էր կովերուն վրայ, որոնք ախտահարուած էին յատուկ ժահրով մը: Այդ օրերուն ծաղկախտէ վարակուած  չափահասներուն  20-60 տոկոսը մահացած է, ինչպէս նաեւ`  երեխաներուն 80 տոկոսը: 1979-ին այս հիւանդութիւնը վերջնականապէս անհետացած է համայն աշխարհի մէջ: Սակայն մինչեւ այդ թուականը շուրջ 500 միլիոն անձեր մահացած են ծաղկախտէ:

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1885-ին Լուի Փասթէօր կը գտնէ կատղախտի պատուաստը, որ կը կատարէ փրկարար գործ` վարակուածներուն մեծամասնութիւնը կը փրկուին ստոյգ մահէ:

Յաջորդաբար կը գտնուին զանազան հիւանդութիւններու, յատկապէս մանկական հիւանդութիւններու  պատուաստները:

Կապոյտ հազի  պատուաստի գործածութեամբ, մահերը նուազած են 84 տոկոսով, հարսանիթի պարագային, 99 տոկոսով, գերմանական հարսանիթի եւ ունկնանկի պարագային` 99 տոկոսով, պրկախտ (tetanus) պարագային` 96 տոկոսով:

Մանկական անդամալուծութիւնը, կեղծմաշկը եւ ծաղկախտը համայն աշխարհի մէջ այսօր գրեթէ վերջնականապէս ոչնչացած են շնորհիւ անոնց պատուաստի գործածութեան[2]:

Պատուաստներու գիւտերէն անմիջապէս ետք բարոյագէտներ, քաղաքական մարդիկ, ընկերաբաններ եւ կրօնաւորներ ընդդիմացած են եւ ժխտական կեցուածք ունեցած են նորաստեղծ պատուաստումին դէմ` զանազան պատճառաբանութիւններով[3]: Սակայն այս առաջին փուլէն ետք համայն աշխարհ գործածած է այս պատուաստները` պատճառաբանելով անոնց փրկարար դերը: Յաճախ պետութիւններ եւ առողջապահական միջազգային կազմակերպութիւններ կը պարտադրեն պատուաստումը որոշ հիւանդութիւններու դէմ եւ համաճարակներու ընթացքին:

Պատուաստները ընդհանրապէս կը տրուին մարդոց վարակուելէն առաջ: Սակայն կարգ մը պատուաստներ կը ներարկուին նաեւ վարակուելէ ետք, օրինակ` կատղախտի պատուաստը[2]: Կատղախտով վարակուած շունէ մը խածուելէ ետք ենթակային կը ներարկուին կատղախտի 4 պատուաստներ` յաջորդ 14 օրերու ընթացքին: Այս միջոցին խածուած անձին կը ներարկուի նաեւ վարակամերժ կլոպիւլին ներծորոյթը ու կը կատարուի վէրքին ամէնօրեայ մաքրութիւնը:

Պատուաստներուն մեծամասնութիւնը կը ներարկուի ենթամորթին մէջ եւ կամ զիստի ու ուսի մկաններուն մէջ: Անոնք բերնէն չեն ներարկուիր,  որովհետեւ այս պատուաստները լաւապէս չեն ներծծուիր աղիքներուն մէջ: Մանկական անդամալուծութեան (polio), որովայնատիֆի (typhoid) եւ մանրէական հնդկախտի (cholera) պատուաստները կը տրուին բերնէն, որպէսզի աղիքներուն մէջ վարակամերժութիւն յառաջանայ:

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Պատուաստ Եւ Պատուաստում»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2016-11-03։ արտագրուած է՝ 2022-02-11 
  2. 2,0 2,1 ««Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պատուաստ Եւ Զգուշացման Կոչ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2021-08-18։ արտագրուած է՝ 2022-02-14 
  3. «Anti-vaccinationists past and present -- Wolfe and Sharp 325 (7361): 430 -- BMJ»։ web.archive.org (անգլերէն)։ 2006-08-25։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2006-08-25-ին։ արտագրուած է՝ 2022-02-14