Jump to content

Պատմողական հոգեբանական նոր արձակ

Աւետիս Ահարոնեան

Պատմողական հոգեբանական նոր արձակ, կարեւոր երկերը, հոս բնորոշուած իբր «Պատմողական-հոգեբանական արձակ», մաս կը կազմեն արձակի ծանօթ տեսակներու, բայց որակով նոր են։ Հոգեբանական վերլուծումի լրջութեամբ՝ անոնք յաճախ կը միացնեն մտածողական խորութիւնը՝ ինչպէս Զապէլ Եսայեանի, Յակոբ Օշականի, Ռուբէն Զարդարեանի, Աւետիս Ահարոնեանի պարագային։

Այս արձակագիրները, նոյն սերունդի բանաստեղծներուն հետ միասնաբար, յաճախ կոչուած են «գեղապաշտ»։ Այս բնորոշումը ճիշդ է, պայմանաւ, որ յատկապէս արձակագիրներու պարագային, չհակագրուի իրապաշտութեան, քանի անոնք յաճախ կը մնան խորապէս իրապաշտ։

Ասիկա՝ ըլլայ հոգեբանական իրապաշտութեան, ըլլայ հաւաքական յանձնառութեան իմաստով՝ յատկապէս ազգային է, ինչպէս «Հայաստանեայց Գրականութեան» առաջադրանքը։

Այս արձակագիրներէն՝ հոս կը տեսնենք Զ․ Եսայեանը, Յակոբ Օշականը, Ռուբէն Զարդարեանը եւ Աւ․ Ահարոնեանը։ Իսկ մեծաթիւ կրտսեր արձակագիրներէն՝ ասոնց կողքին տեղ կը տրուի Տիգրան Չէօկիւրեանին։

Միւս կողմէ սակայն, կ'երկարաձգուի նաեւ իրապաշտ արձակի աւանդութիւնը, իբր գլխաւոր ներկայացուցիչ ունենալով Երուանդ Օտեանն ու իր երգիծական գործը։