Պատկեր (գրականութիւն)

Պատկեր , գրական գործ կամ գեղանկար, որ ոչ թէ մեքենայական վերարտադրութիւն է՝ իրականութեան, այլ անոր վերստեղծումը՝ արուեստագէտի երեւակայութեան եւ յուզական-գեղագիտական զգայնութեան գործօն օժանդակութեամբ, ու ասիկա ի զօրու է նոյնիսկ ամէնէն «իրապաշտ» գրագէտներու համար։

Այս գործօնները երեւակայութիւն, յուզականութիւն եւ ճաշակ, կը ստեղծեն ուրեմն «երկրորդ իրականութիւնը», որ կը կոչենք գեղարուեստական պատկեր։

Գրական-գեղարուեստական պատկեր են՝[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Առաջին հերթին անձ-պատկեր կազմող գրական կերպարը («հերոսը»). երբեմն նաեւ խումբ-կերպարներ՝ խմբակ, ամբոխ (երբ առանձնացուած անհատներ՝ չեն որ երեւիր)։
  • Պատմուող պատահարներն ու գործողութիւնները։
  • Նկարագրուող տեսարանները (օրինակ՝ բնանկարներ, բայց նաեւ մարդակերտ կառոյցներ), որոնք կերպարներու կամ գործողութիւններու շրջանկարները կրնան ըլլալ միանգամայն։
  • Մարդկային ապրումները՝ քնարական գործերու կամ հատուածներու մէջ...

Կը տեսնենք, որ գրականութեան մէջ պատկերի այս ընդհանուր հասկացութիւնը կապ չունի լեզուական փոխաբերութիւն-պատկերին արդատրութեան միտքը, նիւթերը։

Գրական պատկերը իրականութենէն զատուած, ընտրուած գիծերու համադրութիւն է, կատարուած գրագէտին ենթակայական մասնակցութեամբ ու արժէւորումով։

Այս պատճառով ալ, գրական պատկերը (յատկապէս կերպարը) կ՛ունենայ սեփական «գոյութիւն», իրական կեանքի գիծեր. բայց չափով մըն ալ կը նոյնանայ գրագէտներին հետ, կ՛արտայայտէ զայն, ե՛ւ յուզականօրէն, ե՛ւ գաղափարական իմաստով։

Ուրիշ խօսքով, անիկա հիմնուած է երկուութեան մը վրայ, որ մէկ կողմէ կ՛ապահովէ իր միակնութիւնը, ապրող անհատի մը պէս թանձրացական, անկրկնելի ըլլալը։

Գրական պատկերը կեանքը ճշմարտօրէն կ՛արտայայտէ, բայց չի վերարտադրեր ճշդութեամբ. որովհետեւ ճիշտ ու մանրամասն նկարագրութիւն մը կամ պատում մը, ինչպէս կ՛ընեն լրագրական տեղեկատուութիւնները, չի դառնար գրական գործ։

Գրականութիւնը պարտի ուրեմն բնութիւնն ու կեանքը արտայայտել, ո՛չ վերարտադրել։ Մեկնելով ընտրուած գիծերէ, անիկա կը ստեղծէ իրականութեան գեղարուեստական պատկերը, կու տայ անոր պատրանքը։

Նկատենք, որ արդէն գրական գործի ընթերցողը իրեն հաղորդուածը կ՛ընդունի պայմանականօրէն, այսինքն կ՛ընդունի իբր «պատրանք», ոչ իբր «իրական իրականութիւն»։