Պաղտասար Աղբար

Պաղտասար Աղբար, ժողովրդային կատակերգութիւն։

Պաղտասար Աղբարը մեծ հայ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի ամենածանօթ եւ ամենաժողովրդական թատերական գործն է։

Պաղտասար աղբար՝ բարի, դիւրահաւատ եւ պատուախնդիր մարդ մըն է, որուն կինը սիրականն է հէգ Պաղտասար աղբօր կարծեցեալ բարեկամին՝ Կիպարին։ Պաղտասար գրեթէ արարքի վրայ կը բռնէ կինը ու կը դիմէ փաստաբան Օգսէնին, որ իր դատը կը խոստանայ պաշտպանել փոխան մեծ գումարի մը։ Սակայն դատական խորհուրդը զինք մեղաւոր կը գտնէ, եւ միանալով իր կնոջ, Կիպարի եւ դրացի կիներուն, կը սպառնայ Պաղտասար աղբարը խենթ հռչակել եթէ ան իր կնոջ հասցէին կատարած զրպարտութիւնը ետ չքաշէ...

Պարոնեան զաւեշտին մէջ ցոյց կու տայ Եւրոպայէն եկող նոր բարքերու եւ ազատ սիրոյ գաղափարին բախումը՝ հին սերունդի աւանդապահ եւ պարկեշտ ըմբռնումներուն հետ։[1]

Պաղտասար Աղբարը բազմաթիւ անգամներ ներկայացուած է աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ։ Թէեւ բազմաթիւ յայտնի դերասաններ յաջող կերպարներ ստեղծած են, թերեւս Պաղատասար աղբարի դերը լաւագոյնս մարմնաւորած է Հայաստանի ժողովրդային արուեստագէտ դերասան Մհեր Մկրտչեանը։

Նշումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Ճանաշեան, Մեսրոպ. Հայ Գրականութեան Նոր Շրջանի Համառօտ Պատմութիւն: Վենետիկ, Ս. Ղազար 1974, էջ 127-8: