Ուլիսէս (վէպ)

«Ուլիսէս» (անգլերէն՝ Ulysses), իրլանտացի գրագէտ Ճէյմս Ճոյսի (անգլերէն՝ James Joyce) երկրորդ վէպն է[1]։

UlyssesCover.jpg

Վէպը եօթ տարուան ընթացքին գրուած է եւ սկիզբը հատուածներով լոյս տեսած է ամերիկեան The Little Review ամսագիրին մէջ հրատարակուած է 1918-էն մինչեւ 1920 թուականները, իսկ 1922 թուականին անիկա ամբողջութեամբ Ֆրանսա հրատարակուած է։

Վէպին Կառուցուածքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վէպը կը պատմէ մէկ օրուան՝ 1904 թուականի Յունիս 16-ի մէջ կատարուող գործողութիւններու մասին։ Իրադարձութիւնները կը կատարուին Տապլինին մէջ։ Հեղինակը մանրամասնօրէն կը նկարագրէ անոր փողոցներն ու շէնքերը[2] եւ, ինչպէս ինք կ'ըսէ՝ իր գիրքով կարելի պիտի ըլլայ վերականգնել Տապլինը, եթէ օր մը անիկա աւերեն ռմբակոծելով։

Մաս Ա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դրուագ 1՝ Տելեմաքոս[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաւօտեան ժամը 8-ն է։ Բժշկականի փոթորկոտ ուսանող Պաք Մալիկընը (անգլերէն՝ Buck Mulligan) երիտասարդ գրագէտ Սթիւըն Տէտլըսը (անգլերէն՝ Stephen Dedalus) կը հրաւիրէ Մարթելլոյ աշտարակի տանիք, ուր երկուքով կ'ապրէին։ Անոնց միջեւ կայ լարուածութիւն, կապուած Սթիվընի ականջին հասած Մալիկընի ըրած դաժան դիտողութենէն՝ անոր վերջերս մահացած մօր մասին, որ Մալիկընն իրենց քով հրաւիրած էր նաեւ անգլիացի ուսանող Հէյնիսը։ Անոնք երեքով կը նախաճաշեն եւ ապա կը քալեն դէպի ծովափ, ուր Մալիկընը Սթիվընէն կը պահանջէ աշտարակի բանալին եւ երկու փէնս՝ գարեջուրի համար։

Դրուագ 2՝ Նեստոր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սթիվընը կը դասաւանդէ պատմութիւն։ Սթիվընը կը նայի գեղագիտօրէն անհրապոյր Սիրիլ Սարճընթին (անգլերէն՝ Cyril Sargent) եւ կը փորձէ պատկերցնել Սարճընթի մօր սէրը անոր հանդէպ։ Սթիվընը յետոյ կ'երթայ տնօրէնի՝ Պրն. Տիզիին մօտ, որմէ ան կը ստանայ իր աշխատավարձը եւ եւս նամակ մը՝ տպագրելու նպատակով լրագրի խմբագրութիւն տանելու համար։ Երկու քննարկում Իրլանտայի պատմութեան մէջ եւ տնտեսութեան մէջ հրեաներու դերի մասին։ Սթիվընի հեռանալու ժամանակ Տիզին կ'ընէ հրեաներու դէմ վերջին նսեմացուցիչ դիտողութիւնը, նշելով, թէ Իրլանտան միակ երկիրն է, որ երբեք չէ հալածած հրեաները եւ բացատրելով ատիկա անով, որ անոնց ն չէ ձգած որ մտնեն իրենց երկիրը։

Մաս Բ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դրուագ 4՝ Կալիպսոյ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կրկին ժամը 8-ն է, սակայն գործողութիւններն այս անգամ քաղաքի հակառակ կողմն են եւ կը կատարուին գիրքի երկրորդ գործող անձի՝ հրեայ Լեոփոլտ Պլումին (անգլերէն՝ Leopold Blum) հետ։ Պլումը կ'երթայ մսավաճառի մը մօտ՝ խոզի երիկամներ առնելու։ Տուն վերադառնալով, կը պատրաստէ նախաճաշ եւ փոստի հետ միասին կը տանի իր կնոջը՝ անկողինը պառկած Մոլլիին։ Նամակներէն մէկն անոր համերգները կազմակերպող Պոյլընը ղրկած է։ Պլումն իրեն հաշիւ կու տայ, որ Մոլլին Պոյլընը պիտի ընդունի իր անկողինի քով այդ օրն աւելի ուշ ժամու եւ այդ միտքէն կը տառապի։ Պլումը կ'ընթերցէ միւս նամակը, որ իրենց դուստրը ղրկած է։

Դրուագ 5՝ Լոտոփագոսներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պլումը կ'ուղեւորուի դէպի Ուէսթլընտ Րոու (անգլերէն՝ Westland Row) փոստատուն, ուր կը ստանայ իր Հենրի Ֆլաուըր կեղծանունին հասցէագրուած սիրային նամակ ոմն Մարթա Քլիֆըրտէն։ Ան կը հանդիպի ծանօթի մը եւ անոր հետ զրուցելու ատենը Պլումը կը փորձէ սիրավառ հայեացքով նայիլ կողէն գացող կնոջ մը, սակայն չի յաջողիր։ Ետքը ան կը կարդայ նամակը եւ կը պատռտէ ծրարը։ Ան կը մտնէ կաթողիկէ եկեղեցի, ուր պատարագ կը մատուցուէր եւ կ'իյնայ աստուածաբանական խոհերուն մէջ։ Ան կը մտնէ դեղատուն եւ կ'առնէ կիդրոնի օճառ։ Յետոյ կը հանդիպի ուրիշ ծանօթի մը ակամայ կու տայ ձիու Ձգուածք անունը։ Վերջին Պլումն կ'ուղղուի բաղնիք։

Դրուագ 6՝ Հադէս[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սա դրուագին մէջ Լեոփոլտ Պլումը կը մասնակցի իր ծանօթ Փետի Տիկնըմի (անգլերէն՝ Paddy Dignam) յուղարկաւորութեանը, հոն է նաեւ Սթիւըն Տետլըսի հայրը։ Երեք այլ մարդոց հետ անոնք զրուցելով կ'երթան միեւնոյն կառքով։ Պլումը կը մտորէ իր վաղամեռիկ որդիի՝ Րուտիի եւ ինքնասպան եղած հօր, ինչպէս նաեւ՝ մահուան եւ թաղման արարողութիւններու մասին։ Այստեղ ան կը տեսնէ մաքինթոշ հագած խորհրդաւոր մարդու մը։

Դրուագ 7՝ Այոլոս[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պլումը կը փորձէ գովազդ տեղադրել Freeman's Journal-ի խմբագրութենէն ներս, ինչը անոր չի յաջողիր։ Սթիվընը կը բերէ դաբաղի մասին Տիզիի գրած նամակը, սակայն, Սթիվընն ու Պլումը չեն հանդիպիր։ Սթիվընը խմբագիրին եւ միւսները կ'ուղղորդէ գարեջրատուն, ճամբուն պատմելով «երկու տապլինցի վեստայակոյսերու մասին»։ Այս դրուագն ամբողջութեամբ լրագրային ոճով կարճ հատուածներու բաժնուած է՝ իւրաքանչիւրն իր վերնագիրով։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Harte Tim (Summer 2003)։ «Sarah Danius, The Senses of Modernism: Technology, Perception, and Aesthetics»։ Bryn Mawr Review of Comparative Literature 4 (1)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 5 November 2003-ին։ արտագրուած է՝ 10 July 2001  (անգլերէն)
  2. «Տապլին Համայնքի Ուլիսեսեան Քարտէզը - irlandaonline.com»  (անգլերէն)