Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/11-2022

Եոհաննէս Լեփսիուս

Եոհաննէս Լեփսիուս, գերմանացի հասարակական գործիչ, հոգեւորական, արեւելագէտ, մարդասէր, որ կը փորձէր կանխել Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ։

Եոհաննէս Լեփսիուս  ծնած է 1858-ին, գերմանական Փոթստամ (Potsdam) քաղաքին մէջ՝ բողոքական հոգեւորականի մը ընտանիքին մէջ։

Նշանաւոր եգիպտագէտ Քառլ Ռիչըրտ Լեփսիուսի եւ անոր կնոջ՝ Էլիզապէթին կրտսեր որդին էր։ Մայրը նշանաւոր գրող եւ գրավաճառ Ֆրետերիք Նիկոլայի ծոռն էր։ Վերջինս ԺԸ. դարակիսուն Պերլինեան լուսաւորութեան առանցքային դերակատարներէն մէկ էր։

Երկրորդական դպրոցը աւարտելէ ետք, Լեփսիուս կը մեկնի Էրլանկեն՝ աստուածաբանութիւն ուսանելու։ Առաջին կիսամեակը աւարտելէ ետք՝ ան կը լքէ համալսարանն ու քաղաքը, կը տեղափոխուի Միւնիխ ուր կ'ուսանի թուաբանութիւն եւ փիլիսոփայութիւն, 1880-ին կը ստանայ դոկտորի կոչում․․․ Աւելին