Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/10-2020
Քարահունջ (Զօրաց քարեր, Քարենիշ), նախապատմական hնագիտական կառոյց, «Զօրաց քարեր բնակատեղի» անունը կրող պատմամշակութային արգելոց եւ պետութեան կողմէ պահպանուող յատուկ տարածք Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի Սիսիան քաղաքին մօտ՝ «Մ 2» մայրուղիին կից։ 2004-ին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կառոյցը կը ճանչցուի իբրեւ աստղադիտարան: Այդ կարծիքին են նաեւ կարգ մը գիտնականներ եւ հետազօտողներ, որոնք նոյնպէս կը պնդեն, որ hնագիտական կառոյցը աստղադիտարան կը նկատուի: Գիտական եւ սիրողական որոշ շրջանակներ կը մերժեն աստղադիտարան ըլլալու հանգամանքը եւ կը պնդեն, որ անիկա դամբարանադաշտ է: Հնագիտական կառոյցին անուան եւ նշանակութեան մասին առկայ հակասական կարծիքներն ու պնդումները յաճախ կը վերածուին վէճերու, ինչպէս՝ գիտական, այնպէս ալ հասարակական շրջանակներուն միջեւ։
Քարահունջ կը գտնուի Երեւանէն 200 քմ հարաւ՝ 39° 34' լայնքով եւ 46° 01' երկայնքով՝ ծովու մակերեսէն 1170 մ բարձրութիւն ունեցող սարահարթին վրայ եւ կը զբաղեցնէ 7 հեկտար տարածք․․․Աւելին⇒