Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/09-2020

Լուվրի Պալատը, Լուվրի Թանգարանը (ֆրանսերէն՝ palais du Louvre), կամ պարզապէս Լուվր, Փարիզի հին թագաւորական ամրոց, որ վերակառուցուած է իբրեւ պալատ, հաստատուած Սեն (La Seine) գետի աջ ափին՝ Թուիլերի պարտէզին (Jardin des Tuileries) եւ Սեն Ժերմեն-Լոսերուա (Saint-Germain-l'Auxerrois) եկեղեցւոյ միջեւ։ Այսօր Լուվրը աշխարհի ամենահարուստ թանգարաններէն մէկն է:

Լուվրի ներկայի շէնքին կառուցումը գրեթէ հազարամեակներ տեւած է եւ անբաժանելի մէկ մասն է Փարիզ քաղաքի պատմութեան:

Բառին Ծագումը[Խմբագրել աղբիւրը]

Լուվրի առաջին ամրոցը կառուցուած է Ժբ. դարուն, Ֆիլիփ-Օգոստոսի (Philip II Augustus) օրով, «Լիւբարա» (Lupara) կոչուող տարածքին մէջ։ Բառին ծագումը անյայտ է։ Հաւանաբար լատինական «լիւբուս» (lupus) բառէն սեռած է եւ կը նշանակէ գայլերու բնակութեան վայր։

«Լուվր» բառին ծագման միւս տարբերակը կը վերաբերի այն ֆրանկներու լեզուին, որոնք եղած են ֆրանսացիներու նախնիները․ «lauer» կամ «lower» բառը հին ֆրանսերէնով կը նշանակէ «պահակային աշտարակ»։

Բայց նման բառ գոյութիւն ունեցած է նաեւ այն գերմանական ցեղերու լեզուին մէջ, որ ունեցած է ոչ լատինական ծագում։ Ըստ Ֆրանսացի պատմաբան Անրի Սովալի (Henri Sauval , 1623-1676) «լուվր» բառը ծագած է «leovar, lovar, lover, leower ou lower», որ կը նշանակէ «ամրոց» կամ «ամրութիւն»․․․ Աւելին