Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/08-2019
Կոմիտաս (Սողոմոն Գէորգ Սողոմոնեան), (26 Սեպտեմբեր (8 Հոկտեմբեր) 1869, Քէօթահիա — 22 Հոկտեմբեր 1935, Փարիզ), հայ երգահան, կատարող (երգիչ եւ նուագածու), երաժիշտ-ազգագրագէտ, երաժշտագէտ, խմբավար, բանահաւաք, ազգագրագէտ, բանաստեղծ, մանկավարժ, դասախօս եւ Երաժշտական առաջին միջազգային ընկերութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը:
Սողոմոն Սողոմոնեան ծնած է 26 Սեպտեմբեր 1869-ին, Փոքր Ասիոյ Կուտինա կամ Քէօթահիա քաղաքը։ Մկրտուած է ծնունդէն երեք օր ետք, Ս. Թէոդորոս եկեղեցւոյ մէջ եւ ստացած Սողոմոն անունը։ Հայրը՝ Գէորգ Սողոմոնեան, մասնագիտութեամբ՝ կօշկակար, Նախիջեւանի Գողթն գաւառի Ցղնա գիւղէն, իսկ մայրը՝ Թագուհի Յովհաննիսեան, Պրուսայէն։ Սողոմոն անոնց միակ զաւակն էր։ Երկուքն ալ երաժշտական մեծ հակումներ ունէին։ Տան մէջ կը խօսէին միայն թրքերէն։ Վեց ամսուան երեխայ Կոմիտաս կը կորսնցնէ մայրը, իսկ տասը տարեկանին՝ հայրը, որմէ ետք ան կը յանձնուի մեծ մօրը՝ Մարիամի հոգատարութեան։ Մօր մահը խոր վիշտ մը ձգած էր Սողոմոնի հոգիին մէջ, որուն իբրեւ հետեւանք՝ առաջին ստեղծագործութիւնները նուիրած էր իրեն։
1875-ին, փոքրիկ Սողոմոն կ'ընդունուի իրենց քաղաքին միջնակարգ ուսումնարանը, որու շրջանը 1880-ին աւարտելէ ետք, հօր նախաձեռնութեամբ կը մեկնի Պրուսա՝ ուսումը շարունակելու համար։ Հայրենի քաղաք կը վերադառնայ հօր մահէն չորս ամիս ետք։
1881-ին, 12-ամեայ Սողոմոն Քէօթահիոյ հոգեւոր առաջնորդ Գէորգ վարդապետ Դերձակեանին հետ կը մեկնի Ս. Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարան՝ ուսում ստանալու նպատակով։ Իր բացառիկ գեղեցիկ ձայնով Սողոմոն անմիջապէս կը գրաւէ իր ուսուցիչներուն ուշադրութիւնը, որոնք ոչինչ կը խնայեն երաժշտական եւ բանաստեղծական մեծ տաղանդով օժտուած պատանիին գեղարուեստական ձիրքերը մշակելու եւ կատարելագործելու: Այնտեղ ան վերջապէս կը գտնէ իր հոգեւոր խաղաղութիւնը․․․ Աւելին⇒