Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/07-2024

Ողիմպիական խաղեր (անգլերէն՝ Olympic Games, Olympics, ֆրանսերէն՝ Jeux olympiques), աշխարհի ամենամեծ միջազգային մարզական իրադարձութիւններէն մէկն է՝ իր ամառնային եւ ձմեռնային մարզաձեւերու մրցաշարքերով, որոնց ընթացքին աշխարհի տարբեր երկիրներ ներկայացնող հազարաւոր մարզիկներ կը մասնակցին բազմատեսակ մրցումներու։ Ողիմպիական խաղերուն կը մասնակցի աւելի քան 200 երկիր։ Խաղերը տեղի կ'ունենան չորս տարին մէկ անգամ: Ամառնային եւ ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը տեղի կ'ունենան հերթականութեամբ՝ իրարմէ երկու տարի տարբերութեամբ։

Ժամանակակից Ողիմպիական Խաղերու ստեղծումը ոգեշնչուած է հին Ողիմպիական խաղերէն, որոնք տեղի կ'ունենային Հին Յունաստանի Ողիմպիա բնակավայրին մէջ՝ Ք.ա. 8-րդ դարէն սկսեալ: Սակայն Ք.ե. 4-րդ դարուն այդ խաղերը կ'արգիլուին։

1894-ին, Փիեռ տը Քուպերթենի ջանքերով կը հիմնադրուի Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն, որու գլխաւորութեամբ 1896-ին, Աթէնքի մէջ տեղի կ'ունենան ժամանակակից առաջին Ողիմպիական խաղերը:

20-րդ եւ 21-րդ դարերու ընթացքին կը ստեղծուին Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը․․․ Աւելին