Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/06-2024
Վիեննական սրճարան (գերմաներէն՝ Wiener Kaffeehaus), Վիեննական սուրճի մշակոյթ, Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ, որ մինչեւ այսօր մեծ դերակատարութիւն ունի մայրաքաղաքին մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն մէջ:
Վիեննական սրճարաններու իրական գաղտնիքը այն է, որ անոնք չեն հանդուրժեր աղմուկ եւ իրարանցում։ Հոն կարելի է քանի մը ժամ նստիլ ու վայելել բաժակ մը սուրճ: Աւստրիական կայսրութեան ժամանակաշրջանի գրող Փիթըր Ալթընպըրկ վիեննական սրճարանները նկարագրած է իբրեւ «ոչ տան, բայց եւ ոչ դուրսի»:
Հոկտեմբեր 2011-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕն Վիեննայի սրճային աւանդութիւնները ներառած է ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ:
Արխիւային փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ Վիեննայի բնակիչները սկսած են սուրճ ըմպել 1660-ականներէն, սակայն Վիեննայի առաջին սրճարանները բացուած են 1680-ականներուն: Փաստաթուղթեր կան, որոնք կը վկայեն, թէ Վիեննայի առաջին սրճարանները բացուած են հայ առեւտրականներու կողմէ:
Վիեննական սրճարանները ժամանակի ընթացքին դարձած են այնքան ընդունուած, որ հանրութեան կենսաձեւին անբաժանելի մէկ մասնիկը դարձած են․․․ Աւելին⇒