Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/06-2021

Կեանքը Հիանալի է

«Կեանքը Հիանալի է» (անգլերէն՝ It's a Wonderful Life), բեմադրիչ Ֆրենք Քափրայի 1946-ին նկարահանած ամերիկեան ֆիլմ։ Դիպաշարին հիմքը ամերիկացի գրող Ֆիլիփ Վան Տօրէն Սթերնի «Ամէնէն մեծ նուէրը» ստեղծագործութիւնն է։ Առաջնախաղը կայացած է 20 Դեկտեմբեր 1946-ին, Նիւ Եորքի մէջ։

Ֆիլմին գլխաւոր հերոսը՝ Ճորճ Պէյլին է, զոր մարմնաւորած է այդ օրերու նշանաւոր դերասան Ճէյմս Սթիուըրտը:

Երկար տարիներէ ի վեր, Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Ամանորեայ տօներուն, այս ֆիլմը կը ցուցադրուի պատկերասփիւռի կայաններէն, ինչպէս օրինակ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներուն մէջ «Ճակատագիրի հեգնանք, կամ «Բաղնիքդ անուշ» ֆիլմը։ Անիկա կը համարուի Ծննդեան Տօներու դասական ու լաւագոյն ֆիլմերէն մէկը ամբողջ աշխարհի տարածքին եւ կը հանդիսանայ Ամերիկեան բոլոր ժամանակներու 100 լաւագոյն ոգեշնչող ֆիլմերու ցանկին առաջինը․․․ Աւելին