Jump to content

Կեանքը Հիանալի է

Կեանքը Հիանալի է
It's a Wonderful Life
Բեմադրիչ Ֆրենք Քափրա
Արտադրիչ Ֆրենք Քափրա
Երաժշտութիւն Տիմիթրի Թիոմքին
Արտադրող
ընկերութիւններ
Liberty Films եւ RKO Pictures
Թողարկման
թուական
20 Դեկտեմբեր 1946, Նիւ Եորք
Տեւողութիւն
125 վայրկեան
Լեզու Անգլերէն

«Կեանքը Հիանալի է» (անգլերէն՝ It's a Wonderful Life), բեմադրիչ Ֆրենք Քափրայի 1946-ին նկարահանած ամերիկեան ֆիլմ։ Դիպաշարին հիմքը ամերիկացի գրող Ֆիլիփ Վան Տօրէն Սթերնի «Ամէնէն մեծ նուէրը» ստեղծագործութիւնն է։ Առաջնախաղը կայացած է 20 Դեկտեմբեր 1946-ին, Նիւ Եորքի մէջ։

Ֆիլմին գլխաւոր հերոսը՝ Ճորճ Պէյլին է, զոր մարմնաւորած է այդ օրերու նշանաւոր դերասան Ճէյմս Սթիուըրտը:

Երկար տարիներէ ի վեր, Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Ամանորեայ տօներուն,[1] այս ֆիլմը կը ցուցադրուի պատկերասփիւռի կայաններէն, ինչպէս օրինակ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներուն մէջ «Ճակատագիրի հեգնանք, կամ «Բաղնիքդ անուշ» ֆիլմը[2]։ Անիկա կը համարուի Ծննդեան Տօներու դասական ու լաւագոյն ֆիլմերէն մէկը ամբողջ աշխարհի տարածքին[3][4] եւ կը հանդիսանայ Ամերիկեան բոլոր ժամանակներու 100 լաւագոյն ոգեշնչող ֆիլմերու ցանկին առաջինը[5]։

Ֆիլմը մեծ ազդեցութիւն ձգած է համաշխարհային շարժապատկերին եւ յատկապէս ամերիկեան մշակոյթին վրայ: Անիկա նախատեսուած է բոլոր տարիքներուն համար, ոգեշնչող է եւ քաջալերող։ Շնորհիւ հերոսներուն եւ հետաքրքրական նիւթին՝ իր անսպասելի լուծումներով, անիկա մեծ ընդունելութեան արժանացած է:

Ճորճ տարեմուտին բազմաթիւ հարցեր կ'ունենայ, յայտնուելով անելանելի իրավիճակի մը մէջ ու կը հասնի անձնասպանութեան սեմին, որուն հիմնական պատճառը իր ընկերութեան նիւթական մեծ տագնապի ենթարկուիլն էր։ Իբրեւ օգնական, երկիր կը հասնի հրեշտակ մը, որ կ'օգնէ Ճորճին դուրս գալու այդ իրավիճակէն։

Ֆիլմը կը սկսի «Պետֆորտ Ֆոլլզ» (Bedford Falls) անունով ամերիկեան փոքրիկ քաղաքի մը տեսարանով։ Քաղաքին բնակիչները կ'աղօթեն Աստուծոյ՝ անկէ խնդրելով օգնել Ճորճ Պէյլիին (Ճէյմս Սթիուըրտ)։ Ճորճ հօրմէն ժառանգած էր «Վարկով տուներ» կազմակերպութիւնը, որ քաղաքի բնակիչներուն վարկեր կը տրամադրէր տուներ կառուցելու համար. այդպիսով ան օգնած էր քաղաքի գրեթէ բոլոր բնակիչներուն։

Յաջորդ տեսարանը աստղալից երկինքի տեսարանով կը բացուի, ուր Աստուած, խօսելով Յովսէփին հետ (մեծ աստղ մը կը խօսի փոքր աստղի մը հետ), կը յանձնարարէ իրեն հրեշտակներէն մէկը ուղարկել երկիր՝ օգնելու Ճորճին։ Կ'որոշեն երկիր ուղարկել անփորձ, բայց խոստմնալից հրեշտակ Քլարենսը, որ տակաւին թեւեր չունէր։

Յովսէփ Քլարենսին կը ներկայացնէ Ճորճին ամբողջ կեանքը՝ մանկութենէն սկսեալ, որպէսզի Քլարենս գիտնայ, թէ որո՛ւն հետ գործ պիտի ունենայ եւ ինչպէ՛ս պիտի կարենայ օգնել իրեն՝ դուրս գալու ստեղծուած իրավիճակէն։

Ֆիլմին հիմնական իրադարձութիւնները կը սկսին Ճորճին մանկութենէն...

Ճորճին Մանկութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ճորճ Մերիի ու Վիոլէթի հետ.
տեսարան մը՝ ֆիլմէն

Փոքր տարիքէն Ճորճ հետաքրքրասէր ու խելացի էր. ան կ'երազէր ճանապարհորդ մը դառնալ, գտնուիլ աշխարհի նշանաւոր քաղաքներու մէջ եւ ուսանիլ այդ քաղաքներուն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ։ Ան արդէն պատանի հասակին կ'աշխատէր քաղաքի դեղարաններէն մէկուն մէջ, իբրեւ դեղերու ցրուիչ՝ մտերմանալով դեղարանի տնօրէն միսթր Կովըրի (Հ. Պ. Ուորներ) հետ։ Օր մը Կովըր հեռագիրով լուր կը ստանայ, որ իր երիտասարդ որդին մահացած է. գոյժին ազդեցութեան տակ, դեղի փոխարէն, թոյն կու տայ Ճորճին՝ յանձնարարելով զայն հասցնել քաղաքի հիւանդներէն մէկուն։ Սակայն Ճորճ կը նկատէ, թէ դեղի փոխարէն ան իրեն թոյն յանձնած է. այդպիսով կը կանխէ յաճախորդին մահը։

Ճորճ փոքր եղբայր մը ունէր՝ Հերրի անունով, զոր մանուկ հասակին կը փրկէ խեղդուելէ՝ զինք դուրս բերելով կոտրած սառոյցէ մը։ Այդ դէպքէն ետք Ճորճին ձախ ականջը կը վնասուի եւ լսողութենէ կը զրկուի։

Պատանի հասակին Ճորճին սիրահարած էին 2 աղջիկներ՝ Մերին (Տոննա Ռիտ) եւ Վիոլէթը (Կլորիա Կրահամ)։ Ճորճ կը համակրէր Մերիին։

«Վարկով բնակարաններ» Ընկերութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճորճին հայրը՝ Փիթըր Պէյլի (Սամուէլ Հինտս) ունէր «Վարկով բնակարաններ» սեփական ելեւմտական ընկերութիւնը եւ քաղաքի բնակիչներուն կը տրամադրէր երկարաժամկէտ վարկեր՝ բնակելի տուներ կառուցելու համար: Ընկերութեան մէջ կ'աշխատէր նաեւ անոր հօրեղբայրը՝ Պիլլի Պէյլին (Թոմաս Միթչըլ): Սակայն այդ ընկերութեան՝ գրեթէ բարեգործական աշխատանքը, հաճելի չէր թուեր քաղաքին ամէնէն հարուստ եւ դաժան մարդուն՝ Հէնրի Փոթըրին (Լիոնել Պերիմոր), որ ամէն հնարաւորութիւն կ'օգտագործէր տիրանալու համար ուրիշներու սեփականութեան եւ կը փափաքէր, որ «Վարկով բնակարաններ» ընկերութիւնը դադրէր գործելէ կամ ինք ըլլար անոր սեփականատէրը: Այնուամենայնիւ Ճորճին հայրը ամէն գնով կը յաջողէր պահպանել անձնական ընկերութիւնը, յատկապէս՝ Փոթըրի ոտնձգութիւններէն:

Ճորճին եւ Մերիին հանդիպումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճորճ փոքր եղբօր հետ դպրոց կ'երթայ՝ մասնակցելու աւարտական հանդիսութեան, ուր կը հանդիպի Մերիին։ Այն ատեն, Մերիի սիրահարած էր դպրոցի տղոցմէ մէկը՝ Սեմ Ուեյնռայթ անունով (Ֆրենք Ալպերթսըն)։ Սեմ կը փափաքէր Մերիի պարընկերը ըլլալ, սակայն Մերի կ'ընտրէ Ճորճը եւ անոնք միասին կը պարեն։

Հանդիսութեան ընթացքին, մինչ Սեմ չարացած կը հետեւէր, թէ ինչպէս Ճորճն ու Մերին կը պարէին, դպրոցի տղոցմէ մէկը անոր կը յուշէ, թէ պարահրապարակին տակ լողաւազան մը կայ, զոր կարելի է բանալ կոճակի մը սեղմումով, ապա անոր ցոյց կու տայ կոճակին տեղը։ Սեմ կը բանայ լողաւազանը եւ բոլոր պարողները կը դադրին պարելէ, իսկ Ճորճն ու Մերին ինքնամոռացութեան մէջ կը պարեն՝ չնկատելով բացուած լողաւազանը. անոնք կը կարծեն, թէ միւսներուն չպարելու պատճառը իրենք են։ Ճորճ նոյնիսկ կ'ըսէ. «... տե՛ս, ինչպէս բոլորը մեզի կը հետեւին»:

Ճորճն ու Մերին կիսաքանդ ու լքուած տան առջեւ

Ու այդպէս ալ բացուած լողաւազանը չնկատելով՝ անոնք կ'իյնան ջուրին մէջ։ Այդ տեսնելով՝ հանդիսութեան գրեթէ բոլոր մասնակիցները կը նետուին լողաւազանին մէջ, ներառեալ՝ դպրոցին տնօրէնը։

Յաջորդ տեսարանին մէջ, Ճորճ Մերիին կ'ընկերակցի։ Անոնք քաղաքը կիսաքանդ ու լքուած տան մը առջեւ կանգ կ'առնեն։ Մերի կ'ըսէ, թէ ինք շատ կը սիրէ այս տունը, իսկ Ճորճ կատակով կը պատասխանէ, թէ ինք չի համաձայնիր նոյնիսկ իբրեւ ուրուական հոն ապրիլ։ Կ'որոշեն քար նետել տան ուղղութեամբ, ըսելով, թէ եթէ յաջողին ապակի կոտրել, ապա ուրեմն իրենց երազը պիտի իրականանայ։ Ու այդպէս ալ կ'ըլլայ։ Ճամբան Ճորճ կը փորձէ իր սէրը խոստովանիլ Մերիին, ու կ'ըսէ. «Ի՞նչ կ'ուզես դուն, Մերի՛, ի՞նչ կը փափաքիս, դուն լուսի՞նը կ'ուզես։ Միայն ըսէ՛, ես կը նետեմ պարանը, կը բռնեմ զայն եւ կը նուիրեմ քեզի»։

Սակայն անոնց խօսակցութիւնը կիսատ կը մնայ, երբ հօրեղբայրը՝ Պիլլին, ինքնաշարժով անցնելու ատեն, կը նկատէ Ճորճը եւ կը յայտնէ, թէ հօր առողջական վիճակը անակնկալօրէն վատացած է, եւ ան կը գտնուի մահամերձ վիճակի մէջ։ Ճորճ հօրեղբօր հետ կը մեկնի։

Ճորճին Հօր Մահէն Ետք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հօր մահէն ետք, Ճորճ կը յետաձգէ իր ծրագրած ճամբորդութիւնը՝ ընտանեկան գործը դասաւորելու համար. Խորհուրդին միւս անդամները կ'առաջարկեն, որ հօր կիսատ ձգած գործը Ճորճ շարունակէ: Ճորճ իր ուսման վարձքը կու տայ Հերրիին՝ հաւատալով, թէ Հերրի ուսումը աւարտելէ ետք, ինք պիտի ստանձնէ հօր գործը:

Հերի քոլէճէն կը վերադառնայ ամուսնացած եւ աներոջ կողմէ աշխատանքի առաջարկ ստացած: Ճորճ կը յուսահատի, բայց չի նեղացներ Հերրին եւ կը շարունակէ ղեկավարել շէնքն ու վարկերը:

Ճորճ եւ Մերի կ'ամուսնանան եւ իրենց հարսանիքէն անմիջապէս ետք, մեղրալուսինի համար իրենց խնայած $2,000-ը կ'օգտագործեն շէնքը եւ վարկերը պահելու համար:

Ճորճի ղեկավարութեան ներքոյ, ընկերութիւնը կը հիմնէ Պէյլի զբօսայգին, որ կը ներկայանայ իբրեւ բնակարանաշինութեան ժամանակակից զարգացում, որ կրնայ մրցիլ Փոթըրի գերգնահատուած տնակային աւաններուն հետ: Փոթըր Ճորճին կ'առաջարկէ տարեկան $ 20,000՝ իր օգնականը դառնալու պարագային, բայց Ճորճ կ'անդրադառնայ, թէ Փոթըրի իսկական մտադրութիւնը շէնքը եւ վարկերը փակելն է, ուստի կը մերժէ առաջարկը:

Բ. համաշխարհային պատերազմին Ճորճ իր խուլ ականջին պատճառով ծառայութեան իրաւունք չստանար: Հերրի կը դառնայ նաւատորմի օդաչու եւ պատուոյ շքանշան կը ստանայ՝ երկու Քամիքազ ուղղաթիռ խոցելուն համար, որոնք զօրք կը տեղափոխէին:

1945-ի Ս. Ծննդեան նախօրեակին, երբ քաղաքը հերոս Հերրին դիմաւորելու կը պատրաստուէր, Պիլլի դրամատուն կ'երթայ՝ շէնքին եւ վարկերուն կանխիկ $8000-ը մուտքագրելու համար:

Պիլլի կ'ուզէ նախատել Փոթըրը Հերրիին մասին թերթի մը վերնագիրը ցոյց տալով, բայց առանց անդրադառնալու կանխավճարն ալ Փոթըրի թերթին մէջ կը դնէ ու կը յանձնէ իրեն: Փոթըր կը տեսնէ ծրարը, բայց ոչինչ կ'ըսէ, իսկ Պիլլի չի յիշեր, թէ ո՛ւր կորսնցուցած է գումարը:

Դրամատան գրաքննութենէն ետք, Ճորճ կ'անդրադառնայ, թէ ընկերութիւնը լուրջ վտանգի դէմ յանդիման կը գտնուի: Ան կը հետապնդէ Պիլլին, սակայն ի զուր:

Ճորճ յուսահատ կը դիմէ Փոթըրին`վարկ ստանալու խնդրանքով՝ իբրեւ գրաւ առաջարկելով իր կեանքի ապահովագրութեան գումարը`$15,000: Փոթըր կ'ըսէ, թէ Ճորճ յետ մահու աւելի արժէքաւոր է քան իր ողջ եղած օրերուն, ուստի ոստիկանութեան կը հեռաձայնէ ուրիշներուն ինչքերը իւրացնելու մեղադրանքով: Ճորճ կը փախչի, գինետան մը մէջ կը հարբի եւ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը հայցէ: Անձնասպան ըլլալու նպատակով՝ ան մօտակայ կամուրջ մը կ'երթայ, բայց ցատկելէ առաջ, Քլարենս հրեշտակը կը յայտնուի եւ գետը կը ցատկէ: Ճորճ անմիջապէս ետեւէն կը ցատկէ ու կ'ազատէ զինք:

Զրոյցի ընթացքին, Ճորճ Քլարենսի կ'ըսէ, թէ երանի ինք երբեք ծնած չ'ըլլար, Քլարենս ցոյց կու տայ այն ժամանակաշրջանը, ուր ինք երբեք գոյութիւն չէ ունեցած: Bedford Falls-ը կը կոչուի «Փոթըրզ վիլ», անհաճոյ քաղաք մը, ուր կը տիրեն անբարոյականութիւնը, յանցագործութիւնները եւ զուարճանքի վայրերը: Այս կեանքը, որ զուրկ է Ճորճին ներկայութենէն, բոլորովին տարբեր է. դեղագործ Կովըր բանտարկուած է, որովհետեւ Ճորճ իր քովը չէր, որպէսզի կանխէր թունաւոր դեղահատեր տալը, Ճորճին մայրը զինք չի ճանչնար: Պէյլիին այգին գերեզմանոցի վերածուած է, ուր կը յայտնաբերէ երիտասարդ Հերիին դամբարանը: Որովհետեւ Ճորճը բացակայ էր, Հերին չի կրնար զինուորներուն կեանքը փրկել: Մերի ամուրի գրադարանապետուհի մըն է, երբ Ճորճ իրեն կը յայտնէ, թէ ինք ամուսինն է, Մերի ոստիկանութիւնը կը կանչէ, իսկ Ճորճ կը փախչի:

Տեսիլքին իրադարձութիւններէն համոզուած՝ Ճորճ կամուրջ կը վերադառնայ եւ կը ցանկայ իր իրական կեանքին դառնալ: Այդպէս ալ կ'ըլլայ եւ ինք երախտապարտ կը զգայ իր ունեցած կեանքին համար, ապա կը փութայ տուն հասնիլ: Տունն են նաեւ Մերի եւ Պիլլի, ուր Ճորճին բարեկամները անյայտ կորսուած $8000-ը կրցած են ապահովել, որովհետեւ ընկերը՝ Սեմ Ուեյնրայթ արդէն նուիրած է $25,000: Ոստիկանապետը ի տես այս բոլորին, կը պատռէ ձերբակալման ազդարարագիրը, միաժամանակ Հերրի կը ժամանէ եւ կը յայտարարէ, թէ Ճորճ քաղաքին ամէնէն հարուստ անձնաւորութիւնն է:

Ճորճ Քլարենսէն նուէր կ'ընդունի «Թոմ Սէօյըրի արկածախնդրութիւնները» գիրքը, ուր իր կատարած գրառման մէջ Ճորճի կը յիշեցնէր, թէ այն անձը, որ ընկերներ ունի, չի ձախողիր, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ճորճին, որ իրեն շնորհիւ ի՛նք թեւեր ստացաւ: Ճորճին կրտսեր դուստրը՝ Զուզուն, կ'ըսէ, թէ այդ կը նշանակէ, թէ Քլարենս իր կատարած գործին համար գնահատուած է՝ թեւեր ունենալով:

Ֆիլմին բնօրինակը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բնօրինակը ՝ «Ամէնէն մեծ նուէրը», գրուած է Ֆիլիփ Վան Տորեն Շթեռնի կողմէ, Նոյեմբեր 1939-ին: Քանի մը հրատարակիչներու կողմէ մերժուելէ ետք, անիկա կը տպագրուի իբրեւ 24-էջնոց պրակ եւ 1943-ի Ս.ծննդեան տօնին կ'ուղարկուի 200 ընտանիքի եւ ընկերներու: Նիւթը կը գրաւէ Քէրի Կրէնթի (Cary Grant) ուշադրութիւնը, որ իր կարգին, զայն կը ներկայացնէ «Կրենթ» ընկերութեան գործակալին[6]: Ապրիլ 1944-ին RKO Pictures ընկերութիւնը $10,000 վճարելով կը գնէ պատմութիւնը, յուսալով, որ անիկա մեծ յաջողութիւն պիտի ապահովէ «Կրենթ» ընկերութեան: Տալթըն Թրումպօ (Dalton Trumbo), Քլիֆոր Օտեթս (Clifford Odets) եւ Մարք (Marc Connelly) կը սկսին աշխատիլ դիպաշարին վրայ, նախքան RKO-ի նախագիծին կասեցումը:

RKO-ի ղեկավար Չարլզ Քորնըր Ֆրենք Քափրայի կ'առաջարկէ կարդալ «Ամէնէն մեծ նուէրը»: Այդ օրերուն, Քափրայի նոր արտադրական ընկերութիւնը`Liberty Films- ը, ինը ֆիլմերու բաշխման պայմանագիր ունէր RKO-էն: Քափրա կ'ոգեւորուի եւ պատերազմի ընթացքին վաւերագրական եւ դաստիարակչական ֆիլմեր նկարահանելէ ետք, կը փափաքի զայն հոլիուտեան իր առաջին ֆիլմը դարձնել:

Գլխաւոր Դերասաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ճէյմզ Սթիուըրթ (James Stewart)՝ Ճորճ Պէյլի
  • Տոնա Ռիտ (Donna Reed)՝ Մերի Հեչ
  • Լիոնել Պերիմոր (Lionel Barrymore)՝ Պրն. Փոթըր
  • Թոմաս Միչըլ (Thomas Mitchell)՝ Հօրեղբայր Պիլլի
  • Հենրի Թրեվըրս (Henry Travers)՝ Քլարենս
  • Պոլա Պոնտի (Beulah Bondi)՝ Տիկ. Պէյլի
  • Ֆրենք Ֆէյլըն (Frank Faylen)՝ Էրնի
  • Ուորտ Պոնտ (Ward Bond)՝ Պըրթ
  • Կլորիա Կրահամ (Gloria Grahame)՝ Վիոլեթ
  • Հ. Պ. Ուորնըր (H. B. Warner)՝ Պրն. Կոուըր
  • Ֆրենք Էլպըրթսըն (Frank Albertson)՝ Սեմ Ուէյնրայթ
  • Թոտ Քարնզ (Todd Karns)՝ Հերի Պէյլի
  • Սամուէլ Հինտս (Samuel S. Hinds)՝ Փա Պէյլի
  • Մերի Թին (Mary Treen)՝ Զարմուհի Թիլլի
  • Վըրճինիա Փեթըն (Virginia Patton)՝ Ռութ Տէյքին
  • Չարլզ Ուիլիամզ (Charles Williams)՝ Զարմիկ Օսթէյս
  • Սարա Էտուըրտզ (Sara Edwards)՝ Օրդ. Հեչ
  • Պիլ Էտմընտզ (Bill Edmunds)՝ Պրն. Մարթինի
  • Լիլիան Ռանտոլֆ (Lillian Randolph)՝ Էնի
  • Արժանթինա Պրունեթթի (Argentina Brunetti)՝ Տիկ. Մարթինի
  • Պոպի Էնտըրսըն (Bobbie Anderson)՝ Փոքրիկ Ճորճ
  • Ռոնի Ռալֆ (Ronnie Ralph)՝ Փոքրիկ Սեմ
  • Ժան Կէյլ (Jean Gale)՝ Փոքրիկ Մէրի
  • Ժանին Էնն Ռուզ (Jeanine Ann Roose)՝ Փոքրիկ Վիոլեթ
  • Տենի Մամըրթ՝ (Danny Mummert)՝ Փոքրիկ Մարթի Հեչ
  • Ճորճի Նոքս (Georgie Nokes)՝ Փոքրիկ Հերրի Պէյլի
  • Շելտըն Լէոնար (Sheldon Leonard)՝ Նիք
  • Ֆրենք Հեկնի (Frank Hagney)՝ Փոթըրի թիկնապահ
  • Ռեյ Ուոքըր (Ray Walker)՝ Ճօ (պայուսակներու վաճառատուն)
  • Չարլի լէյն (Charlie Lane)՝ Բնակարաններ վաճառող
  • Էտուըրտ Քին (Edward Kean) Թոմ (Վարկով բնակարաններ)[7]

Կեանքը Հիանալաի է (It's a Wonderful Life ) ֆիլմը արժանացած է օսքարի հինգ մրցանակներու թեկնածութեան:[8]

Տարի Մրցանակ Արդիւնք Թեկնածու/Մրցանակակիր
1946 Լաւագոյն նկարահանում Առաջադրուած Liberty Films

Մրցանակակիր՝ Samuel Goldwyn Productions – Մեր կեանքին լաւագոյն տարիները

Լաւագոյն ղեկավար Առաջադրուած Ֆրենք Քափրա

Մրցանակակիր՝ William Wyler – Մեր կեանքին լաւագոյն տարիները

Լաւագոյն դերասան Առաջադրուած Ճէյմզ Սթիուըրթ

Մրցանակակիր՝ Ֆրետերիք Մարչ – Մեր կեանքին լաւագոյն տարիները

Լաւագոյն ֆիլմի խմբագրում Առաջադրուած Ուիլիըմ Հորնպեք

Մրցանակակիր՝ Տանիէլ Մանտել – Մեր կեանքին լաւագոյն տարիները

Լաւագոյն ձայնագրութիւն Առաջադրուած Ճոն Էլպըրկ

Մրցանակակիր՝ Ճոն Լիվատարի – The Jolson Story

Լաւագոյն արհեստագիտական կարելիութիւններ Յաղթած Ռասըլ Շիրմըն and RKO ընկերութիւն

ֆիլմերուն մէջ ձիւնելու պատկերը ներկայացնելու նոր ձեւի մը մշակման համար:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «One of America's Favorite Christmas Movies Has a Wonderful Life of Its Own: 72 Percent of Viewers are Younger Than the Movie»։ www.blockbuster.com։ 7 Դեկտեմբեր 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-12-07-ին։ արտագրուած է՝ 12 Նոյեմբեր 2014 
  2. Ասիա Սեմիոնովա (06 Յունուար 2014)։ «Американская "Ирония судьбы…", или как встречают Новый год в США»։ Радиостанция «Вести ФМ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-10-07-ին։ արտագրուած է՝ 17 Նոյեմբեր 2014 
  3. «It's a Wonderful Life»։ Encyclopedia Britannica։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ հուլիսի 15 
  4. «It's A Wonderful Life (1946)»։ filmsite.org։ արտագրուած է՝ 17 նոյեմբեր 2014 
  5. «AFI'S 100 YEARS...100 CHEERS»։ American Film Institute։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հունիսի 21 
  6. Ervin, Kathleen A. "Some Kind of Wonderful" Archived February 7, 2009, at the Wayback Machine.. Failure Magazine (n.d.). Retrieved: June 2, 2007.
  7. Michael R. Pitts: RKO Radio Pictures Horror, Science Fiction and Fantasy Films, 1929-1956, p. 161. see Google Books Retrieved 4 January 2020.
  8. "The 19th Academy Awards (1947) Nominees and Winners" Archived 2014-10-08 at the Wayback Machine.. oscars.org. Retrieved: August 17, 2011.