Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/05-2023
Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան, թանգարան Երեւանի մէջ, ուր կը ցուցադրուին՝ 1915-էն 1923 իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, գրականութիւն եւ այլն։
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը իր դռները կը բանայ 1995-ին, երբ կը նշուէր Ցեղասպանութեան 80-ամեակը։ Ճարտարապետեր են Ս. Քալաշեանը եւ Ա. Թարխանեանը, իսկ քանդակագործը՝ Ֆ. Առաքելեանը։
Թանգարանին առաջին յարկը ստորգետնեայ է, հոն կը գործեն վարչական, գիտարուեստական ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ 170 հոգիի համար նախատեսուած Կոմիտասի անուան դահլիճը։ Հոն տեղակայուած են նաեւ գիտական ու թանգարանային արժէքներու պահոցները, գրադարանը եւ ընթերցասրահը։ Թանգարանային ցուցադրութիւնը տեղակայուած է երկրորդ յարկը՝ ընդգրկելով շուրջ 1000 ք.մ. տարածք։ Անիկա ունի երեք հիմնական փակ եւ մէկ բացօթեայ ցուցասրահներ․․․ Աւելին⇒