Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/05-2019

Տգեղ Արուեստի Թանգարանի Տետհեմի մասնաճիւղը

Տգեղ Արուեստի Թանգարան (անգլերէն՝ Museum of Bad Art, MOBA), ամերիկեան յատուկ թանգարան մը, որու նպատակն է «ցոյց տալ այն նկարիչներու աշխատանքները, որոնք չեն գնահատուած որեւէ այլ թանգարաններու մէջ»։ Ունի երեք մասնաճիւղ. առաջինը կը գտնուի Մասաչուսեթսի Տետհեմ քաղաքին մէջ (անգլերէն՝ Dedham, արուարձան՝ Պոսթընի հիւսիս-արեւմուտքը), երկրորդը՝ հարեւան Սոմըրվիլի մէջ (անգլերէն՝ Somerville, արուարձան՝ Պոսթընի հիւսիսը), իսկ երրորդը՝ Մասաչուսեթսի Պրուքլին քաղաքին մէջ (անգլերէն՝ Brookline)։ Անոր մշտական հաւաքածոն կը ներառէ շուրջ 500 արուեստի ստեղծագործութիւն: Տեղի սահմանափակութեան պատճառով, մէկ դահլիճին մէջ միաժամանակ կը ցուցադրուին 30էն 40 գործեր։ Տեղի կ'ունենան նաեւ արտաքին ցուցահանդէսներ։

Թանգարանը հիմնուած է 1993-ին, երբ հնահաւաք Սքոթ Ուիլսըն իր քանի մը ընկերներուն ցոյց կու տայ հնոտիներու կոյտի մը մէջէն գտնուած նկարներ։ Ընկերները անոր կ'առաջարկեն հաւաքածոյ մը ստեղծել։ Շուտով թանգարանը կը մեծնայ եւ Սքոթի բնակարանէն կը տեղափոխուի Տետհեմի թատրոնի նկուղը։

1995-ին Թանգարանին ստեղծման նպատակը բացատրելով, անոր հիմնադիրներէն մէկը՝ Ճէրի Ռայլի, կ'ըսէ․ «Մինչ աշխարհի բոլոր քաղաքներուն մէջ կը գտնուի արուեստի լաւագոյն ստեղծագործութիւններուն նուիրուած նուազագոյնը մէկ թանգարան, MOBA-ն միակ թանգարանն է նուիրուած՝ տգեղագոյնի հաւաքման ու ցուցադրման»։

Տգեղ արուեստի թանգարանի հաւաքածոյին մէջ ներառուելու համար, ստեղծագործութիւն մը պէտք է իւրայատուկ բնոյթ մը ունենայ եւ ստեղծուած ըլլայ լուրջ մտադրութիւններով (ոչ թէ զաւեշտի կամ պարզապէս թանգարանի ցուցահանդէսներուն մէջ յայտնուելու համար), ինչպէս նաեւ խոցելի թերութիւններ ունենայ եւ ձանձրալի չըլլայ:․․․ Աւելին