Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/03-2021
Արտաքին տեսք
Տպաւորապաշտութիւն (ֆր.՝ Impressionisme< impression - տպաւորութիւն), գեղարուեստի շարժում՝ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկիզբին։ Ծագած է ֆրանսական գեղանկարչութեան մէջ, 1860-ական թուականներու վերջաւորութեան եւ 1870-ական թուականներու սկիզբին, որուն ռահվիրաները եղած են՝ Էտուար Մանէ (Édouard Manet), Էտկար Տեկա (Edgar Degas), Քլոտ Մոնէ (Claude Monet), Քամիլ Փիսսարօ (Camille Pissarro), Ալֆրետ Սիսլէ (Alfred Sisley) եւ Օկիւսթ Ռենուար (Auguste renoir)։
Տպաւորապաշտութիւն Impressionisme սահմանումը սկսած է գործածուիլ 1874-ին, Փարիզի գեղանկարչութեան ցուցահանդէսէն ետք, ուր կը ցուցադրուի Քլոտ Մոնէի «Տպաւորութիւն՝ Ծագող արեւը» («Impression Soleil levant», 1872, Փարիզ) նկարը․․․Աւելին⇒