Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/11-2022

  • Մարտակերտի Վանք գիւղի դպրոցին մէջ տեղի ունեցած է նոյն դպրոցի աշակերտ, Անի Լազարեանի «Նրանք» խորագրով առաջին գիրքին շնորհահանդէսը:
  • Աշխարհի մարմնամարզութեան նորընծայ ախոյեան Արթուր Դաւթեան, որ Լիվըրփուլի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան հանդիսացաւ ախոյեան, Հայաստանի կառավարութենէն 10 միլիոն դրամ պիտի ստանայ, իսկ Դեկտեմբերէն ետք, իւրաքանչիւր ամիս, աւելի քան մէկ միլիոն երեք հարիւր հազար դրամ:
  • Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան համար Արեւմտեան Թեմը հարիւր հազար տոլարով հիմնադրամ կը հաստատէ Անթիլիասի մէջ։
  • Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտարարած է, որ թրքական ապահովական մարմինները ձերբակալած են այն անձը, որ Կիրակի օր (13 Նոյեմբեր 2022) Պոլսոյ Թաքսիմ շրջանի Իսթիքլալ փողոցին մէջ զետեղած է այն ռումբը, որուն պատճառով արձանագրուեցան 6 զոհեր եւ 81 վիրաւորներ: