Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/08

  • 4 Յուլիս 2019-ին Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած է պատրիարքարանի տեղապահի ընտրութիւն որուն արդիւնքով տեղապահ ընտրուած է Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը 13 ձայնի առաւելութեամբ: Միւս թեկնածուն Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը ստացած է 11 ձայն: Պոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ Բ. Մութաֆեան վախճանած էր 8 Մարտ 2019-ին յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
  • 31 Յուլիս 2019-ին, մահացած է Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, բեմադրիչ Երուանդ Ղազանչեան: Ան եղած է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Պէյրութի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին բեմադրիչը:
  • Եօթերորդ Համահայկական Խաղերը տեղի ունեցան Ստեփանակերտի մէջ, Արցախի Հանրապետութիւն, 5-էն 17 Օգոստոս 2019-ին։ Խաղերը կը կազմակերպուին չորս տարին անգամ մը մասնակցութեամբ մեծ թիւով հայազգի մարզիկներու Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն: Առաջին Համահայկական Խաղերը տեղի ունեցած էին 1999 թուականին:
  • Վահագն Տատրեան Ամերիկահայ հանրածանօթ գիտնական, իրաւագէտ, պատմաբան, ընկերաբան, թուաբանագէտ, ընկերաբանութեան տոքթոր, դասախօս մահացաւ Օգոստոսի 2, 2019-ին Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Եղած է Ցեղասպանութեան մասին ակադեմական առաջնատար ուսումնասիրողներէն եւ ճանչցուած որպէս Ողջակիզութեան եւ Ցեղասպանութեան վերլուծող մասնագէտ։ Իբր հանրածանօթ պատմաբան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրեալ, Տատրեանի հիմնական աշխատասիրութիւնները կը վերաբերէին հայոց ցեղասպանության պատմութեանը, համեմատական ցեղասպանագիտութեան հարցերուն, ցեղասպանութեան իրաւական եւ հոգեբանական տեսանկիւններու վերլուծմանը։
  • Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը յայտարարեց հիմնադրումը ՀՄԸՄ Արցախ մասնաճիւղին կազմելով այս համահայկական կազմակերպութեան 111-րդ ճիւղը։ Այս առիթով Օգոստոս 21-ին Ստեփանակերտի մէջ կայացաւ փառատօն ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին։ ՀՄԸՄ-ը ներկայիս կը գործէ 24 երկիրներու մէջ։

։