Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/07-2020

  • 30 Յուլիս 2020, «Ազդակ»-ի 14-րդ առցանց լսարանի զեկուցողն էր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան։ Ան զեկուցեց «Արեւմտահայերէնի աշխատանքները եւ Լիբանանի ռազմավարութիւնը. սկզբունքներ, ծրագիրներ եւ մանկավարժական մօտեցումներ» նիւթին մասին: Դասախօսը հաստատեց՝ այս ծիրին մէջ լեզուի ժառանգական հանգամանքը եւ շեշտեց առցանց թէ ֆիզիքական առումներով լեզուի բնական եւ ինքնաբերաբար գործածութեան համար միջավայրեր ստեղծելու հրամայականը:
  • 29 Յուլիս 2020, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Սերպիոյ Նախկին դեսպանը զգուշացուց ըսելով, թէ Քոսովոյի եկեղեցիները կրնան ենթարկուիլ Ս. Սոֆիայի ճակատագիրին։
  • 29 Յուլիս 2020, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կը հաղորդէ, որ Փիոմպինոյի քաղաքային խորհուրդը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: