Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/02-2023

  • Իրանի Արեւմտեան Ատրպատական նահանգի Խոյ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած 5,9 ուժգնութեամբ երկրաշարժին պատճառով արձանագրուած են 3 զոհեր եւ 816 վիրաւորներ:
  • Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցաւ տղոց հենտպոլի աշխարհի 28-րդ ախոյեանութեան աւարտական մրցումը։ Դանիա հանդիսացաւ հենտպոլի աշխարհի ախոյեանութեան առաջին խումբը, որ յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով կը դառնայ տիտղոսակիր:
  • 2023 տարուան առաջին լուրերէն մէկը լաւ լուր մըն էր, որ 9 Յունուարին գիտնականները զայն յայտարարեցին՝ օզոնի խաւը սկսած է վերակառուցուիլ:
  • Ֆրանսական «Լ’Իսթուար» ամսաթերթը կը հաղորդէ, որ «Իւնիթէ Լայիք» ընկերակցութեան նախագահ Ժան-Փիեռ Սաքուն, պատմաբան Տընի Փասշանսքին, Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոնն ու Միսաք Մանուշեանի կնկան քրոջ թոռնուհին Քաթիա Կիրակոսեանը կը պաշտպանեն Մանուշեանի դագաղը Ֆրանսայի Պանթէոն տեղափոխելու գաղափարը: