Որսկան Խումբ

Որսկան Խումբ, ֆետայիներէ բաղկացած երկու խումբ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հովանին տակ, որոնք Հայ Յեղափոխական շարժման ընթացքին կը փորձէն Սասունի հայերուն օգնութիւն հասցնել։ Սակայն, խումբի փորձարութիւնները կ՚արձանագրէն ողբերգական էջ մը, թուրք եւ Ռուս Հակահայ մեղսակցութեան վերաբերեալ դասերով։

Խումբի Կազմաւորում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ Յեղափոխականներէ բաղկացած Որսկան Խումբը կը բաղկանայ 61 անձերէ Թիֆլիսէն եւ Երեւանէն հաւաքուած Սասունի օգնութեան առաքելութեամբ[1]։ Խումբին մէջ կ՚ըլլայ հասակաւոր քահանայ մը (Տէր Ղազար), բժիշկ մը, վիրաբոյժ մը, եւ Մուսկուայէն ժամանած երկու համալսարական ուսանողներ, եւ տարբեր մտաւորականններ։ Առաջին խումբին հրամանատարն էր Թորգոմը (Թուման Թումեանց), իսկ երկրորդ խումբին հրամանատարն էր Որսորդը (Գէորգ)։ Խումբի կազմաւորումը կը ներկայացնէր ժողովուրդին կամքը յեղափոխութեան հանդէպ եւ ոգեւորուած էին հասնելու Անդրանիկի օգնութեան։

Սահմանի Փախումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

24 Յուլիսին Ռուս-Թրքական սահմանին վրայ եւ 61 հոգինոց «Որսկան» արշաւախումբը Կարսի Օլթիի շրջանին մէջ կը սկսին կոտորուիլ Թուրք եւ իրենց հետ զօրակցող քիւրտերուն կողմէ։ Առիթէն օգտուելով Ռուս սահմանապահեր «գործակցութեան» ձեռք երկարելով կը սկսին անխնայ կոտորածին մասնակցիլ։ Թէեւ առաջին անգամը չէր որ սահմանը կտրող Դաշնակցական Ֆետայիներուն հանդէպ այս յարձակումներուն կը հանդիպէին Թուրք եւ Քիւրտերու կողմէ, սակայն առաջին անգամն էր որ ռուս սահմապահները այդ աստիճանին օգնեցին կոտորածին։

«Որսկան»ի հայդուկները շատ լաւ զինուած էին ու իրենց հետ կը տանէին մեծաքանակ փաշփուշտներ։Իրենք կը հաւատային թէ ամպայման պիտի կրնային անցնիլ սահմանը ու օգնութեան հասցնել Անդրանիկին, որովհետե Թորգոմը յաջողած էր 1903-ին իր «Մրրիկ» խումբով անցնիլ սահմանէն առանց որեւէ կորուստի եւ հասնիլ Սասուն։

Կռիւին ժամանակ երբ թուրք ու ռուս սահմանապահերը կը յարձակին հայ ֆետայիներուն վրայ, անոնք կը վարանին կրակելու ռուսերուն վրայ յուսալով որ այդսահմանապահերը կ՚անդրադառնան իրենց սխալին եւ կը դադրեցնէն թուրքերու եւ քիւրտերու վայրագութիւնը։ Սակայն, որքան ֆետայիները կը կեդրոնանային թուրքերու ուղղութեամբ, ռուս սահմանապահ հրամանատարին՝ Պէքոֆի հրահանգով սահմանապահերը կը շարունակէն իրենց վայրագութիւնները եւ աւելի համարձակ կը դարնան։

Թորգոմ երեք անգամ բանագնաց կը ղրկէ ռուս հրամանատարին քով[2]։ Վերջինը՝ յիսնամեայ Տէր Ղազարն էր որ կ՚երթայ ռուսերու չէզոքութիւն ապահովելու։ Սակայն, բոլոր բանագնացները կը կալանուին ու սպաննուին։ Տէր Ղազար կը սպաննուի ճերմակ դրօշով եւ խաչը ձեռքին։ Երբ գիշեր կ՚ըլլայ, մարտիկները կ՚ըլլան կռիւէն ուժասպառ եւ ճերմակ դրօշը բարձրացնելով կը սկսին յառաջանալ դէպի ռուս սահմանին ուղղութեամբ։ Պէքոֆ կը հրահանգէ որ իր զինուորները անխնայ կրակեն հայ մարտիկներուն վրայ։

Թորգոմ եւ իր հետ 10-12 ընկերներ ռուս կոզակներու կրակին տակ զոհ գացին որովհետեւ չէին ուզէր հաւատալ թէ ռուսն ալ մեղսակից էր թուրքին, իսկ մնացածը որոնք շարունակեցին կռիւը անգութօրէն կոտորուեցան վերջը երբ ռուս եւ թուրք զօրքերը միանալով կը յարձակին հայոց դիրքերուն վրայ։ Արշաւախումբէն մարտիկներ կային որոնք կռիւ մղելով կրցան փախչիլ եւ թուրք-ռուսական պաշարումէն փրկուիլ։ Ինկած Հայ ֆետայիներու դիակներն ալ պղծուեցան Պէքոֆի հրահանգով։

Հետեւանքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քանի մը շաբաթ ետք, Համօ Ջամփոլատեան արձակելով երեք փամփուշտ կ՚ահաբեկէ Ռուս հրամանատար Պէքոֆ։ 1909-ին Ցարական Ռուսաստան աւելի խստօրէն կը սկսի հետապնդել ազգային յեղափոխական գործերուն եւ արեւելահայ ողջ մտաւորականութեան եւ քաղաքական գործիչներու բանտ նետելը։Այս ռուս եւ թուրք գործակցութիւնը կ՚ըլլայ նախադէպ հայոց ժամանակակից պատմութեան դէմ եւ կը սեպուի դաժան պատուհաս հակահայ դրսեւորման։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]