Ոսկանեան Աստուածաշունչ
Ոսկանեան Աստուածաշունչ․ Ոսկան արք. Երեւանցիին ջանքերով հայերէն Աստուծաշունչի առաջին տպագրութիւն, Ամսթերտամ, Հոլանտա։
Տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Ոսկանեան Աստուածաշունչ»ի տպագրութիւնը կը սկսի 1 Մարտ 1666-ին եւ կ՛աւարտի 13 Հոկտեմբեր 1668-ին։ Տպագրական աշխատանքները տեղի կ՛ունենան Ամսթերտամի «Ս. Էջմիածին եւ Ս. Սարգիս զօրավար» տպարանին մէջ։
Աստուածաշունչի բնագիրին խմբագրութեան ընթացքին, Ոսկան Երեւանցին հիմնուած է Դ․ դարու անոր լատիներէն թարգմանութեան՝ Վուլկաթայի (Biblia Vulgata կամ Vulgate)։ Օգտագործած է նաեւ 1295-ի Կիլիկիոյ Հեթում Բ. թագաւորին պատուէրով ընդօրինակուած Աստուածաշունչը:
«Ոսկանեան Աստուածաշունչ»ը բաղկացած է 1462 երկսիւն էջերէ (2924 սիւնակ) եւ 159 պատկերներէ։ Այդ սակաւաթիւ աստուածաշունչերէն է որ իր մէջ փորագրապատկերներ կը պարունակէ։ Տպագրութեան ընթացքին, թարգմանուած եւ աւելցուած են Հին Կտակարանէն քանի մը գիրքեր, որոնք մաս կը կազմեն Աստուածաշունչի հայկական կանոնին։ Ճոխ տպագրութիւն մըն է իր վերջնազարդերով, էջազարդերով։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Մայր Աթոռ Ս․Էջմիածնի գրացուցակ․ «Ոսկանյան Աստվածաշնչի պատկերները»
- ↑ THE ILLUSTRATION SYSTEM OF VOSKAN YEREVANTSI BIBLE «Ոսկանեան Աստուածաշունչի պատկերազարդումը, Անի Ենկոյեան, 2018(անգլերէն)
- ↑ Հայ եկեղեցուոյ Արագածօտնի թեմի դիմատետրի էջ․ Ոսկանեան Աստուածաշունչ, 20-11-2016
- ↑ [file:///C:/Users/work/Downloads/%D4%B1%D4%B6%D4%B1%D5%8F%20%D5%95%D5%90%2020-3-2023.pdf Ազատ Օր, Երկուշաբթի 20 Մարտ 2023, էջ 7 - «11 Մարտ 1666-ին Ոսկան Երեւանցի սկիզբ դրած է հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան»]
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Վուլկաթա(անգլերէն)