Jump to content

Շնչարգելք

Շնչարգելքը (asthma) զանազան պատճառներով յառաջացած եւ պարբերաբար կրկնուող շնչահեղձութիւն (dyspnea) է: Յաճախ անիկա կը կոչուի ծանրաշունչ եւ ազմ:

Շնչարգելքը երկարատեւ եւ անհակակշռելի (irriversible) թոքային հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի շնչահեղձութեամբ եւ շնչասլոցով (wheeze):

Երկու թոքերը կ'ախտահարուին եւ անոնց ցնցուղներուն (bronchi) եւ ցնցղիկներուն (bronchioles) կծկումով կը յառաջանայ շնչարգելքը: Անիկա կը պատահի ընդհանրապէս որեւէ մէկ տարիքի, բայց եւ այնպէս հազուադէպ է մանուկներու մօտ: Անիկա առաւելաբար կը յայտնուի քաղաքներու մէջ ապրող հաւաքականութիւններու մէջ:

Շնչարգելքը համատարած հիւանդութիւն մըն է բոլոր երկիրներու տարածքին։ Տարուէ տարի շնչարգելքէ տառապող հիւանդներուն թիւը կը բազմապատկուի: Ըստ միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւններու ուսումնասիրութիւններուն, ամբողջ աշխարհի բնակչութեան մօտաւորապէս եօթը առ հարիւրը կը տառապի շնչարգելքէ:

Շնչարգելքը ունի հիմնական եւ երկրորդական ախտապատճառներ:

Հիմնական ախտապատճառները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Մարմնական ընդհանուր գերզգայնութիւն (general allergy),
  • Դեղերու եւ սննդանիւթերու գերզգայնութիւն,
  • Ծխախոտի ծուխ (Ծխողը անմիջականօրէն եւ առաւելաբար ինք կը վնասուի ծխախոտի պարունակած թունաւոր նիւթերէն, իսկ իր շուրջը գտնուողները նոյնպէս կը վնասուին, բայց աւելի նուազ տարողութեամբ եւ երկրորդական ձեւով):
  • Զանազան տեսակի թունաւոր կազերու, քիմիական նիւթերու եւ ներկերու ներշնչում,
  • Փոշիով եւ բեղմնափոշիով (pollen) ապականած միջավայրի օդի ներշնչում,
  • Ժառանգական-ծինային հակամէտութիւն (genetic disposition): Այն անձերը, որոնք շնչարգելքի ծինային հակամէտութիւն ունին, դիւրաւ կ'ախտահարուին շնչարգելքով, երբ ենթարկուին վերոյիշեալ ախտապատճառներուն:
  • Ստամոքսա-որկորային յետադարձութիւն (gastro-esophageal reflux): Նշմարուած է, որ այս հիւանդութիւնը ունեցող անհատներուն մեծամասնութիւնը կը տառապի շնչարգելութենէ:

Երկրորդական ախտապատճառները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ֆիզիքական գերյոգնութիւն եւ մարմնամարզ,
  • Խոնաւ եւ պաղ կամ տաք մթնոլորտ, մշուշ,
  • Հոտաւէտ նիւթեր՝ անուշահոտ, օճառ,
  • Զգացական-հոգեբանական խանգարումներ,
  • Դաշտանի եւ յղութեան շրջանին տեղի ունեցող ճնշուածութիւն եւ հոգեկան վերիվայրումներ:

Երկրորդական ախտապատճառները առանձնաբար՝ հիմնական ախտապատճառներու բացակայութեան, չեն կրնար շնչարգելք յառաջացնել: Սակայն անոնք կը զօրակցին հիմնական ախտապատճառներուն կամ կը գրգռեն զանոնք ու կը պատճառեն կանխահաս շնչարգելք:

Շնչարգելքի յատկանշական ախտանշանները հետեւեալներն են.

  • Չոր հազ, որ աւելի զգալի կ'ըլլայ գիշերը եւ քունի ընթացքին,
  • Շնչասլոց ներշնչումի եւ արտաշնչումի ընթացքին,
  • Կարճատեւ ներշնչում եւ արտաշնչում ու արագ շնչառութիւն,
  • Կրծքավանդակի (chest wall) ճնշում-նեղութիւն:

Այս ախտանշանները՝ բոլորը նոյն ձեւով եւ նոյն ուժգնութեամբ չեն պատահիր շնչարգելքէ տառապող անհատներուն: Բազմաթիւ հիւանդներ, որոշ ժամանակաշրջան մը, առանց որեւէ մէկ ախտանշանի կ'ապրին, սակայն յանկարծ որոշ գրգռիչ պատճառով մը կը սկսին մնայուն շնչարգելքի ուժգին ախտանշանները յայտնուիլ: Ուրիշներ ամէնօրեայ ախտանշաններով կ'ապրին, բայց մնայուն տառապանքով: Յաճախ ախտանշանները երեւան կու գան մարմնամարզանքի ընթացքին եւ կամ ժահրային շնչառական պարզ հիւանդութեամբ մը եւ նոյնիսկ պարզ հարբուխի հետ միասին:

Շնչարգելքէ տառապող անհատներուն մեծամասնութիւնը դեղադարմանումներով կ'ապրի եւ կը գործէ գրեթէ բնական պայմաններու մէջ։ Սակայն անակնկալ որոշ գրգռիչ ազդակներու յայտնաբերումով անոնցմէ շատերը կ'ունենան շնչարգելքի ուժգին նոպա-ախտաժամ (asthmatic attack) եւ կը մատնուին ամբողջական անգործութեան: Շնչարգելքի ուժգին նոպայի ախտաբանական պատճառները հետեւեալներն են.

  • անակնկալ եւ արտառոց զօրութեամբ ցնցուղներու կծկում-նեղացում,
  • ցնցուղներու ներքին մակերեսի ջրուռեցք, եւ առատ թանձր խուխի արտադրութիւն:

Վերոնշեալները կը յառաջացնեն ուժգին նոպայական շնչարգելքը իր ախտանշաններով.

  • ներշնչումի եւ արտաշնչումի բարձր շնչասլոց,
  • թանձր խուխով հազ,
  • կրծքավանդակի սուր ճնշումաւոր ցաւ,
  • վիզի մկաններու պրկում,
  • խօսելու դժուարութիւն,
  • առատ քրտինք,
  • անհանդարտութիւն,
  • կապտախտ (cyanosis)՝ կապոյտ շրթունքներ եւ մատներու եղունգներ, եւ մթագնութիւն: Այս ուժգին նոպայական շնչարգելքը երբեմն վատ զարգացումներով, անգիտակցութեամբ եւ մահաքունով (coma), կը վերածուի լուրջ եւ մտահոգիչ կացութեան մը, որ կը կարօտի շտապ բժշկական հիւանդանոցային խնամքի եւ շտապ միջոցառումներու: Այս հանգրուանին հիւանդին կը կիրարկուի թթուածին՝ արուեստական շնչառական սարքերու (artificial respirator) միջոցով:

Շնչարգելքը պէտք է զատորոշուի կարգ մը այլ հիւանդութիւններէ.

Անչափահասներու եւ մանուկներու պարագայ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Քիթի եւ խոռոչային (sinus) գերզգայնութենէ,
  • Օտար մարմիններու թոքային ներշնչումէ,
  • Խռչափողային (larynx) ընդոծին թաղանթէ (congenital web),
  • Խռչափողի աճառային թուլացումէ (laryngomalacia),
  • Շնչափողային (tracheal) եւ ցնցուղներու ուռերէ,
  • Ժահրային ցնցղատապէ (bronchitis):

Չափահասներու պարագայ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Մնայուն ցնցղատապէ,
  • Փքռոյցէ (emphysema),
  • Սիրտի կաթուածէ (myocardial infarction) եւ սիրտի աշխատանքի վատթարացումէ (heart failure),
  • Թոքային խլիրդէ,
  • Ձայնալարային հիւանդութիւններէ:

Յաճախ շնչարգելքին կ'ուղեկցին վարի շնչառական համակարգին մանրէական բորբոքումները, որոնք կը յայտնուին ջերմով, դողով, քրտինքով եւ խուխով հարուստ հազով:

Շնչարգելքին ախտանշանները կը դիւրացնեն անոր ախտաճանաչումը: Բժիշկը կը կատարէ բժշկական մանրակրկիտ ընդհանուր քննութիւն մը, թոքերը կը լսէ ընկալուչով (stethoscope) եւ կը կատարէ թոքերու Ք (K) ճառագայթային նկարահանում:

Շնչարգելքը հիմնական դարմանում չունի: Սակայն անոր ախտանշանները եւ մանաւանդ շնչարգելութիւնը մեղմացնելու միտումով կը գործածուին կարգ մը դեղեր, որոնցմէ կարեւորագոյններն են.

  • Ցնցուղները ընդլայնող դեղեր (bronchodilators), որոնք կը գործածուին ներշնչումով (inhalation),
  • Corticosteroid դեղեր՝ ներերակային կամ բերնի ճամբով,
  • Հակագերզգայնութեան դեղեր,
  • Թթուածինի ներարկում՝ բերնի կամ քիթի ներշնչումով, ինչպէս նաեւ արուեստական շնչառական սարքով,
  • Դիմադրողականութիւնը զօրացնող դեղեր,
  • Հակամանրէական դեղեր՝ բորբոքումի գոյութեան պարագային:

Այս դեղադարմանամիջոցներու կողքին պէտք է հակակշռել շնչարգելքի գրգռիչները:

Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ շնչարգելքէ տառապող տարեցներու եւ մանուկներու խնամքը յաւելեալ ուշադրութեան կը կարօտի:

Շնչարգելքը կանխարգիլելի է մեծ մասամբ, պարզապէս խուսափելով անոր ախտապատճառներէն, որոնց կարեւորագոյնը ծխախոտն է:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 8 Յունիս 2012: