Jump to content

Շիրակ տպարան-հրատարակչատուն

Շիրակ տպարան-հրատարակչատուն, հրատարակչատուն եւ տպարան, Պէյրութ։

Պատմական Ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շիրակ տպարան-հրատարակչատուն հիմնուած է 1952-ին Պէյրութի մէջ Կարապետ Հաննէսեանի կողմէ։ 1956-ին անոր կը միանայ կրտսեր եղբայրը Յովհաննէս Հաննէսեան[1] եւ միասին կը ծաւալեն հրատարակչական լայն աշխատանք, գրական, մշակութային, միութենական պատուէրներու կողքին. Անշուշտ բոլորն ալ հայերէն լեզուով։

Տարիներու ընթացքին Շիրակ անունը հոմանիշ դարձած է Շիրակ Երգարաններու. Մինչեւ 1984 Հաննէսեան եղբայրները աւելի քան — գրպանի երգարաններ[2], 6 հատոր ձայնագրեալ երգարաններ ինչպէս նաեւ դպրոցական երգարաններ կը հրատարակեն։ Հաննէսեան եղբայրներուն ներդրումը առանցքային եղած է հայ երգի տարածման մէջ Սփիւռս աշխարհի։ Երգարաններու կողքին Հաննէսեան եղբայրներ հրատարակած են Հայ լեզուի բառարաններ, Գործնական Բառարան Հայերէն-Ֆրանսերէն,[3] զրուցատրութեան գիրքեր, գրավարժութեան տետրակներ, մանկական հեքիաթներ եւ գրական գործեր ինչպէս Պարոյր Սեւակ, Յովհաննէս Շիրազ, Զապէլ Եսայեան եւ այլն.

Շիրակ գրատան բացումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1971-ին մեծ շուքով բացումը կը կատարուի Շիրակ գրատան։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, 1984-ին Յովհաննէս Հաննէսեան Լոս Անճելըս կը փոխադրուի ուր կը հիմնէ տպարան գրատուն մը, դարձեալ Շիրակ, որուն գործունէութիւնը կը տեւէ մօտաւորապէս երկու տասնամեակ։ 1986-ին Շիրակ զոհ կ’երթայ քաղաքացիական պատերազմին եւ Օգոստոս ամսուն տպարանը հրոյ ճարակ կը դառնայ։

Շիրակ տպարան-հրատարակչատան վերաբացումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1993-ին եօթը տարի ընդմիջումէ ետք Շիրակ տպարան-հրատարակչատուն կը վերսկսի գործել իր նոր կեդրոնատեղիէն՝ Պուրճ Համուտէն։ Տպարանի տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ Կարապետ Հաննէսեանի կրտսեր որդին Վիգէնը, որ թափ կու տայ առեւտրական տպագրութեան բաժնին, իսկ հայր ու որդի կը շարունակեն հրատարակչական աշխատանքը հրատարակելով նոր երգարաններ, գրական գործեր եւ այժմէականացնելով բառարաններու շարքը։

Գրատուն Շիրակ կը շարունակէ գործել իր սկզբնական վայրէն, պատասխանատու ունենալով Կարապետ Հաննէսեանի անդրանիկ որդին՝ Յակոբը։

Շիրակ տպարան-հրատարակչատան հրատարակութիւններէն են․

  • Երազային Հալէպը: Նոր բովանդակութիւն / Անդրանիկ Թորոս Ծառուկեան 1913-1989 - Պէյրութ: Շիրակ տպարան-հրատարակչատուն, 1996
  • Տասնաբանեայ պատուիրաններ, մտածումներ սրամտութիւներ: [Ժողովածու] / Յակոբ Պարոնեանէն 1843-1891, Յարութիւն Ալփիարէն 1864-1919, Լեռ Կամսարէն 1888-1965; Խմբագիր՝ Կարապետ Հաննէսեան.Պէյրութ: Շիրակ տպարան-հրատարակչատուն, 1995
  • Գրականութեան ճամբուն վրայ / Պէպօ Տ. Սիմոնեան; Կազմեց, խմբագրեց եւ առաջաբանը գրեց՝ Ե. Տէր-Խաչատուրեան. Պէյրութ: Շիրակ տպարան-հրատարակչատուն, 2016։
Վաթսունական թուականներու երկրորդ կէսին «Ահեկան» մշակութային հանդէսը կը տպէի հոն։ Քանի մը ընկերներով համեստ դրամագլուխ մը առաջացուցած էինք, կանխիկ բաժնեգինը գանձած եւ «Շիրակ տպարան-հրատարակչատուն »ի պարկեշտ գիներով դիւրութեամբ կրնայինք առաջ տանիլ գործը։ Առաջին տարուան աւարտին, սակայն, ուզեցինք աւելի ամուր հիմերու վրայ դնել պարբերականի նիւթականը։ Ես կը մտածէի հանրածանօթ գրախանութի մը հրատարակութիւնը դարձնել զայն եւ նիւթական պատասխանատուութիւնը վստահիլ անոր, երբ Յովհաննէսը՝ Կարապետ Հաննէսեանին եղբայրը, առաջարկեց եւ Կարօն (Կարապետ) ընդունեց «Ահեկան»ի հրատարակչական հոգը վստահիլ «Շիրակ»ին։ «Շահը եւ վնասը՝ մեզի…» Համաձայնեցանք։ Երկու տարի պարբերականը հրատարակուեցաւ «Շիրակ»ի կողմէ։ Հաննէսեանները շահ չըրին անշուշտ, բայց կը կարծեմ որ մեծ վնաս մըն ալ չունեցան։

Ամբողջ չորս տարի, 1984էն 1988 գործակցեցայ նորէն Կարոյին հետ։ Խորհրդապահ, պարտաճանաչ՝ ան իր աշխատանքը կատարեց ամենայն բծախնդրութեամբ եւ ինծի հետ վարչական ընկերներս ալ գոհ մնացին այս գործակցութենէն։ «Բանբեր Համազգայինի»ի ժողովածուն կը գտնուի մեր գրադարաններուն եւ ակումբներուն մէջ։ Այսօր ալ կարելի է ստուգել՝ ի՚նչ մաքրութեամբ կատարուած է աշխատանքը։

Չեմ ուզեր խօսքս երկարել։ Դեռ պիտի լսէք գլխաւոր բանախօսը, պիտի վայելէք գեղարուեստական յայտագիրը։ Բայց կ՚ուզեմ հաստատել, որ Համազգայինը արժանի է այսօր իր անունին։ Համ-ազգային է ան, չի գոհանար իր անդամները պատուելով, կը մեծարէ նաեւ մարդիկ, որ համազգայնական չեն, բայց ծառայած են հայ մշակոյթին եւ արժանի են գնահատանքի։ Շնորհակալութի՛ւն, Շրջանային վարչութիւն, վարձքդ՝ կատար, Կարապետ։ Գրիգոր Շահինեան


Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահ՝ Վարդգէս Համազասպեանի վերջին ելոյթը Շիրակ գրատան բացման առիթով
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1512 թուականին երբ տպագրուեց «Պարզատոմար»ը, ոչ մէկը չէր կարող մտածել թէ յետագայում հայ հրատարակութիւնները կարող են այնպիսի ծաւալ ստանալ՝ որ միլիոնների հասնի, միլիոնաւոր տպաքանակով հայ գիրը եւ գրականութիւնը տարածուի, եւ այդ մեր գրի-գրականութեան մեծապէս նպաստում է այս հիանալի հաստատութիւնը, որի ամենամեծ ծառայութիւնը եւս կ՚ասէի, առաջին հերթին, հայ երգին մասսայականացումն է։

Ինձ թւում էր թէ, միակ օրը պէտք էր լիներ, որ խօսք չպէտք էի ասել ես, եւ որեւէ տեղ ելոյթ չպէտք է ունենայի։ Բայց բանից պարզուեց որ այսօր էլ իմ սրտի խօսքը պիտի ասեմ։

Ես շատ ուրախ եմ որ իմ վերադարձը այսպիսի հիանալի ձեռնարկով է փակւում ու բացւում է մի հիանալի հաստատութիւն, մի հրատարակչատուն՝ որը հոյակապ գործ է կատարում ոչ միայն ես կ՚ասէի լիբանանահայութեան համար, այլեւ սփիւռքին համար։
- Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահ՝ Վարդգէս Համազասպեան


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]