Յովհաննէս Հաննէսեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Յովհաննէս Հաննէսեան | |
---|---|
Ծնած է | 1928 |
Ծննդավայր | Լիբանան |
Մահացած է | 13 Յունիս 2013 |
Քաղաքացիութիւն | Լիբանան եւ ԱՄՆ |
Ազգութիւն | Հայ |
Կարողութիւն | Հայ ժողովրդական երգերու խմբագրութիւն եւ հրատարակութիւն |
Մասնագիտութիւն | Պէյրութի Սահակեան Բարձրագոյն վարժարան |
Աշխատավայր | հրապարակագիր, խմբագիր, եւ դաստիարակ |
Ամուսին | Սօսի Գեւոնեան-Հաննէսեան |
Երեխաներ | Շահէ եւ Հրաչ |
Յովհաննէս Հաննէսեան Կրթական վաստակաւոր մշակ եւ մշակութային գործիչ: Ան եւ իր գրասէր, տպագրիչ եղբայրը՝ Կարապետ Հաննէսեան, դարբինները կը հանդիսանան Մեծ Եղեռնէն փրկուած եւ Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներու մէջ կայք հաստատած թրքախօս զանգուածներու մօտ հայ երաժշտութեան, հայկական ժողովրդական երգերու տարածման փրկարար աշխատանքին։ Հայ ժողովրդական երգերու խմբագրութիւնը, հրատարակութիւնը, տարածումը Սփիւռքի մէջ, կը պարտինք Հաննէսեան եղբայրներու «Շիրակ» երգարաններուն։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յովհաննէս Հաննէսեան կը պատկանի երախտաւորներու այդ փաղանգին, որ Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ ճողոպրած համեստ ընտանիքի զաւակ, ան իր ուսումը կը ստանայ Պէյրութի Սահակեան Բարձրագոյն վարժարանին մէջ։ Ուսումնատենչ այս պատանին, կը յաջողի ընդունուիլ, Պէյրութի Ազգային Ճեմարանը, ուր ազգային մեր տիտաններու՝ Լեւոն Շանթի, Աղբալեանի հայաբաբախ շունչին տակ կը դարբնուի ան։ Կը հմտանայ արեւմտահայ լեզուի նրբութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան հիմնական գիտելիքներուն։ Հայեցի դաստիարակութեամբ եւ գիտութեամբ զինուած, կը նետուի կեանքի ասպարէզ։ Չորս տարի ուսուցիչ է Պէյրութի Սահակեան վարժարանին մէջ։ Ապա պաշտօնեայ՝ Պէյրութի Federal Bank֊ին մէջ՝ վեց տարի։
«Շիրակ» հաստատութեան հիմնադրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ գրականութեան, հայ դպրութեան հանդէպ իր տածած խանդավառութիւնը, իր «պանքայ»֊ի մէջ սորված հաշուապահութիւն, գործարարութեան գաղտնիքները եւ իր նոյնքան մշակութասէր, տպագրիչ եղբօր՝ Կարապետ Հաննէսեանի մասնագիտութիւնը իբրեւ հիմ գործածելով, եղբայրները 1952ին հիմը կը դնեն «Շիրակ» հաստատութեան՝ գրատուն, հրատարակչատուն, տպարան, որ կոչուած էր այնուհետեւ, դառնալու սփիւռքահայ մեր ազգապահպանման հզօր գործօններէն մէկը։ «Շիրակ» երգարանները, պարզ թէ ձայնագրեալը, կը կատարեն եզակի եւ ճակատագրական դեր։ Նորանոր երգիչներ քաջալերուեցան եւ դարձան հռչակաւոր՝ շնորհիւ «Շիրակ»ի երգարաններուն եւ անոնցմով հայ երգը, հայ տոհմիկ թէ աշուղական երաժշտութիւնը ժողովրդական դարձաւ․․․։
«Շիրակ»ի երգարանները մուտք գործած են ամէն հայախօս, հայաբաբախ օճախներէն ներս, քիչ մը ամէն տեղ․․․։ «Շիրակ» հրատարակչատունէն լոյս տեսած են մեր գրականութեան դասական եւ ժամանակակից բազմաթի՛ւ հեղինակներ, ինչպիսիք՝ Գրիգոր Զօհրապ, Անդրանիկ Ծառուկեան, Յակոբ Պարոնեան, Յովհաննէս Շիրազ, Եղիշէ Չարենց, Լեւոն Վարդան, եւայլն։ :[1] Sոքթ․ Գէորգ Քէշիշեան |
Կրթական մշակ, հիմնադիր եւ հոգաբարձու
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պէյրութի Սահակեան Բարձրագոյն վարժարանի մէջ, չորս տարիներ պաշտօնավարելէ ետք, ան, մաս կազմած է այդ հաստատութեան հոգաբարձական մարմնին։ Ան եղած է նաեւ հիմնադիր անդամներէն մէկը, Յարութիւն Կուժունիի եւ այլոց հետ Հայկական Կրթական Բարեսիրական միութեան, որը յաջողեցան Պէյրութի մէջ, թիթեղաշէն Սահակեան Վարժարանը փոխարինել քարաշէն պատկառելի համալիրով մը։
Մամուլի աշխատակից, խմբագիր եւ հրատարակութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ան աշխատակցած է հայ մամուլին։ Որպէս ներհուն հրապարակագիր ան, Լոս Անճելըսի մէջ ստանձնեց մէկ տարիով «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը կամաւորապէս։ Այդ ժամանակաշրջանին իր խմբագրականները իրենց շօշափած ազգային պարունակով, հետագային նիւթերը դարձան իր հրատարակած «Գաղթը Վէրքով ու Երգով» երկին, որ լոյս տեսաւ 1988֊ին։ 217 էջնոց այս հատորը ամերիկահայ մեր կեանքին պատկերալից, իրապաշտ պատմութիւնն է․․․ ձեւով մը, նոր օրերու Շահան Շահնուրի հեղինական «Նահանջը Առանց Երգի» պարունակով․․․ «Գաղթը Վէրքով ու Երգով» գործը աւելի քան հարիւր դրուատալից գրախօսականներու արժանացած է Սփիւռքի թէ Հայաստանի ականաւոր գրիչերու կողմէ։ Հեղինակած է բազմատասնեակ գրքոյկներ հայ լեզուի ուսուցման մարզէն ներս։
«Վերնատուն»ը՝ «Շիրակ» հրատարակչատուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Որպէս Ճշմարիտ մտաւորական, ան «Շիրակ» հրատարակչատան համեստ գրասենեակը 50-ական, 60-ական, 70-ական թուականներուն դարձուցած էր Պէյրութի հայ մտաւորականներու, գործիչներու համազգային ժամադրավայրը։
Հոն էին դաշնակցականը, հնչակեանը, ռամկավարը, «չէզոք»֊ը, առաքելականն ու կաթողիկէն։ «Շիրակ»֊ի մէջ կը ծեծուէին օրուան հրատապ հարցերը, կը քննուէին լոյս տեսած ստեղծագործութիւնները․․․։ Յովհաննէս Թումանեանի, Աւետիք Իսահակեանի Թիֆլիսի մէջ հաստատած եւ նշանաւոր դարձած՝ «Վերնատունը» կարծէք փոխադրուած ըլլար «Շիրակ» հրատարակչատուն։ [2]։ - Sոքթ․ Գէորգ Քէշիշեան
|
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Յիշելով Յովհաննէս Հաննէսեանը», ՏՕՔԹ․ ԳԵՒՈՐԳ Պ․ ՔԵՇԻՇԵԱՆ, Արեւելք կայքէջ, 25-6-2021
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs namedահա
- ↑ Մշակոյթի Սպասարկու՝ Յովհաննէս Հաննէսեան