Շամփայն
Շամփայն[1], աշխարհի ամէնէն նշանաւոր խաղողի փրփրուն գինին: Անիկա կը վաճառուի «Champagne AOC» տեղանուան պաշտպանութեան ներքոյ եւ կ'արտադրուի Ֆրանսայի Շամփայն շրջանին մէջ՝ աւանդական շամփայնի ձեւով։
Պատրաստութեան Ձեւը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Համափակ անօթներու մէջ, խմորման միջոցով գինին կը պատրաստուի ածխաթթու կազով։ Կը մշակուի խաղողի յատուկ տեսակներէ։ Երկրորդային խմորմամբ ածխաթթու կազով յագեցման գործողութիւնը կը կոչուի շամփայնացում, որ կը կատարուի շիշերու մէջ (դասական եղանակ, երբ շամփայնացումը կը կատարուի 0․8 լիթր տարողութեամբ համափակ շիշերու մէջ, եւ կը հիննայ երեք տարուան ընթացքին) կամ պահամաններու մէջ (ընդհատումով եւ անընդհատ)[2]։
Պատմութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խմիչքը շամփայն կը կոչուի Ֆրանսայի Շամփայն նահանգին հետեւողութեամբ։
Շամփայնի շրջանի գինիները նշանաւոր էին միջնադարեան ժամանակներէն: Հռոմէացիները առաջիններն էին, որոնք խաղողի այգիներ տնկած են Ֆրանսայի հիւսիս-արեւելեան այս տարածքին մէջ:
Սակայն, մշակումը ի սկզբանէ դանդաղ կ'ընթանար Տոմիթիանոս կայսեր հրամանին պատճառով, ըստ որուն, բոլոր գաղութներուն որթատունկերը արմատախիլ կ'ըլլան: Երբ այգեպանի որդի Փրոպուս կայսրը կը բեկանէ այդ հրամանը, Պախոսի տաճարը կը կառուցուի, եւ տարածաշրջանը կը սկսի արտադրել թեթեւ, մրգային, կարմիր գինի, որ կը հակադրուէր աւելի ծանր իտալական եփուկներուն, որոնք յաճախ հարուստ էին խէժով եւ խոտաբոյսերով։
Ֆրանսայի մէջ պատահաբար ստեղծուած է առաջին փրփրացող շամփայնը, որ յառաջացած է շիշին ճնշումէն եւ խցաններուն պայթումէն, անոր համար ալ զայն կոչած են «սատանայի գինի» (le vin du diable)[3]: Միջնադարեան գինեգործները գինիին «փրփրուն ըլլալը» մեծ թերութիւն կը համարէին եւ կը փորձէին այդ հարցին լուծում գտնել։ Նկուղին մէջ գինիի շիշերէն մէկուն «ժայթքումը» յաճախ պատճառ կը դառնար, որ գինեգործները կորսնցնէին իրենց գինիի պաշարին մինչեւ 20%-ը։
Շամփայնի շրջանի գինիին փրփրուն ըլլալը առաջին գնահատողները կ'ըլլան անգլիացիները, որոնք Խցանը շիշին մէջ պահելու համար, կը ստեղծեն յատուկ մետաղալարէ պահունակ մը՝ «միւզլէն»։ Անոնք գիտական ձեւով կը սկսին բացատրել «սատանայի գինի»ին բնոյթը։
Դեկտեմբեր 1662-ին անգլիացի բժիշկ Քրիստոֆըր Մերրեթ Լոնտոնի թագաւորական ընկերութեան առջեւ հանդէս կու գայ գինիի փրփրուն յատկութիւններուն մասին զեկոյցով մը։ «Գինիի խաղը» ան կը բացատրէ շաքարի առկայութեամբ եւ կը պնդէ, որ որեւէ մէկ գինի կը փրփրի, եթէ անոր մէջ շուտ շաքար աւելնայ։
ԺԸ. դարուն Շամփայն շրջանը թոներով փրփրուն գինի կ'արտահանէ անգլիացի պատուիրատուներուն։
ԺԸ. դարու կէսերուն փրփրուն գինին Շամփայն շրջանին մէջ կը գերազանցէ աւանդական գինին։
1870-ական թուականներուն, եւրոպական այլ երկիրներու գինեգործները, Շամփայնի մէջ վերապատրաստման աշխատանոցներու հետեւելով, կը փորձեն իրենց հայրենիքին մէջ հիմնել փրփրուն գինիի արտադրութիւն։
ԺԹ. դարուն, Մեծն Բրիտանիոյ մէջ վերջապէս հիմը կը դրուի բարձրորակ փրփրուն գինիներու արտադրութեան, որ դարեր շարունակ կը մնայ գինի սպառողներուն գլխաւորը։ Հետագային Անգլիոյ հարաւը կը սկսին գինի արտադրել։
Տեսակները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ընդհանրապէս «Pinot noir», «Pinot meunier» եւ «Chardonnay» խաղողները կ'օգտագործուին շամփայն արտադրելու համար, բայց փոքր քանակութեամբ «Pinot blanc», «Pinot gris» «Arbane» եւ «Petit Meslier» տեսակները եւս նոյն նպատակին կը ծառայեն:
Ըստ շաքարի պարունակութեան կը տարբերին «բրիւտ» (մինչեւ 0, 3%), ամէնէն անապակ (0, 8%), անապակ (3%), կիսաանապակ (5%), կիսաքաղցր (8%) եւ քաղցր (10%) տեսակները։
Իսկական Ֆրանսական շամփայնի մէկ շիշին մէջ շուրջ 49 միլիոն պղպջակ կայ։
Ծանօթագրութիւններ:
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Simpson, James (2011-10-16), Champagne, Princeton University Press, http://dx.doi.org/10.23943/princeton/9780691136035.003.0006, վերցված է 2022-04-27
- ↑ Շամփայնի պատրաստութեան ձեւը
- ↑ Շամփայն