Նպարավաճառանոցի գործաւորը
Նպարավաճառանոցի գործաւորը (ճափ.՝ コンビニ人間, անգլերէն՝ Convenience Store Woman) վէպը գրած է Ճափոնացի վիպագիր Սայաքա Մուրաթա 2016-ին։
Գիրքին նիւթը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նպարավաճառանոցին մէջ, գործաւոր Հէինքօ Ֆուրուքուրա ինքզինք ուրախ եւ գոհ գտնելով՝ ան տարիներ շարունակ հոն կ'աշխատի ժամավճարով: 36 տարեկան ամուրի Հէիքօ միշտ զինք շրջապատող անձերէն տարբեր կին մը եղած է: Ոչ սիրահար ունեցած է, ոչ ալ զաւակ: Եւ այս տարիքին հասնելով չէ կրցած մշտական աշխատանքային պայմանագիր մը ստորագրել:
Մտահոգ ընտանիքին եւ ընկերներուն ճնշումը, հետզհետէ անոր նեղութիւն կը պատճառէ, որուն հետեւանքով Հէիքօ կը փորձէ այս վիճակէն դուրս ելլել:
Սայաքա Մուրաթայի այս կարճ վէպին մէջ ընթերցողը կը վկայէ երկու զուգահեռ ապրելակերպ՝ մէկը անձին ինքնագոհ ըլլալը իր կեանքի որոշումներով, երկրորդը՝ հասարակութեան մտածելակերպը իտէալ կեանքին մասին, եւ անհատին գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար պարտադրանքը անոր յարմարելու:
Վէպը ճափոներէնէ արեւելահայերէնի թարգմանած է Աստղիկ Հովհաննիսյան 2020-ին «Կոնբինիի մարդը» անունով[1]։
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Սայակա Մուրատա | Նամակ հայ ընթերցողին | Գրանիշ» (en-US)։ արտագրուած է՝ 2023-03-17