Jump to content

Նոր Ջուղայի Լրաբեր

Նոր Ջուղայի Լրաբեր
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1904

«Նոր Ջուղայի լրաբեր», ամսաթերթ, Նոր Ջուղայի ազգային հոգաբարձութեան պաշտօնաթերթ։

Լոյս տեսած է 1904-1908 թուականներուն Նոր Ջուղայի[1] մէջ։ Խմբագիրը եղած է Բագրատ եպս. Վարդազարեանը։ Ամսաթերթը տպագրած է հոգաբարձութեան եւ առաջնորդարանի կարգադրութիւնները, տեղեկագրերն ու հաշուէտւութիւնները, լուսաբանած ազգային, կրթական եւ բարեգործական հաստատութիւններու գործունէութիւնը։ Ծանօթացուցած է Պարսկաստանի եւ Հնդկաստանի հայկական գաղթավայրերու իրադարձութիւններուն, տպագրած պարսկահայ գրողներու ստեղծագործութիւններ, նմուշներ համաշխարհային գրականութենէն։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Նոր Ջուղայի լրաբեր»

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]