Jump to content

Նոր Ուսանող

«Նոր Ուսանող», հասարակական-քաղաքական, գրական-գեղարուեստական պատկերազարդ հանդէս։ Համարուած է խորհրդայնացումէն ի վեր առաջին ուսանողական պարբերականը Հայաստանի մէջ։ Հանդիսացած է Հայաստանի պետական համալսարանի ուսանողական խորհուրդի օրկանը։ Լոյս տեսած 1924 թուականին, Երեւանի մէջ։ Խմբագիր՝ Նայիրի Զարեան։ Լուսաբանածէ բուհի առօրեան, բարձրագոյն կրթութեան զարգացման հեռանկարները հանրապետութեան մէջ։ Նիւթեր տպագրած է Վլատիմիր Լենինի կեանքի ու գործունէութեան վերաբերեալ։ Թղթակցած են Հ․ Ազատեանը, Ա․ Մռաւեանը, Ա․ Յովհաննիսեանը, Ա․ Լուկաշինը, Վ․ Արծրունին եւ ուրիշներ։ Տպագրած է Գուրգէն Մահարիի, Արաքսի, Գ․ Վանանդեցիի ստեղծագործութիւններուց։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։